Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց աշխատակից

 

  1. Տոմինիկեան Հանրապետութիւն. Մաքսանենգութեան Նորագոյն Ձեւը

Մաքսանենգութիւնը դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող ապօրինի միջոց մըն է՝ որ կը գործածուի արագ ձեւով հարստանալու համար։ Մաքսանենգները ընդհանրապէս ճարպիկ մարդիկ են որոնք յաճախ կ՛օգտագործեն պարզամիտ, անմեղ անհատներ՝ որովհետեւ անոնք աչքի չեն զարներ, մաքսատուներու գործողութեանց ընթացքին։

Կը պատահի սակայն որ այդ անմեղ մարդիկը երբեմն զոհ կ՛երթան՝ կամ կասկածի առիթ տալով եւ կամ ալ մատնութեան ենթարկուելով . . . Իսկ անոնց պատիժը կ՛ըլլայ բանտարկութիւն եւ տուգանք՝ որ կը տարուբերի ըստ մաքսանենգուած ապրանքի որակին եւ անշուշտ քանակին։

Հիմա անցնինք մեր բուն նիւթին։ Ուրեմն, Տոմինիկեան Հանրապետութեան մաքսատան պաշտօնատարներէն մին յայտնած է թէ ձերբակալած են 40-ամեայ կին մը՝ որու ստամոքսին մէջ գտած են 70,000 տոլար, իսկ անոր պայուսակին մէջ՜ 69,000 տոլար։ Այդ կինը՝ որու ինքնութիւնը չեն յայտնած, կու գար Պրիւքսէլէն։

Վերոյիշեալ ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է Տոմինիկեան Հանրապետութեան Փունթա Գանա ծովեզերեայ քաղաքի օդակայանին մէջ։ Ծովեզերեայ այդ քաղաքը զբօսաշրջիկներու նախընտրած մէկ վայրն է, Գարիպեան ծովու ափին։

Գալով մեր կնկան որ 70,000 տոլար պահած է իր ստամոքսին մէջ (տես նկարը), ան այդ գումարը բաժնած է վեց մասերու եւ զետեղած յատուկ խցիկներու (capsule) մէջ։ Ի՜նչ երեւակայութիւն եւ ի՜նչ յանդգնութիւն . . .

Պատկան պաշտօնատարները կը խորհին թէ այդ գումարը առնչութիւն ունի թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան հետ եւ հաւանաբար մանրակրկիտ քննութիւններ պիտի անպայման յայտնաբերեն՝ անոր ետին գործող իսկական դերակատարները:

  1. Ճաշարան Բանտի Շրջափակին մէջ

Այո, տուեալ օրը՝ բանտարկեալները ընթրիք սպասարկեցին 138 հիւրերու (տես նկարը)։ 13րդ դարէն մնացած այդ բանտը կը գտնուի Իտալիոյ Թասկընի շրջանին Վոլթեռա քաղաքին մէջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ բանտի այդ ճաշարանը՝ իր գոյութեան 11 տարիներու ընթացքին, ընթրիք սպասարկած է շուրջ 14,000 հիւրերու եւ գոյացուցած 140,000 տոլար, որ կը գործածուի բարեսիրական նպատակներու։ Պէտք է նշենք սակայն որ բանտի այդ ճաշարանը տարին կը գործէ ութ գիշեր միայն։

Չմոռնամ ըսելու որ խմիչքն ու աղանդերները կը սպասարկուին բակին մէջ, իսկ պաշտօնական ընթրիքը՝ բանտի մատուռին մէջ։

Բանտի ճաշարանը աշխատող եւ բանտարկութեան իր շրջանը աւարտող 30 անձեր այսօր կ՛աշխատին ճաշարաններու մէջ եւ անոնցմէ մէկն ալ արդեն իսկ դարձած է ճաշարանապետ . . .

Ռօզարիոյ բանտարկեալներէն մին է որ դատապարտուած է մարդասպանութեամբ եւ ենթարկուած 26 տարուայ բանտարկութեան։ Վիթօն ուրիշ բանտարկեալ մըն է որ դարձեալ մարդասպանութեամբ դատապարտուած ըլլալով՝ ենթարկուած է ձկեանս բանտարկութեան։

Երբ անոնց հարցուցած են թէ ի՞նչ հաճոյք կը ստանան աշխատելով բանտի ճաշարանին մէջ եւ սպասարկելով ընթրիք, անոնք պատասխանած են թէ գէթ մի քանի ժամով՝ ազատութիւն կը ճաշակեն, բանտի շրջափակին մէջ։ Հոս պէտք է անմիջապէս յիշել որ զինեալ բանտապահներ՝ տանիքներուն վրայէն կը հսկեն բանտարկեալներու իւրաքանչիւր շարժուձեւերը, որ յանկարծ միջադէպ մը չխանգարէ «ռոմանթիք» մթնոլորտը։

Մարիան՝ բանտի կառավարիչը, դիտել տուած է որ արհեստավարժ խոհարարապետներ կը վարձուին, որպէսզի բանտ գան եւ յատուկ դասընթացքներով վարժեցնեն բանտարկեալները՝ թէ կերակուր եփելու եւ թէ ալ ճաշը սպասարկելու։ Բանտարկեալները ծեծի ենթարկելէն՝ աւելի լաւ չէ՞ այս մէկը, դուք ըսէք:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *