*ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*
«Ոչ թէ ան է ուժեղ, որ ուժ ունի, այլ ան որ իր մէջ ուժ կը գտնէ»
Հեղինակը Անյայտ
Վերոյիշեալ խօսքն էր առաջին տպաւորութիւնս, երբ կարդացի Ընկեր Յակոբ Գասարճեանի յուշերը՝ «Նուիրում ՌԱԿ-ի Ճամբով»: Որքան ճիշդ խօսք: Այսօր մեզմէ քանինե՞ր քաջութիւնը ունին իրենց սխալները ընդունելու: Քիչեր, վստահօրէն: Մարդը ընդհանրապէս կը տառապի իր սխալը ընդունելու բարդոյթէն: Շատեր կը կարծեն, որ կը տկարանան, երբ ընդունին իրենց սխալները:
Ընկեր Գասարճեան այս գիրքին մէջ ներկայացուցած է իր ազգային կեանքի փորձառութիւնը, որմէ շատ բան կարելի է սորվիլ: Ան իրադարձութիւնները եւ դէպքերը նշած է այնպէս, ինչպէս որ են: Ո՛չ այնպէս ինչպէս յետադարձ ակնարկով մը այսօր պիտի ուզէինք, որ ըլլային: Սխալներ եղա՞ծ են: Անշուշտ: Միայն չաշխատող մարդը չի սխալիր: Սակայն իմաստուն է ան, որ սխալէն կը սորվի եւ չի կրկներ զայն: Ընկեր Գասարճեան ներկայացուցած է դէպքերը, մեզի եւ պատմութեան ձգելով զանոնք դատելու իրաւունքը: Իմաստուն է այն կազմակերպութիւնը, որ լուծումներ կը գտնէ իր հարցերուն, դաւանելով մեծ փիլիսոփայ Արիստոտէլի «Ոսկեայ Միջին»ը: Շատ հարցեր կան մեր իրականութեան մէջ, որոնք չունին միակ լուծում: Փորձենք գտնել այդ միջին լուծումը, որ պիտի գոհացնէ մեծամասնութիւնը եւ պայծառութիւն պիտի բերէ բոլորիս:
Երկրորդ տպաւորութիւնս էր, «նուիրումի ճամբան», զոր որդեգրած էր Ընկեր Գասարճեան: Իսկապէս մեր ազգը նուիրեալ մարդոց պէտք ունի: Ամէն մարզի մէջ մեր ազգը պէտք ունի պայծառացումի: Համամարդկային է նուիրումի գաղափարը: Նուիրում՝ գաղափարի մը, ազգին, մեր ընտանիքին: Առանց նուիրումի ընկերութիւնը կ’ուղղուի դէպի կործանում: Ազգին իր նուիրումի, որպէս միջոց ընկեր Գասարճեան, հետեւելով իր մեծանուն հօր աւանդին, նախ ընտրած է ՀԲԸՄ-ն ու ՀԵԸ-ը: Ապագային գիտակցելով, որ ազգի մը փրկութիւնը նաեւ անոր քաղաքական միտքի զարգացումէն ալ կախեալ է, ան Մեծ Միութեան ծառայութեան կողքին ան որոշած է անդամակցիլ Հայ քաղաքական կուսակցութեան մը: Ընկեր Գասարճեան իր դաստիարակութեան եւ ազատական ու ժողովրդավար իր հաւատամքին հետ միշտ համահունչ, բնականաբար ընտրած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Անոր ազգային եւ քաղաքական դարբնոցին մէջ ստանձնելով պատասխանատու դերեր:
Գիրքին առաջին մասը կը բովանդակէ բազմաթիւ դրուագներ, յուշեր ինչպէս վերելքի ոսկեայ օրերէ եւ զանազան պաշտօնական հանդիպումներէ: նաեւ Հայ ազգին համար դժուար օրերէ: Դժուար ժամանակներու ականտեսը եղած է Ընկեր Գասարճեան: Ինչպէս Հայրենիքի անկախացման առաջին օրերու դժուարութիւններուն նաեւ ներ-կուսակցական հարցերուն: Դժբախտաբար անձնական շահերը գերադասող մարդիկ ներ-կուսակցական տագնապ յառաջացուցին 1990-ականներուն: Ամէն մարդ իր տեսանկիւնը համարեց ճիշդը: Քիչեր ազգին եւ կուսակցութեան շահերը գերիվեր համարեցին եւ կը համարեն բոլոր շահերէն: Գաղափարի հակառակորդը փոքրացնելու կամ ճղճիմացնելու քաղաքականութիւնը անյարիր է ռամկավարութեան: Այս ախտը մեր մէջէն ընդմիշտ պէտք է հեռացնել: Ամէն մարդ տալիք մը ունի իր կարողութեան սահմանին մէջ: Երկխօսութիւնն է միակ միջոցը հարցերը լուծելու: Ուրիշ ճամբայ գոյութիւն չունի: Ժամն է զգաստանալու:
Ընկեր Գասարճեան քաջ գիտակցած է, որ Ազգը մեզմէ շատ բան կը սպասէ: Ժամն է գտնելու «Ոսկեայ միջին»ը: Ռամկավարութիւնն է լուծումը բոլոր հարցերուն: Ռամկավարութիւնն է, որ մեզի կու տայ առիթը պատրաստելու բանիմաց առաջնորդներ: Ռամկավարութիւնն է, որ մեզի կու տայ իրաւունքը ընտրելու լաւագոյնը մեր ղեկավարներէն: Ղեկավարներ, որոնց համար ազգին նուիրուիլը իրենց կեանքին մաս կը կազմէ: Ղեկավարներ, որոնք գիտեն ներել եւ մանրուքներով չզբաղիլ: Ընկեր Յակոբ Գասարճեան անձին արժանիքներուն շնորհիւ ՌԱԿ-ը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ունեցաւ իր առաջին երեսփոխանը՝ յանձին իրեն: Իր երեսփոխանութեան շրջանին կատարած գործերը եւ կուսակցանուէր աշխատանքը մաս կը կազմեն այս բաժինին:
Գիրքին բովանդակութեան մէջ յստակ է նաեւ, որ Ընկ. Գասարճեան իր կուսակցական կեանքի կողքին նաեւ ան անձնական գետնի վրայ ծառայած է Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման: Ընկեր Գասարճեանի ճիգերով, նաեւ Լիբանանեան «Քրետիթ Պանք»ի հետ գործակցաբար, «Անելիք» պանքի մասնաճիւղերը բացուեցաւ Հայաստանի մէջ: Այստեղ պէտք է կանգ առնել ուրիշ միտքի մը վրայ: Իր գործերով դատենք մարդը եւ ոչ միայն իր գործած մարդկային սխալներով:
Գիրքին երկրորդ մասին մէջ կան Ընկեր Յակոբ Գասարճեանի ելոյթները զանազան առիթներով: Երրորդ մասին մէջ կը գտնենք իր տուած զանազան հարցազրոյցները: Չորրորդ մասին մէջ կը ծանօթանանք Ընկեր Գասարճեանի գրիչին եւ գաղափարներուն իր գրած յօդուածներուն ընդմէջէն: Գիրքին վերջին բաժինին մէջ կը գտնենք Ընկեր Գասարճեանի կենսագրական գիծերը:
Այս գիրքը ճիշդ ժամանակին գրուած յուշերու մատեան մըն է: Կոչ մըն է զգաստութեան եւ ճիշդ ուղին գտնելու: Շնորհակալութեան խօսք Ընկեր Գասարճեանին, որ իր սուղ ժամանակը տրամադրեց այս յուշերը մեզի հետ բաժնելուն համար: Շնորհակալութիւն ընկերներ Յովիկ Էօրտէքեանին եւ Դոկտ.Վաչէ Ղազարեանին, հայերէն լեզուով գեղեցիկ խմբագրման համար:
Ուշագրաւ է գիրքին ետեւի կողքին վրայ գրուած Ընկեր Գասարճեանի կոչը հայ երիտասարդութեան, որ աւելի քան այժմէական է, որովհետեւ երիտասարդը անկեղծ է, բարդոյթներէ հեռու եւ մանրուքներով չի զբաղիր: Այո՛, «Ոտքի՛ ել հայ երիտասարդութիւն: Դո՛ւն ես ազգին յոյսն ու ապագան: Ամէն տեղ երիտասարդութիւնն է պայքարի առաջին գիծերուն վրայ: Դո՛ւն ալ, հա՛յ երիտասարդ, գիտակցէ՛ ուժիդ ու գործածէ զայն յօգուտ հարենիքիդ պաշտպանութեան եւ վերականգնումին»: