Շուկայական

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մի քանի տարիներ եւ աւելի կանուխ ալ ի հարկին, արտադրութեան  նիւթ մը, որ շուկայ պիտի յայտնուի, արդէն իսկ մտքի պատրաստութեան արուեստը կը կիրարկուի: Կը սկսի գովազդը, ուղեղներու մէջ տեղ գրաւելու ու անկէ՝ կը սկսի պահանջքը այս անգամ շուկայի մէջ ու արդէն երբ պահաջքը գոյ է, հայթայթումն ալ տրամաբանական  շարունակութիւնն է:

  Կ՛ըսուի թէ Պեռնար Շօ երբ առաջին գիրքը հրապարակեց անծանօթ մըն էր. ուստի, պահանջք գոյութիւն չունէր. ոչ ոք լսած էր իր մասին. ուրեմն, ո՞վ պիտի ուզէր ունենալ: Ուստի, ի՞նչ ընել մտածեց. ինք հրատարակած էր գիրքը, ինքն էր հրատարակիչը, ինք իր սեփական լումայով տպել տուած: Ուստի, շրջեցաւ գրավաճառէ գրավաճառ, ամէնուն հարց տալով թէ արդեօք ունի՞ն Պեռնար Շօյի նոր հրատարակած գիրքէն: Անոնք կը  պատասխանէին.- Պեռնար Շօ՞ այդպիսի մէկու մը մասին երբեք չեն լսած… ինք կ՛ըսէր «Տարօրինակ…այդպիսի մեծ անձ մը եւ դուք անտեղեաք էք… կ’երեւի ժամանակի հետ քայլ չէք պահեր… ձեր առաջին խնդիրը պէտք է ըլլայ ունենալ անոր գիրքերէն»:

Ինք միայն մէկ գիրք հրապարակած էր, սակայն կը ծանուցանէր մի քանի գիրքերու մասին…(այս ալ շուկայի վարքագիծերէն), երբ միայն մէկ գիրքի մասին խօսիս, մեծ ըլլալու վաւերականութենէն կը հեռանաս… միայն մէկ գիրքով մեծ գրող ըլլալ անհաւանական կը թուի:

Պեռնար Շօ կը շրջէր տարբեր հագուստներով… տարբեր տեսքով. երբեմն գլխարկով, երբեմն ակնոցով, վերջապէս տարբեր տարբեր կերպարանքներով… եւ մարդիկ սկսան զանգել իր բնակարանը իրմէ գիրք խնդրելու… եւ  այս ամէնը ծանուցումներու հաշւոյն, որպէսզի գոհացնէ պահանջողները: Ահա թէ ինչպէս վաճառեց ան իր առաջին գիրքը: Ան անցորդներու ալ հարց կու տար. «Լսեցի՞ք …գիրքի մը մասին… ես յաճախ կը լսեմ գիրքի մը մասին գրուած Պեռնար Շօ կոչուած հեղինակի մասին… գրասէրներ հրապուրուած են եւ կը գովաբանեն, մեծ եւ տաղանդաւոր ըլլալուն համար», իսկ եթէ ժխտական պատասխանի հանդիպէր, ինք կ՛ըսէր «այս տարօրինակ է… ես կը խորհէի թէ Լոնտոնի բնակչութիւնը մշակութասէր է»:

Եւ ինք գնաց գրատուններ, ակումբներ եւ ամէնուր որ կարելիութիւն կար պահանջք մը  հրահրելու գիրքի վերաբերեալ : Եւ յաջողեցաւ: Ծախեց գիրքը, միշտ պահանջքը հրահրելով:

Սպառեց գիրքերը եւ եղաւ իր ժամանակի մեծագոյն գրողներէն մին:

Յ.Գ. թարգմանաբար  ՕՇՈՅԻ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ գիրքէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *