«Հայրենիքի ՄԷջ Մեր Սրտին Շա՜տ Մօտ, Սիրելի Անկիւն Մըն է Սփիւռքի Նախարարութիւնը` Նախարարին Շնորհիւ». Հայր Պետրոս Վարդապետ Մանուէլեան

*Կարինէ Աւագեան*

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան դռները միշտ բաց են աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ  ապրող ու գործող մեր հայրենակիցներուն առջեւ.անոնցմէ շատերը Հայաստան կու գան նախարարութիւն այցելելու եւ նախարարին հետ շատ ծրագիրներու շուրջ խորհրդակցելու, ինչպէս նաեւ` համագործակցութեան առաւել սերտ կապեր ստեղծելու համար: Վերջերս ՀՀ Սփիւռքի նախարարն ընդունեց Սփիւռքի հոգեւոր եւ ազգային կեդրոնը հանդիսացող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամ, տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ-պատասխանատու Տէր Պետրոս վարդապետ Մանուէլեանը, որուն հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ծաւալուած հարցազրոյցիս ընթացքին Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժնի լայնածաւալ գործունէութենէն բաւականին կարեւոր տեղեկատուութիւն քաղեցի, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

 –Հա՛յր Պետրոս, բարով եկած էք Հայրենիք, բարո՛վ  եկած էք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն. կարծեմ ` իւրայատուկ առաքելութեամբ եկած

 էք Հայաստան:

 -Առաջին հերթին` եկած եմ Հայաստան, որովհետեւ Հայաստան բոլորիս տունն է. իւրաքանչիւր տան մէջ մարդ  թանկ, սրտամօտ անկիւն մը կ’ունենայ, իսկ Հայաստանի մէջ այդ սրտամօտ անկիւնը սփիւռքահայերուն համար Սփիւռքի նախարարութիւնն է: Շատ շնորհակալ եմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարին, որ իր ներկայութեամբ այսքան սիրելի, այսքան հարազատ կը դարձնէ մեզի համար Սփիւռքի նախարարութիւնը: Առաքելութեանս բուն նպատակը Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 10-րդ համահայկական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վեհափառ Հայրապետ Արամ Առաջինի պատգամը կարդալն է: Վեհափառ Հայրապետի խօսքը կարդալն ինքնին մեծ պատիւ է ինծի համար:

–Խօսինք Ձեր լրատուական-տեղեկատուական գործունէութեան մասին. որո՞նք են այդ լրատուադաշտի հիմնական ուղղուածութիւնն ու նպատակակէտը:

-Քանի որ մենք Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակը կը  ներկայացնենք, ուստի մեր հիմնական առաքելութիւնը  մեր ժողովուրդի զաւակներուն Կաթողիկոսարանի աշխատանքներուն տեղեակ պահելն է, մասնաւորապէս` Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած ամբողջ առաքելութիւնը: Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որպէս Սփիւռքի ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն, այսօր գրեթէ ամէն ինչով կը զբաղի: Այդ բոլոր աշխատանքներուն մեր ժողովուրդին իրազեկելը մեր պարտքն է: Անշու՛շտ, մենք նաեւ սերտօրէն կը համագործակցինք Հայաստանի բոլոր լրատուամիջոցներուն հետ, բայց եթէ ինծի հարցնէք, թէ արդեօք ես բաւարարուա՞ծ եմ այդ համագործակցութեամբ, կ’ըսեմ` ոչ:

–Ներեցէք, որ կ’ընդհատեմ. կը ցանկայի տեղեկանալ, թէ Դուք Հայաստանի բոլոր լրատուամիջոցներո՞ւ հետ կը համագործակցի՞ք, թէ միայն հոգեւոր ուղղուածութիւն ունեցողներուն:

-Իրականութեան մէջ մենք բոլո՛ր լրատուամիջոցներուն կը փորձենք տեղեկատուութիւն ուղարկել, բացի` առցանց գործողներէն կամ ալ` նոր ստեղծուած լրատուամիջոցներէն, սակայն անոնք կրնան հետեւիլ մեզի Կաթողիկոսարանի պաշտօնական` www. armenianorthodoxchurch.org կայքին մէջ, կրնան այնտեղէն նիւթեր վերցնել: Մենք կ’աշխատինք, որ անմիջական համագործակցութիւն ըլլայ Հայաստանի եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական լրատուամիջոցներուն միջեւ: Յուսանք, որ այդ համագործակցութիւնը լաւագոյնս եւ առաւելագոյն չափով կը կայանայ: Ատիկա Սփիւռքը Հայաստանին եւ Հայաստանը Սփիւռքին մերձեցնելու, աւելի լաւ ծանօթացնելու միջոցներէն, գործօններէն մէկն է: Թոյլ տուէք ըսել, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները պէտք եղած չափով երբեմն չեն արձագանքեր Սփիւռքի իրադարձութիւններուն. Չեմ գիտեր` ինչ է ատոր պատճառը. գուցէ գործակցութեան, ծանօթութեան, շփումներու պակա՞սն է…այս սխալը պէտք է շտկուի, որովհետեւ Հայաստանն ու Սփիւռքը մշտապէս պէտք է տեղեակ ըլլան իրարմէ;

–Հա՛յր Պետրոս, կ’ուզէի Ձեր հեղինակաւոր խօսքը, կարծիքն իմանալ` կապուած Միջին Արեւելքի  ներկայիս իրավիճակին հետ:

-Երեւի այս հարցով այդքան ալ հեղինակաւոր խօսք չունիմ  ըսելու ձեզի, սակայն  բան մը կրնամ ըսել, որ Մեծի Տանն Կաթողիկոսութիւնը, որպէս Սփիւռքի հոգեւոր ու ազգային տէրն ու տիրականը, մանաւանդ` Միջին Արեւելքի համայնքներու (որովհետեւ մենք կը ներկայացնենք Միջին Արեւելքի հոգեւոր-քրիստոնեայ պետերու կարեւոր աթոռներէն մէկը, քանի որ այն քրիստոնեաները, որոնց աթոռները, հոգեւոր կեդրոնները Միջին Արեւելքի մէջ են, քիչ են), մենք կարեւոր խօսք ունինք ըսելու, քանի որ Մերձաւոր Արեւելքի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ հսկայական գաղութներ ունինք, որոնք ամէն իմաստով շատ կարեւոր են: Ատոնք կազմակերպուած գաղութներ են, որուն պատճառներէն մէկն ալ Հայաստանին աւելի մօտ գտնուիլն է, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութենէն ետք անմիջապէս կազմակերպուած ըլլալը. Այդ գաղութներուն մէջ ապրող հայութիւնը շատ հայրենասէր, հայասէր է, ազգային ու հոգեւոր արժէքները պահպանող, բան մը, որ չի  կարելի առանց վերապահութեան ըսել Արեւմուտքի հայկական գաղթօճախներուն մասին: Ամէն իմաստով` ազգային ու հոգեւոր, պէտք է պահել ու պահպանել այդ գաղութները, հայկական աւանդական համայնքները: Մասնաւորապէս պէտք է յիշել սուրիահայութեան. Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վեհափառ Հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհիւ արդէն իսկ սկսած են սուրիահայութեան հետ տարուող վերականգնման աշխատանքները եւ երկու-երեք ամիս առաջ այդ առիթով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին խորհրդակցական հաւաքը: Սուրիահայութեան խնդիրը համահայկական է, եւ Սփիւռքի ու Հայաստանի բոլոր կառոյցներու աշխատանքները պէտք է աջակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որպէսզի այն կարենայ ամենաարագ ձեւով ու լաւագոյնս վերականգնել սուրիահայութեան իրավիճակը: Բոլո՛րս պէտք է նման հարցերու շուրջ համախմբուինք:

–Հա՛յր Պետրոս, մեր մօտ, սովորաբար, ընդունուած է մտածելակերպի այն կարծրատիպը, ըստ որուն` հոգեւորականը աշխարհիկ կեանքի հետ կապ չունի, չնայած դարերու խորքէնեկող մեր պատմութիւնը հակառակը կ’ապացուցէ. շատ հոգեւորականներ  ունեցած ենք, որոնք մէկ ձեռքին խաչը  պահած են, միւսին` սուրը եւ ժողովուրդին, ազգին համար օրհասական պահերուն մարտնչած են թշնամեաց դէմ, նահատակուած…ինչպիսի՞ն է այսօրուայ հոգեւորականը:

-Այս հարցին պատասխանելու համար պէտք է սկսինք Հայոց պատմութենէն, Հայոց եկեղեցւոյ պատմութենէն. ազգային եկեղեցւոյ հայ հոգեւորականը կը տարբերի միւս հոգեւորականներէն: Քրիստոնեայ հոգեւորականի համար կարեւոր է հայերէն լեզուով Քրիստոսի խօսքը հասցնել ժողովուրդին: Եթէ կան դէպքեր, երբ հայ հոգեւորականը շեղուած է հայ հոգեւորականին բնորոշ կերպարէն, ապա ան պարտաւոր է վերադառնալ մաքուր ու ճիշդ ակունքներուն: Հոգեւորականի պերճախօս վկայութիւնը մեր Արամ Ա Կաթողիկոսն է, որուն մասին շատ յաճախ լսած եմ գովասանքներ, բայց  նախադասութիւն մը, որ լսած եմ մեր Վեհափառ Հայրապետին մասին, չեմ կրնար մոռնալ` այսօր կա՛ն, կ’ապրին գիրքի հոգեւորականները…ու ես կը ցանկամ հաւաստել, որ ատիկա ճշմարտութիւն է, որ միայն վաղնջական ժամանակներուն չեն ապրած ու գործած  լաւագոյն հոգեւորականները, որ անոնք մեր Հայրենիքին համար օրհասական պահերուն եղած են ու կ’ըլլա՛ն ժողովուրդին կողքին:

–Ձեր կարծիքով այսօր ո՞րն է աշխարհով մէկ սփռուած ու Հայաստանի մէջ ապրող հայ մարդու գերխնդիրը, որպէսզի ունենանք հզօր Հայաստան:

-Ես հոգեւորական եմ, սակայն առաջին հերթին հայ եմ: Հայ եմ ըսելով` դարձած եմ հոգեւորական: Հայեցի, հայրենասիրական, ազգանպաստ մտորումները, զգացումները հայ հոգեւորականին այնպէս կը պահեն եւ կ’ուղղորդեն, որպէսզի ան կարենայ հոգեւոր կեանքի մէջ իր ազգին համար հայապահպան մեծ աշխատանքներ կատարել:

–Հա՛յր Պետրոս , կենդանի հաւատքը կրնա՞յ  այն զօրեղ կռուանը ըլլալ, որ հայն ու Հայաստանը դարձնէ հզօր:

-Անշու՛շտ: Եթէ չունենայինք այդ հաւատքը, այսօր չէր ըլլար Հայաստան, մենք այս փոքրիկ Հայրենիքն անգամ չէինք ունենար: Բացի հաւատքէն` անհրաժեշտ է, որ շատ ամուր թելերով կապուած ըլլան Սփիւռքն ու Հայաստանը: Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը այնչափ կարեւոր է կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Շատ կարեւոր է մեր Աթոռի կեցուածքը, այն է` Սփիւռքը պէտք է զօրացնել ի խնդիր Հայաստանի եւ հակառակը: Եթէ ինչ-ինչ պատճառներով Սփիւռքի զանազան գաղութներէ հայերը կ’ուզեն գաղթել, հեռանալ,ապա, ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ` անոնց վախճանակէտը պէտք է ըլլայ Հայաստանը: Հաւաքուիլ Հայաստանի մէջ, հզօրանալ ու հզօրացնել Հայրենիքը, միասնական ըլլալ` ահա սա՛ է Հայաստանը հզօրացման տանող ուղիղ ու ճշմարիտ ճանապարհը:

 –Դուք տեղեկատուական դաշտի մէջ էք եւ քիչ առաջ ըսիք, որ թոյլ է  կապը Հայաստանի եւ Սփիւռքի` այդ ոլորտի գործակցութեան յարաբերութիւններուն մէջ, եւ այն ամրացնելու յոյսը նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնն է. ե՞րբ  համագործակցութեան կամուրջ հիմնած էք նախարարութեան հետ եւ ինչպէ՞ս  կը գնահատէք նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը:

-Արդէն ըսած եմ, որ Հայրենիքի մէջ մեր սրտին շա՜տ մօտ, շա՜տ հարազատ  անկիւն մըն է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` Սփիւռքի նախարարին շնորհիւ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման օրուընէ մինչ օրս սերտ համագործակցութեան մէջ է: Սփիւռքի նախարարութիւնը յաճախ կը տարածէ մեր լուրերը եւ մեր աշխատանքներուն մասին յաւելեալ լուրեր կը տարածէ իր լրատուական կայքերուն միջոցով, որուն համար շատ շնորհակալ ենք:

–Հա՛յր Պետրոս, ես ալ շնորհակալ եմ Ձեզի` բովանդակալից, հետաքրքիր, ուսանելի, հարուստ տեղեկատուութեամբ յագեցած հարցազրոյցին համար:

 «Հայերն այսօր»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *