*ԶԱՒԷՆ ԶԱԳԱՐԵԱՆ*
Ես gender-ային մասնագէտ չեմ, մանաւանդ որ ամէն օր հրապարակ կու գան սեռային յարաբերութեանց զանազան-զարմանազան նորութիւններ…
Կը խորհիմ որ «Երրորդ Սեռ»-ականը աւելի շուշտանդամն է, նկատի առնելով այն պարագան, որ հիճրաները, զոր օրինակ, բնախօսական առումով արական սեռի կը պատկանին, բայց ունին իգական սեռի կամ մոդայիկ դարձած իգական gender-ային ինքնութիւն եւ վարմունք…
Անոնք կը սիրեն, զոր օրինակ, հագնիլ կանացի զգեստ, շպարուիլ, «շինուիլ»… Շատ անգամ ալ կը տառապին սեռային անորոշութենէ, կ՛ըլլան որձեւէգ կամ արուէգ…
Հայերէնը ունի «շուշտանդամ» գեղեցիկ ածականը, որ կու տայ սերնդագործելու անզօրացած կամ առնական կարողութիւն ու կամեցողութիւն չունեցող անձերու:
Թեթեւամիտներուն ալ հայերս կ՛ըսենք «շուշտիկ անձ»…
Մեր սիրելի հայերէնը ունի նաեւ «շուշտակ քահանայ»ն (այս այն քահանան է, որ ամուսնանալէն ետք տարբեր պատճառներով կ՛ուզէ դարձեալ դառնալ կոյս… դառնալ կուսակրօն):
«Շուշտակ» գոյականը միշտ չէ՛, որ կ’օգտագործուի բացասական միտքով: Իր կնոջ՝ երէցկինի մահէն ետք վարդապետ ձեռնադրուած քահանան, զոր օրինակ, շուշտակ է…
Կա՛յ նաեւ այլ մեկնաբանութիւն մը.
«Շուշտակ»ը Լուսնի մահիկի նմանող կանացի գտակ է, իսկ շուշտակ քահանաներ ալ ժամանակին իրենց գլուխը ծածկած են նմանատիպ գտակով (թերեւս ուզելով հասկցնել որ կասկածելի է իրենց կուսութիւնը…):
Բնականաբար,«կուսաթաղանդ կարելու» բարդոյթներ չունէին մեր շուշտակ քահանաները…
Մեր լեզուի հետաքրքրաշարժ բառերէն է «շուշտ»ը, որմէ կը ծնի առնական «անշուշտ» ածականը, որ կը նշանակէ անկասկածելի… Կամ աւելի առնական «անշուշտ» մակբայը, որ կը նշանակէ հարկաւ, անտարակոյս (չշփոթել անտաՌի կոյսին հետ, այլ ան-տաՐակոյս):
Տարակոյսը, տարակուսանքը կասկածն է, շուշտն է…
***
Լեզուականէն անդին, ինչ կը վերաբերի արծարծուած նիւթի նրբութեան, մեզի կը մնայ նշել, որ «երրորդ սեռ»ը բնիկ ամերիկացիներուն (կարմիր հնդիկներուն) մօտ ընդունուած եղած է հին ժամանակներուն, որոնց մշակոյթին մէջ իրականութեան մէջ գոյութիւն ուեցած է 5 սեռ…: Ամէն պարագայի միասեռականութիւնը անծանօթ երեւոյթ չէ հին քաղաքակրթութիւններու՝ ինչպէս հելլենական քաղաքակրթութեան մէջ: Մեր օրերու ազատ մտածողութիւնն ու մարդու իրաւունքները ի յայտ բերած են այս երեւոյթին կիրառումը ներկայ ընկերութիւններու մէջ եւս հակառակ անոր, որ կարգ մը մշակոյթներ ու աւանդապաշտ մտածելակերպի մարդիկ հասկնալիօրէն տակաւին հաշտ չեն այս իրողութեան հետ: – Խմբ. –