*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք«ի Արցախի Աշխատակից
Պտղաբուծութիւնը Արցախի երկրագործութեան առաջնակարգ ճիւղերէն մէկը դառնալու բոլոր հնարաւորութիւնները ունի: Անոր շահութաբերութեան մէջ հողօգտագործողներէն շատերը համոզուած են անձամբ: Հետաքրքրական օրինակներէն մէկը սուրիահայ Ասմարեան եղբայրներուն փորձն է: Քանի մը տարի առաջ, Արցախի մէջ հաստատուեցան եւ պտղաբուծութեամբ զբաղողներուն հետաքրքրական նորութիւններ առաջարկեցին՝ նոր ծառատեսակներ, որոնք Արցախի մէջ մինչ այդ չէին փորձարկուած: Զուգահեռ, նաեւ Ստեփանակերտէն ոչ հեռու, հիմնեցին իրենց սեփական այգին։ 5-6 տարեկան այգին արդէն բերք կու տայ, թէեւ՝ դեռ ոչ ամբողջ ծաւալով: Նախորդ տարիներուն համտեսած էին ծիրանի եւ նեկտարինի բերքը։ Այս տարի կարգը դեղձին էր, բայց ոչ սովորական դեղձ: Սուրիայէն ներմուծուած տեսակը արտաքինէն ունի թուզի ձեւ, իսկ համն ու հոտը՝ դեղձի, հիւթեղ ու քաղցր: Ասմարեանները տնկիները Սուրիայէն ներմուծած ըլլալու եւ մեզի ծանօթ դեղձէն տարբերելու համար, այս տեսակը կոչած են սիրադեղձ ու այդ անունով ալ՝ յանձնած Ստեփանակերտի վաճառակէտերուն: Նորոյթը ընդունուած է, Ասմարեան եղբայրներուն յոյսերը արդարացած: Կը վստահեցնեն, որ ասիկա դեռ սկիզբն է. այգին դեռ նոր-նոր կը սկսի բերք տալ։:
Արցախի մէջ այգիները ընդլայնելու ծրագիրը այսօր կը քննարկուին ու կը դիտարկուին պետական մակարդակով: Կառավարութիւնը պիտի կիրառէ նոր գործիքներ՝ այդ ճիւղին մէջ ներգրաւած այգեպաններուն աջակցելու համար: Այս թեմայով վերջին յայտարարութեան հեղինակը վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանն է: Յայտարարութիւն ըրած է օրերս, Մարտակերտի մէջ կայացած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին: Մարտակերտին մէջ հեռանկարային կը համարուի յատկապէս նուռի մշակումը: Այս տարի, միայն Մարտակերտի շրջանին մէջ, կառավարութիւնը կը նախատեսէ նուռի այգիները հասցնելու 500 հեկտարի: Կառավարութիւնը, իբրեւ առաջին քայլ, պիտի օժանդակէ, որ այգիներու ոռոգման խնդիրը ապահովուի. Պիտի փորուին արտեզեան հորեր, իսկ այգիներն ալ պիտի ապահովուին ոռոգման ջրախնայող համակարգերով: Նորատունկ այգիները ոռոգման նոր համակարգով ապահովելու համար՝ պետութիւնը պիտի տրամադրէ նիւթական միջոցներ՝ 7-8 տարի ժամկէտով. 50 տոկոսը անհատոյց աջակցութեան տեսքով, միւս կէսը անտոկոս փոխառութեան կարգով: Իսկ արդէն առկայ այգիներու պարագային՝ կաթիլային համակարգի համար ահրաժեշտ միջոցները հողօգտագործողը պիտի ստանայ ամբողջութեամբ իբրեւ անտոկոս փոխառութիւն՝ 5 տարուան ընթացքին մարելու պայմանով:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Արամ Մխոյեանը, Մարտակերտի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, խօսած է բերքի մթերման հեռանկարներու մասին: Խոշոր գնորդներու հետ պայմանաւորուիլը դժուար է, յաճախ նաեւ անհնար՝ այսօրուան արտադրանքին ծաւալները հաշուի առնելով. խոշոր ծաւալներու պարագային սպառման հետ կապուած խնդիրներ չեն ըլլար. յատկապէս նուռի պահանջարկը, թէ՛ վերամշակուած, թէ՛ թարմ վիճակով, արտաքին շուկայի մէջ մեծ է, վստահեցուցած է գիւղատնտեսութեան նախարարը:
Ստեփանակերտ