Հացահատիկի Բերքը Ցուցանիշ Կը Համարուի, Պիտի Աւելցնեն Նուռի, Պիտի Հիմնեն՝ Ձիթենիի Այգիներ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի մէջ հացահատիկի բերքահաւաքի հիմնական փուլը աւարտած է: Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարը հրաւիրած է մամուլի ասուլիս՝ արդիւնքներուն մասին խօսելու նպատակով: Ընդհանուր առմամբ, 2017 թուականի բերքի տակ ցանուած է շուրջ 58.500 հեկտար հացահատիկ` ցորեն, գարի եւ հաճար: Ցանքը՝ նախորդ տարուան համեմատ՝ գրեթէ չէ աւելցած, իսկ հաւաքած բերքը արդէն կը գերազանցէ նախորդ տարուան  ցուցանիշները: «Եթէ նախորդ տարի ընդհանուր հաւաքած էինք 150 հազար թոն հատիկ, այս տարի, սակայն, այդքան կազմած են միայն ցորենը, գարին եւ հաճարկ»,- ըսուածը՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ թիւերու վերածած է գիւղատնտեսութեան նախարար Արամ Մխոյեանը:

Աւելի ուշ պիտի ըլլայ եգիպտացորենի բերքահաւաքը: Մօտ 3 հազար հեկտար ցանքէն գիւղատնտեսութեան նախարարը կ’ակնկալէ առնուազն 15 հազար թոն հացահատիկ: Եգիպտացորենի հիմնական մասն ալ պիտի արտահանուի: Արցախի մէջ արտադրուած հացահատիկի կէսէն աւելին պիտի արտահանուի: Սպառման հետ կապուած խնդիրներ չկան: Առաւել եւս, որ քանակի հետ` որակն ալ միանգամայն բաւարար է: «Տարուէ տարի, քայլ առ քայլ, որակն ալ կը բարելաւուի: Իսկ այս տարի եղանակը առաւել բարենպաստ էր՝ բարձրորակ հատիկ ստանալու համար: Կրնամ վստահ ըսել, որ Արցախի այս տարուան հացահատիկը իր որակական յատկանիշներով կը գերազանցէ հայաստանեան շուկայ մտնող ռուսաստանեան ցորենը»,- կը վստահեցնէ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարը:

Գարնանացանի արդիւնքներէն ալ նախարարը գոհ է: Ցանքերը կրկնապատկուած են եւ հասած 15 հազար հեկտարի. ատիկա կը կազմէ Արցախի մշակման ենթակայ տարածքներուն 20 տոկոսը: Ծրագիրով նախատեսուած է պտղաբուծութեան զարգացումը: Արամ Մխոյեանը կը խոստանայ, որ շուտով Արցախի մէջ ձիթենիի այգիներ պիտի ըլլան: Իսկ առայժմ` նուռի այգիները կ’ընդլայնուին: Այս պահուն 1000 հեկտար է, յառաջիկային` պիտի աւելնայ քանի մը անգամ: «Ծրագիր ունինք յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին Արցախի մէջ նուռի այգիները հասցնելու 5 հազար հեկտարի»,- կը խոստանայ նախարար Մխոյեանը:

Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ առանձին-առանձին իրականացուող ծրագրերը պիտի միաւորեն մէկ հայեցակարգի մէջ: Հայեցակարգը արդէն պատրաստ է եւ անցած է քնարկումներու փուլը: Անիկա պիտի հաստատուի յառաջիկային` յստակեցնելով այս ոլորտին մէջ յետագայ ընելիքները:

Ստեփանակերտ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *