*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Աբխազիոյ ներկայացուցիչները բազմիցս այցելած են Արցախ: Արտաքին գործոց նախարար Տաուր Քովէի պաշտօնական այցը առաջինն է: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ընդլայնուած կազմով քննարկում կայացած է երկու երկիրներու արտաքին յարաբերութիւնները համակարգող գերատեսչութիւններու պատասխանատուներու մասնակցութեամբ: Կողմերը քննարկած են երկու պետութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու համագործակցութեան զարգացման ուղղուած ձեռնարկուելիք քայլերը, մտքեր փոխանակած երկկողմ օրակարգի տարբեր հարցերու, միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ: Կարէն Միրզոյեանը ներկայացուցած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ Արցախի ջանքերը` բանակցութիւններու մէջ առաջընթաց արձանագրելու ուղղութեամբ:
Տեղեկատուութիւնը, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ Փոխըմռնման յուշագիր ստորագրուած է` տարածուած էր աւելի շուտ: Քննարկումներու առանցքը նաեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթի մանրամասներն էին:
Քննարկումները աւարտելէ ետք՝ դիւանագէտներուն միացած են նաեւ լրագրողները: Կարէն Միրզոյեանն ու Տաուր Քովէն ստորագրած են Փոխըմբռնման յուշագիր` միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին: «Յուշագիրով կողմերը համաձայնած են, խորհրդատուութիւններ իրականացնել տեղեկատուական ու հասարակական-փորձագիտական փոխգործակցութեան, միջպետական, միջկառավարական եւ միջգերատեսչական համագործակցութեան զարգացման, երիտասարդական քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան գծով համագործակցութեան եւ այլ հրատապ օրակարգային հարցերու շուրջ»,- ստորագրումէն ետք որոշ մանրամասներ ներկայացուցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը:
«Այս փաստաթուղթի ստորագրումը մեզի համար որոշակի հիմք կը նախապատրաստէ, որպէսզի այն օրակարգը, որուն մասին այսօր խօսած ենք լրացուի գործնական բովանդակութեամբ: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ մեր ժողովուրդները կարենան հնարաւորինս սերտ յարաբերութիւններ ունենան իրարու հետ»,- Արցախի պաշտօնակիցին շարունակած է Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաուր Քովէն:
Նախարարները պատասխանած են նաեւ լրագրողներու հարցերուն: Արդեօք յուշագիրի ստորագրումը փոխադարձաբար ներկայացուցչութիւններ բանալու հեռանկար կ’ուրուագծէ՞. նախարարները չեն բացառած: «Ես չեմ բացառեր, որ մենք երթանք նաեւ այդ քայլին: Ի վերջոյ, Արցախի եւ Աբխազիոյ միջեւ գույութիւն ունին շատ սերտ, բարեկամական կապեր»,- ընդգծած է Կարէն Միրզոյեանը: «Ամէն ինչ պիտի ըլլայ, հեռանկարի վրայ: Հաւատացէք: Ոչ ուշ»,- լաւատես է Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Պաշտօնական այցով առաջին անգամ Արցախ ժամանած Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդունած են նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Ստեփանակերտ