Երբ Պատասխանատուները Անպատասխանատու Են

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*   

Լիբանանի խորհրդարանի երէկուայ օրէնսդրական նիստը յատկանշուեցաւ իր աննախատեսուած յետաձգումով, որուն համար դժգոհութիւն յայտնեց նոյնինքն խորհրդարանի նախագահը…:

Արդարեւ, օրէնսդրութեան՝ ժողովուրդին հոգերուն վերաբերող առաւօտեան նիստէն ետք, յանկարծ երեսփոխանական մեծամասնութիւն չգոյացաւ երեկոյեան շարունակելի նիստին: Մեծամասնութեան չգոյութեամբ՝  օրէնքով սահմանուած քուէրակութիւն կատարելու անկարելիութեան առջեւ գտնուելով, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի նիստը յետաձգեց առանց անոր համար նոր թուական մը ճշդելու:

Այսպիսով օրակարգի վրայ գտնուող շատ մը օրէնքներու վաւերացումը յետաձգուեցաւ անշուշտ..: Հետաքրքրականը սակայն այն էր, որ հակառակ այն իրողութեան, թէ խորհրդարանի նախագահը նոր թուական չնշանակեց, սակայն ան մեկնող երեսփոխաններէն խնդրեց յառաջիկայ Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն համար անձնական այլ զբաղածութիւններ չունենալ…:

Այստեղ ինծի կը մնայ, սիրելի՛ ընթերցող, հարց տալ, թէ օրէնսդիր մարմնի մը անդամակցութեան համար ժողովուրդէն ընտրուած եւ այս գործին համար լիովին վճառուող Լիբանանի մեր երեսփոխանները (բացառութիւնները յարգելի են, անշուշտ) ի՞նչ անձնական զբաղածութիւններ կրնան ունենալ իրենց օրէնսդրական գործէն բացի, որուն համար խորհրդարանի նախագահը պիտի ստիպուի յիշեցնել, որ ազատ ըլլան ենթադրաբար այդ օրերուն նշանակելի նիստերու իր մտադրութեան համար…:

Ի՞նչ կը նշանակէ սա…: Մեր երեսփոխանները իրենց ազատ ժամերո՞ւն երեսփոխանի պարտականութիւն կը կատարեն, թէ իրենց անձնական զբաղածութիւնները աւելի կարեւոր են, քան իրենց վստահուած օրէնսդրական ժողովները…:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *