Հայաստան-Սփիւռք Համահայակական 6-րդ Համաժողովին Ընդառաջ. Զրոյց ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հետ

Հայաստան-Սփիւռք Համահայակական 6-րդ Համաժողովին ընդառաջ կարելի չէր չհանդիպիլ եւ չզրուցել Համայակական այս համաժողովներուն ոգին եւ շունչը հանդիսացող՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր վսեմափայլ նախարարէն լսելու 6-րդ Համաժողովի առանձնայատկութիւններուն մասին: Հակառակ իր սգակիր վիճակին ու սուղ ժամանակին Սփիւռքի սրտբաց ու սրտամօտիկ նախարարը իրեն յատուկ անմիջական ոճով խօսեցաւ այս համահայկական մեծ իրագործումին մասին:

«Զ».- Յարգելի Նախարար, որո՞նք հրաւիրուած են այս Համաժողովին:

«Հրանուշ Յակոբեան». – Դեռ 2014-ին Սփիւռք-Հայրենիք 5-րդ համաժողովի աւարտին որոշում կայացուեցաւ 2017-ի նոյն օրերուն գումարել Հայրենիք-Սփիւռք 6-րդ համաժողովը: Եթէ դիտարկելու ըլլանք զարգացման ընթացքը, կրնամ ըսել, որ եթէ 2011-ին մօտաւորապէս 500 կառոյցներ եւ ղեկավարներ կը մասնակցէին,  2014-ին մօտաւորապէս 800,  այսօր՝ 1300 կառուցներ արդէն արձանագրուած են: Մենք կը կարծենք, որ համաժողովին՝ միայն սփիւռքէն՝ այս տարի պիտի մասնակցին շուրջ 1500 հայրենակիցներ: Այստեղ գլխաւորը այն է, որ ոչ թէ ով կ’ուզէ ան կ’արձանագրուի, այլ՝ մենք կը հրաւիրենք կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու այն ղեկավարները, որոնք տարիներ շարունակ աշխատանք տարած են Սփիւռքի մէջ, կապի մէջ եղած են Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ գործակցութեան որոշ կառուցակարգեր մշակուած են եւ կը շարունակենք անոնց հետ մեր աշխատանքը:

«Զ».- Յարգելի Նախարար, Ձեր կարծիքով ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Հայաստան-Սփիւռք Համահայակական 6-րդ Համաժողովի առանձնայատկութիւնը:

«Հրանուշ Յակոբեան». – Կարեւոր առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս համաժողովը կը գումարուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, մայիսեան հերոսամարտերու 100 եւ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակներու նախաշեմին: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս կարեւոր յոբելեանները ինքնին իրենց մէջ մեծ ուժ ունին համախմբելու հայ ժողովորդը, որովհետեւ ի վերջոյ մեր Սփիւռքը, կ’երեւի թէ, աշխարհի մէջ ամենատարածուած Սփիւռքն է, մենք 120-էն աւելի երկիրներու մէջ կ’ապրինք եւ բնականաբար նման յոբելեանները մեծ աշխուժութեամբ կը տօնուին նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Պատահական չէ, որ համաժողովի օրերուն մենք երկու կլոր սեղան պիտի կազմակերպենք նուիրուած այս երկու յոբելեանները ներկայացնելու Սփիւռքի մեր ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պիտի խօսինք Համահայկական Խորհուրդ մը ստեղծելու մասին:

«Զ».- Ի՞նչ ունիք ըսելիք նման իւրաքանչիւր միջոցառումի ընդառաջ հրապարակ իջնող վայբերաններուն:

«Հրանուշ Յակոբեան». – Ես կ’ուզեմ մեր ընդդիմախօսներուն ըսել, որ աշխարհի մէջ քաղաքակրթութիւնը, որեւէ ուրիշ ձեւ չէ ստեղծած տարբեր ձեւով հաւաքուելու, եւ մեծաթիւ համագումարներ գումարելու. եւ պէտք է ըսել որ որեւէ համագումար, համաժողով, ուր 500, 800, 1000 կամ աւելի մարդ կը հաւաքուին, այնտեղ յստակ հարցեր չեն լուծուիր, այլ իմի կը բերուին նախորդ տարիներու կատարուած աշխատանքները եւ կը մշակուին կամ կ’առաջադրուին  տեսլականներ, գաղափարներ, ծրագիրներ, մօտեցումներ, նոյնիսկ երազներ: Այս է ամենամեծ համահայկական հարթակը, ուր պէտք է հայ ժողովուրդի մտաւոր ներուժը, ազգային աշխոյժ ներկայացուցիչները, ազգայինները հաւաքուին եւ իրենց  տեսակէտները արտայայտեն: Ասիկա տեսակէտներու բախման, տեսակէտներու  ճշգրտման վայր մըն է եւ մարդիկ կը հաւաքուին, որպէսզի խօսին, ինչպէս որ խորհրդարանը խօսարան է, այնպէս ալ նման համաժողովները խօսարաններ են`այստեղ պէտք է խօսին: Ես շատ ուրախ եմ, որ նախորդ համաժողովներուն արձագանգը, արդիւնքները այնքան տպաւորիչ եւ ընդունելի եղած են սփիւռքեան համայքներու կողմէ, որ հետզհետէ ո՛չ թէ թիւը կը պակսի, այլ՝ կ’աւելնայ:

«Զ».- Ի՞նչպիսի պայմաններով դուք պիտի կարողանաք իրապէս մեծաթիւ այս համաժողովը կազմակերպելու:

«Հրանուշ Յակոբեան». Մենք, այսօր, իրօք խնդիր ունինք, որովհետեւ ցանկացողներուն թիւը մեծ է, իսկ համաժողովային դահլիճներու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են եւ մենք այսօր կը մտածենք, որ Հայաստանէն սահմանափակ թիւով մարդոց կարենանք հրաւիրել, որովհետեւ ասիկա աւելի կը դժուարացնէ, իսկ այս մեծաթիւ ներհաներու փաստը կը խօսի աւելի շատ վստահութեան մասին, ասիկա կը խօսի մեր համաժողովին հանդէպ հետքրքրութեան մասին: Համաժողովը նաեւ հարթակ է, ուր մարդիկ կու գան, կը հանդիպին, կը ծանօթանան, կապեր կը հաստատեն եւ ցրուածութիւնը, փաստօրէն, ցանցի միջոցով կը մօտեցնէ եւ կը դարձնէ աւելի միասնական, աւելի կազմակերպուած: Ասիկա ունի քաղաքական մեծ լիցք`հայերը կը համախմբուին, հայերը կը հաւաքուին հայրենքի մէջ, անիկա ունի բարոյական մեծ արժէք, որովհետեւ ազգի տարբեր հատուածներ` Հայաստան Արցախ Սփիւռք կը համախմբուին եւ իրօք անոր համազգային բնոյթը այստեղ շատ մեծ դերակատարութիւն ունի: Անիկա նաեւ պատմական է, որովհետեւ ի վերջոյ 1999 թուականէն հիմնադրուած է այս կառուցակարգը, եւ ինչու մենք չշարունակենք եւ չփորձենք զարգացնել՝ աւելի եւս զարգացնելով զայն:

«Զ».- Ի՞նչպէս կ՛արժեւորէք այս տարուայ Համագումարը: 

«Հրանուշ Յակոբեան». Մեր 6-րդ համաժողովի կարեւոր արժէքներէն մէկը նաեւ այն է, որ դուրս եկած է Սփիւռքի նախարարութեան շրջանակներէն քանի, որ Սփիւռքը դարձած է յաւերժ ներկայութիւն Հայաստանի մէջ, քանի որ Սփիւռքի հետ աշխատանքները դարձած են  գրեթէ բոլոր գերատեսչութիւններու, կառոյցներու, նախարարութիւններու աշխատանքի ուղղութիւններէն մէկը: Մեր բոլոր ծրագիրները Հայաստանի մէջ սկսող, նախագծուող կամ իրականցուող անպայման սփիւռքեան տարր ունին: Այստեղ է, որ համաժողովի գլխաւոր ուղղութիւնները չորսն են` առաջին  գլխաւոր ուղղութիւնը նուիրուած է հայրենիքի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերուն եւ այս ուղղութեան ղեկավարն է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, երկրորդ գլխաւոր ուղղութիւնը արտաքին քաղաքական օրակարգն է, ո՞ւր կ՝երթայ  Հայաստանը, ինչպիսի՞ արտաքին  քաղակականութիւն կը վարէ, որո՞նք են մեր գլխաւոր կրողները եւ այս գլխաւոր ուղղութեան պատասխանատուն արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանն է: Մենք շատ կը խօսինք երկիրներու տեսական զարգացման մասին, տնտեսական քաղաքականութեան մասին, տնտեսական բարեփոխումներու մասին, բաց մաքսային համակարգի մասին այստեղ փաստօրէն ողջ պատասխանատուութիւնը դրուած է փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական ընդելուզման եւ բարեփոխումներու  նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանի վրայ: Ի՞նչ կը վերաբերի հայապահպանութեան խնդիրներուն, որ հայոց պետութեան եւ Սփիւռքի գերակայ խնդիրներէն է, որ կ’ընդգրկէ դպրոցն ու լեզուն, մշակոյթը եւ մշակութային ժառանգութիւնը, երիտասարդական թեման, ակնյայտօրէն արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերուն վիճակը, այսինքն հայ մնալու, հայ պահելու, համայնքները զօրացնելու, համայնքները ամրացնելու, համայնքին մէջ ինքզինք հայ զգալու խնդիրները՝ ընդհանուր հայապահպանական թեման է, որ իր վրայ առած է Սփիւռքի նախարարութիւնը: Այս առումով կարելի է ըսել, որ Հայրենք-Սփիւռք համաժողովը դարձած է կառավարութեան բալոր անդամներու հոգածութեան առարկան եւ ասիկա նոր երեւոյթ է, եւ մեր Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի  մօտ արդէն երկու անգամ քննարկում կազմակերպուած է նախապատրաստական աշխատանքները պատշաճ կերպով կազմակերպելու համար: Մեր ընդդիմախօսները կը խօսին, որ ոգեւորութիւն պիտի ըլլա՞յ, աշխուժութիւն պիտի ըլլա՞յ, այո՛ պիտի ըլլայ, եթէ աշխարհի մօտ 100 երկրէ հայ ժողովուրդը հաւաքուի՝ նաեւ ոգի պէտք է հաղորդել, ուժ պէտք է տալ, անոնք պէտք է հայրենիքէն հեռանան առաւել տրամադրուած, առաւել ոգեւորուած, առաւել ուրախ, որպէսզի շարունակեն իրենց հայապահպան ծանր եւ դժուար գործը, որովհետեւ հայապահպանութիւնը ինքնին արդէն բարդ գործընթաց է, մանաւանդ այս համաշխարհայանացուող աշխարհին մէջ, իսկ մարդիկ ո՛չ թէ պէտք է հիասթափուած, յուսահատած, տխուր հեռանան հայրենիքէն, այլ՝ հակառակը: Այս առումով մենք նախատեսած ենք եւ պիտի ընենք ամէն ինչ, որ համաժողովին ընթացքին տիրէ մեծ ոգեւորութիւն, ուժ հաղորդէ եւ կը կարծեմ`ծովէ ծով Հայաստան ըսելու փոխարէն այսօր կրնանք ըսել ծովէ ծով հայութիւնը պէտք է կարենայ ուժ ստանալ Մայր հայրենիքէն:

«Զ».- Կարելի՞ է աւելի մանրամասնել 6րդ համաժողովի առանձնայատկութիւնները:

«Հրանուշ Յակոբեան». Համաժողովի միւս կարեւոր առանձանայատկութիւնը նաեւ այն է, որ  բոլոր կառոյցները ո՛չ թէ աւանդական ձեւով կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքը, այլ՝ ընտրած ենք այդ չորս ուղղութիւնները ներկայացնող փորձագէտներ, գիտնականներ, որոնք կրնան վերլուծել, ներկայացնել հիմնախնդիրները եւ ներկաները կարենան աշխոյժ ձեւով աւելի շատ խօսելու հնարաւորութիւն ունենալ եւ այս ուղեղային բախման իբրեւ արդիւնք ծնին գաղափարներ, որոնք յետագային դառնան մեր ծրագիրները: Քանի որ ես խօսեցայ ոգեւորութեան եւ համախմբուելու մասին, այդ պատճառով է, որ մենք երեկոյեան ժամերուն կազմակերպած ենք նաեւ համերգներ, շատ հետաքրքրական մշակութային ծրագիրներ եւ ուրախութեամբ պէտք է ըսեմ, որ առաջին անգամ, հաւանաբար, աշխարհի մէջ մենք կը հաւաքուինք բանալու երաժշտական գործիքներու ճեմուղի, ուր պիտի ըլլայ տասը երաժշտական գործիքներու արձան։ Մենք պիտի տնկենք նաեւ երաժտական այգի, ուր պիտի ըլլայ նաեւ այդ գործիքներու ուղին: Առաջին անգամ հիմք դրած ենք Նայիրի փառատօնին, որուն ընթացին պիտի փորձենք մեծարել մեր պանծալիները` Ջիւան Գասպարեան, Մետիա Աբրահամեան, Սուետլանա Նաւասարդեան, Անժէլա Աթաբէկեան, այսինք ազգի մշակութային մեծերը։ Անոնք կողքին, մենք պիտի փորձենք մեծարել նաեւ երիտասարդները՝ յատուկ մրցանակ տալով անոնց: Մեր պատուաւոր հիւրը պիտի ըլլայ նաեւ աշխարհահոչակ ֆրանսացի երգահան Միշել Ժան Լեկրանը: Բացի Նայիրի փառատօնէն, օր մը պիտի նուիրենք նաեւ Արաքս Մանսուրեանի 50-ամեայ գործունէութեան, որուն ընթացքին, պիտի երգուին Կոմիտաս եւ ամենամեծ նորութիւնը կ’երեւի այն է, որ Արաքս Մանսուրեանի ուսանողները` չինացի, ճափոնցի, աւստրալիացի, այստեղ ելոյթ ունենան, երգեն հայերէն. երգէն՝ Կոմիտաս: Եւ վերջապէս երրորդ մշակութային ուղղութիւնը, երբ կրկին կը մեծարենք մեր մեծերը, «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի տասամեակին նուիրուած ձեռնարկն է, որուն ընթացքին հրաւիրուած են այդ հաղորդաշարի հերոսները։ Ուրախ եմ, որ անոնց մէջ է հայ դերասան Մարկօ Խանը (Մարկօ Խանեան): Վեցերրորդ համաժողովի իւրայատկութիւնը նաեւ այն է, որ Հայաստան պիտի գան նաեւ շատ յայտնի հայեր: Ուրախութեամբ պէտք է յիշեմ, որ Չիլիէն պիտի գայ մեր ծովակալը Պեռնար Գույումճեանը: Մեզի պիտի միանայ աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Մարտիրոս Մանուկեանը, մեզի հետ պիտի ըլլայ Ժեռար Կեխառոն, որ ԱՄՆ-ի թիւ մէկ խոհարարը հռչակուած է, նաեւ Լատա Չախոյեանը, Ռոզի Արմէնը, բանաստեղծուհի Սոնա Վանը: Մեզի պիտի ընկերակցի նաեւ խաւիարի թիւ մէկ մասնագէտ Արմէն Պետրոսեանը, նաեւ Փաթրիք Մալաքեանը՝ Հանրի Վեռնոյի որդին , Ժաքի Ներսիսեանը: Դարձեալ իւրովի պիտի վերյիշենք «Մայրիկ» ֆիլմը: Ուրախ եմ, որ մասնակցութեան իր համաձայնութիւնը տուաւ Կարօ Փայլանը, որ պիտի ըլլայ մեր համաժողովի լաւագոյն հիւրերէն մէկը: Մեր հիւրերէն պիտի ըլլան նաեւ Իտալիոյ յայտի դերասաններ Օռնելա Մութին, Ֆրանքօ Ներոն, Լուգա Մարոնին, Էտտօ Վիսքան, որոնք պիտի գան մասնակցելու «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարի տասնամեակին:

«Զ».- Հետաքրքրական է իմանալ Հայրենի ժողովուրդի խանդավառութեան մասին ինչ կը վերաբերի համագումարին:

«Հրանուշ Յակոբեան». – Հայաստանի մէջ ալ կայ մասնակցութեան մեծ ոգեւորութիւն, բայց դարձեալ ըսեմ, կը ցաւիմ, որ տեղերը սահմանափակ են եւ չենք կրնար ընդունիլ բոլոր ցանկացողները, բայց այդ հարցով մեզի պիտի օգնէ հեռատեսիլը, ցանկացողները կրնան հետեւիլ եւ դիտել: Շատ կարեւոր է, որ համաժողովի երեք օրերուն, երկրի երեք դէմքերը ներկայ պիտի ըլլան եւ իւրաքանչիւրը, մէկ օր, իր ելոյթով պատգամներ պիտի հաղորդէ մեզի եւ Սփիւռքին: Պիտի ըլլայ Հանրապետութեան նախագահի մեծ խօսքը, ուր պիտի ամփոփուին Հայրենք-Սփիւռք մարտահրաւէրները, դժուարութիւնները, Հայաստան- Արցախ հիմնախնդիրները: Ներկայ պիտի ըլլան եւ ելոյթով հանդէս գան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին երկրորդը, Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Երկրորդ օրուան մեծ նիստին պիտի մասնակցի վարչապետը, որ պիտի ներկայացնէ տնտեսական քաղաքականութիւնը: Երրորդ օրն ալ, համաժողովի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքով պիտի դիմէ Ազգային Ժողովի նախագահը եւ երեք ղեկավարներն ալ պիտի կազմակերպեն ընդունելութիւն՝ մասնակիցներուն համար: Կարեւոր է նաեւ այն, որ Սփիռքի Նախարարութեան ընդունելութիւնը պիտի ըլլայ Սեպտեմբեր 17-ի նախաշեմին, որպէսզի մարդիկ աւելի մօտէն ծանօթանան, գիտնան ովքեր եկած են, ինչպիսինն են եւ ի հարկէ բոլոր այս ընդունելութիւնները կ’ուղեկցուին մշակութային ձեռնարկներով: Անպայման, սփիւռքեան համահայկական կառոյցները պիտի ներկայացնեն իրենց տաղաւարները: Մենք կը նախատեսենք նաեւ չորս կարեւոր տաղաւար, որ պիտի ըլլայ Մարզահամերգային Համալիրին մէջ կերպասեղէնի արդիւնաբերութեան ուղղութեամբ, պիտի կազմակերպուի ազգային տարազներու ցուցադրութիւն, պիտի ըլլայ նաեւ տարածք մը, ուր պիտի ներկայացուին վերացական աշխարհը եւ բարձր արհեստագիտութիւնը,  մեր զարգացումներն ու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ, այս օրերուն կը նշուի եւ կը տօնուի Մկրեան Գարբեթի  100-ամեակը, պէտք է  արժանահատուցել Ռաֆֆի Մկրեանը, որ մեծ գործ կատարեց մեր Հայաստանի արդէն քանդուած, աւերուած գործարանը շտկելու, այստեղ գորգագործութիւնը զարգացնելու, ոչ միայն աշխատատեղեր բանալու, այլ մեր պապենական, հնամենի արհեստը այսքան գեղեցիկ ձեւով աշխարհին ներկայացնելու համար: Առանձին տարածք մը պիտի յատկացուի գորգերու ցուցադրութեան եւ ամսու 18-ի երեկոյեան, մենք, միասնաբար պիտի նշենք Մկրեան Գարբեթի 100-ամեակը:Այնպէս որ ծրագիրը շատ յագեցած է:

«Զ».- Ինչ լաւ է, որ Հայաստան-Սփիւռք համագումարները կ՛եզրափակուին Հայաստանի Անկախութեան Օրով: Ի’նչ ունիք ըսելիք այս մասին:

«Հրանուշ Յակոբեան». Այս համաժողովի վեջնակէտը պիտի ազդարարուի Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, երբ Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ` մեր երկրի եւ պետութեան համար ամենակարեւոր ռազմական նշանակութիւն ունեցող տեղը, պիտի կազմակերպուի երկրի ղեկավարի ընդունելութիւնը շուրջ 2000 մարդու համար, որ նոր է, նոր ձեւաչափ է, իւրօրինակ է եւ կը կարծեմ նաեւ, որ այստեղէն մենք կը սկսինք Սարդարապատի 100-ամեակը: Շատ բազմաշերտ պիտի ըլլայ մեր միջոցառումը:

«Զ».- Առիթն է հարցնելու ինչպէ՞ս պիտի եզրափակէք «Դուն Ի’նչ կ՛ընես Արցախի Համար» ձեր նախաձեռնութեան տարին այս համաժողովին ընդմէջէն:

«Հրանուշ Յակոբեան». Այո՛ եթէ աւելցնենք «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժումը`մեր «Մամիկ Պապիկ»-ի մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ համերգային շղթան, որ կու գայ կը հասնի Երեւան, պիտի բանանք արժանթինահայ մեր նկարիչներուն ցուցահանդէսը: Անոնց այդ համերգային ծրագիրի hասոյթով պիտի գնուի 300 նուագարան, որ պէտք է յանձնուի Արցախի երաժշտական դպրոցներուն: Ասիկա եւս կը խօսի այն մասին, որ կարեւոր չէ թէ հայը աշխարհի, որ վայրը կ՝ապրի, վերցնենք Պէյրութի Ս. Խաչ -Հարպոյեան դպրոցը, որ դարձաւ առաջնամարտիկը «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժումին եւ անոր բուն կեդրոնը, վարժարանի տնօրէնութեան կողքին, դուք էք՝ յարգարժան պարոն Յակոբեան, եւ եւս մէկ անգամ կը փաստէք, որ Արցախը բոլորիս հոգիին մէջ է, սրտին մէջ է եւ բոլորս պարտաւոր ենք Արցախով զբաղելու:

«Զ». Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք եզրափակել մեզի ազնուօրէն շնորհած ձեր շահեկան զրոյցը:

«Հրանուշ Յակոբեան». Ես յաճախ ես ինծի կ՝ըսեմ, որ մեր պապերուն երազանքը եղած է ազատ ու անկախ հայրենք ունենալը`ունինք հիմա այդ հայրենիքը եւ այդ երազանքն է պահել այս հողը: Հիմա աշխարհի, որ տեղն ալ ապրին մեր հայրենակիցները՝ բոլորիս պարտքն է պահպանել այս հողը եւ պահել հայ տեսակը: Ուրեմն, մենք ամէն առումներով պէտք է մտածենք հայ մնալու, հայ ապրելու, հպարտ հայ ըլլալու, հզօր Հայաստան ունենալու, պաշտպանուած անվտանգ Արցախ ունենալու եւ աշխարհին մղջ հայու անունը, հայու պատիւը, հայու դիմագիծը բարձր պահելու համար: Ասիկա պէտք է ըլլայ մեր բանաձեւումը, մենք պէտք է բարձրանանք, հեռու մնանք ներքին քաշքշուքներէն, անհամաձայնութիւններէն, վիրաւորանքներէն եւ հասկնանք, որ մեր ժողովուրդին առջեւ, մեր պետութեան առջեւ, մեր ազգին առջեւ կան շատ աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ, իսկ համաշխարհայնացուող աշխարհը, տարածաշրջանային մարտահրաւէրները, փակ եւ անհանդուրժող հարեւանները դիմակայելու միակ ձեւը մեր միասնութիւնն է:

Այստեղ է, որ ես չեմ կրնար չյիշել Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ խօսքեր, միասնութիւն՝ գլխաւոր, ազատութիւն՝ երկրորդական, սէր՝ ամէն ինչի մէջ, սէր՝ հայրենիքի հանդէպ , սէր՝ ընտանիքի մէջ, սէր՝ ընկերներու մէջ, սէր՝ շրջապատի հանդէպ, սէր՝ աշխատանքի հանդէպ, սէր՝ ազգի հանդէպ, ազգդ բարձրացնելու, ազգդ առաջ տանելու, ազգիդ անունն ու պատիւը աշխարհի մէջ մեծարելու համար, քանի որ այս ժողովուրդը՝ հազարամեակներ շարունակ՝ իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցած է աշխարհի քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ:

«Զ.». Շնորհակալութիւն Յարգելի Նախարար Ձեր սուղ ժամանակը «Զարթօնք»ի ընթերցողներուն շնորհելուն համար:

*Նշենք, որ հանդիպման մէկ մասին ներկայ եղան նաեւ Վիէթնամի մէջ ՀՀ դեսպան Ռաիսա Վարդանեանը եւ յայտնի տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան, որոնց մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ (Խմբ.):

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *