Ունեցիր Սեփական Այգիդ Արցախի Մէջ Ծրագիրը Կը Շարունակուի

ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

Արդէն քանի մը տարի Արցախի մէջ կը գործէ այգիներու հիմնադրման ծրագիրը: Ծրագիրը առաջին անգամ ներկայացուած է 2011 թուականին, իսկ առաջին այգին  սկսած է գործել 2013 թուականին: Ծրագիրի զարգացման գործընթացը շատ կարեւոր է ամբողջ հայութեան համար, քանի որ անմիջական կապ կը ստեղծէ ամբողջ հայութեան միջեւ՝ իրենց հայրենի հողին վրայ: Բոլորին հնարաւորութիւն կը տրուի` շատ մատչելի պայմաններով հայրենիքի մէջ այգի ունենալու:

«Զարթօնք»-ի զրուցակիցն է Արցախի այգիներու հիմնադրման տնօրէն Սերգէյ Ղարայեանը: Հարցազրոյցը կը վերաբերի ծրագիրին անցած ընթացքին եւ տուած արդիւնքին:

«Զ..» – Առաջին անգամ ե՞րբ ներկայացուած է այս գաղափարը:

«Ս. Ղ.» – Ծրագիրը առաջին անգամ ներկայացուցած եմ 2011 թուականին, իսկ առաջին այգին  2013 թուականին արդէն սկսած է գործել: Սկզբնական կաղնիի պարագան ցոյց տուաւ, որ մարդիկ չեն կրնար այդքան սպասել մինչեւ կաղնիի ծառին բերք տալը: Այսօր աւելի շատ կեդրոնացած ենք այն պտուղներուն վրայ, որոնք աւելի արագ բերք կու տան, քանի որ փորձը ցոյց կու տայ, որ մարդիկ այդքան համբերութիւն չունին սպասելու ուշահաս պտուղներուն: Անոնց մէջ կը մտնեն` նուռը, թուզը, սալորը եւ այլ պտուղներ: Օրինակ, նուռը չորրորդ տարիէն արդէն լիարժէք բերք կու տայ:

Հիմնական խնդիրներէն մէկը այն է, որ նոր այգիները Ակնայի  (Աղտամ ) տարածքին մէջ են: Մարդիկ կան, որ սկիզբէն պատրաստ չէին այնտեղ ծրագիր ընելու, աւելի շատ կ’ուզէին Ստեփանակերտին մօտ ըլլալ, բայց Ստեփանակերտի մօտ իր վտանգը ունի, այսինքն կան անջրդի տարածքներ, շատ թանկարժէք են եւ նաեւ կարկտահարութեան գօտի է:

 

«Զ..» – Ի՞նչ է այս ծրագիրին գաղափարը եւ այսօր ի՞նչ փուլի վրայ կը գտնուի անիկա։

«Ս. Ղ.» – Ծրագիրը իր տեսակով իւրայատուկ է: Սկզբնական գաղափարը այն է, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ուզեն Արցախի մէջ այգի ունենալ: Ծրագիրին զարգացումը շատ կարեւոր է հայութեան համար: Ծրագիրը կը սկսի 1000 մ2  տարածութեամբ: Սակայն, հաշուի առնելով, որ այս ծրագիրը եկամուտ ստանալու համար է, աւելի յարմար է շատ աւելի մեծ այգիներ ունենալ, որոնք կախուած են պատուիրատուի ցանկութենէն: Եթէ պատուիրատուն ուզէ այգի ունենալ, պէտք է ընէ հետեւեալը` ուղղարկէ իր փասթաթուղթերը եւ լիազօրագիր, վճարէ սկզբնական $50, իսկ յետագային ամէն ամիս վճարէ $20, որուն մէջ կը մտնեն բոլոր ծախսերը`սկսեալ տարածքի վարձակալութենէն մինչեւ որոգում եւ տնկիներ : Ես կ’աշխատիմ այդ գումարին մէջ տեղաւորել ամբողջ ծախսերը: Վճարումը կը  սահմանափակուի  36 ամիսներու ընթացքին, որմէ ետք, պատուիրատուն ինքը կ’որոշէ, թէ որուն պիտի յանձնարարէ Այգիին յետագայ խնամքը, քանի որ բերքատու այգիներուն պայմանները տարբեր են: Պէտք է հաշուի առնել նաեւ այն հանգամանքը, որ պատուիրատուն իրաւունք ունի նաեւ ընթացքին հրաժարելու մեր ծառայութենէն  եւ համարէ, որ մեր աշխատաոճը վնասակար է այգիին համար:

«Զ..» – Իսկ գումարային փոխանցումները ինչպէ՞ս կ’իրականցուին:

«Ս. Ղ.» – Բնականաբար յարմար չէ ամէն ամիս դրամատուն երթալ եւ գումարը ղրկել կամ ստանալ այս փոխանցումները, ուստի պատուիրատուին հետ քանի մը ամսուան ընթացքին կ’ընտրենք  յարմար ամիս մը եւ կը կարգաւորենք փոխանցումները: Մարդ կայ երեք ամիսը մէկ կը փոխանցէ, մարդ ալ կայ՝ հինգ: Վեցերորդ ամիսէն աւելի դեռ չէ անցած:

«Զ..» – Քանի՞ այգետէր կը մասնակցի ծրագիրին:

«Ս. Ղ.» – Այսօր՝ անոնց թիւը կը հասնի 14-ի, իսկ տարածքները տարբեր չափ ունին`1000 մ2  սկսած եւ աւելի: Այս ծրագիրը ինձմով չի սահմանափակուիր: Այս գաղափարով կրնան առաջնորդուիլ նաեւ այլ մարդիկ, նոյնիսկ կարեւոր չէ թէ այդ  այգեգործութիւն է ատիկա, թէ՝ ոչ:  Օրինակ, եթէ մարդիկ չեն կրնար երկար սպասել,  կրնան մշակաբոյսով զբաղիլ, այսինքն բանջարեղէն աճեցնել եւ մէկ տարի յետոյ շահոյթ ստանալ:

«Զ..» – Այստեղ ի՞նչ վտանգ (risk factors) կրնայ ըլլալ:

«Ս. Ղ.» – Այս ծրագրի մեքանիզմը, որ մշակած ենք, ճիշդ է որ շատ գեղեցիկ է, հետաքրքրական, գաղափարը՝ լաւ, բայց իրականացնելու համար պէտք է ճիշդ կազմակերպել: Ծրագիրը որքան ալ հետաքրքրական ըլլայ՝ պէտք է հաշուի առնել երկու բան, եթէ, օրինակ, դուք սկսած էք ծրագիրը եւ ես կէս ճանապարհէն կ’ըսեմ, որ չեմ ուզեր շարունակել, այդ պարագային դուք, որպէս ներդրող պիտի շարունակէք ունենալ ձեր անունով տարածք, այսինքն, դուք տակաւին այգիի տէրն էք, ճիշդ է, այդ պարագային խնդիր պիտի ըլլայ այգին մշակող գտնելը: Միւս պարագային, եթէ պատուիրատուն կը հրաժարի՝ կը նշանակէ «ես ինկայ կրակի մէջ», եւ այս ամբողջին վնասը կը մնայ վրաս: Եթէ քանի մը ամիս վճարելէ յետոյ այգետէրը հրաժարի, այդ պարագային ես պէտք է իմ ծախսերով այգին դարձնեմ բերքատու:

Ի միջի այլոց այգիները իրար միացուած են, բայց պայմանագիրին մէջ նշուած է, որ ոչ մէկը կրնայ խանգարել ուրիշի այգին: Այգիները ցանկապատ չունին, սահմանները կ’որոշենք քարտէզով, որովհետեւ եթէ բոլորին համար ցանկապատ ընենք, չենք կրնար աշխատիլ:

«Զ..» – Շնորհակալութիւն Պրն. Ղարայեան եւ յաջողութիւն ձեզի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *