Պտըտկելով «Զ» Տառին Շուրջ…

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

«Զ»ն հայկական Այբուբենի 6-րդ տառն է։

Հաւանաբար անդրադարձեր էք, որ անիկա շատ կենսական ներկայութիւն է մասնաւորաբար մեր գրաբարին մէջ, որովհետեւ իբրեւ նախդիր կը դրուի գոյականներուն առջեւ, զանազան պարտականութիւններով։ Յիշե՛նք Տէրունական Աղօթքին նշանաւոր տողը.- «…Զհաց մեր հանապազորդ՝ տուր մեզ այսօր…»։

Զարեհ Ա. կաթողիկոս

Պիտի ուզէի պահ մը դանդաղիլ «Զ»-ով սկսող հայերէն արական անուններուն վրայ։

Հայկական անձնանուններու ցուցակներուն մէջ «Զ»-ով սկսող արական անունները շատ չեն. հազիւ տասի չափ,- Զատիկ, Զարեհ, Զարմայր, Զաւէն, Զաքար(իա), Զենոբ, Զօհրապ, Զօրայր, Զուլալ…։

Կը խորհիմ որ ասոնց մէջ ամէնէն տարածուն ու սիրուած անունը, ներկայիս, ԶԱՐԵՀն է։

Իսկապէս գեղեցիկ անուն է Զարեհը, պարսկական ծագումով, թէեւ իմաստը յստակ չէ։ Մեր հին թագաւորական շրջաններուն՝ լայնօրէն տարածուն անուն մը եղած է։ Զորօրինակ, Արտաշէսեան Հարստութեան հիմնադիր Արտաշէս Ա.ի հօր անունը Զարեհ էր (Քրիստոսէ երկու հարիւր տարի առաջ)։ Նոյն այդ հին դարերուն Մեծ Հայքի քարտէսին վրայ ցոյց կը տրուէին Զարեհաւան անունով քանի մը շէն քաղաքներ։ Ասոնցմէ մին կը գտնուէր Այրարատի Ծաղկոտն գաւառին մէջ, Մասիս լեռնէն ոչ հեռու, դէպի արեւմուտք։ Ըստ պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի՝ Մեծն Տիգրան հազարաւոր հրեաներ բերաւ բնակեցուց այստեղ։ Իսկ Վարդանանց հերոսամարտի ականատես պատմիչը՝ Եղիշէն, այս քաղաքին անունը կը յիշէ պատմելու համար այնտեղ համախմբուած մոգերու ջարդը հայ ապստամբներու ձեռամբ…։ Այս միեւնոյն Զարեհաւանը, յետագային (Թ. դար), ծննդավայրը պիտի դառնար Թոնդրակեան աղանդաւորական շարժման հիմնադիր Սմբատ Զարեհաւանցիին։

Զարեհ Խրախունի

Կը տեսնուի, որ այս Զարեհաւանը աննշան բնակավայր մը չէր…։

Այլ Զարեհաւան մըն ալ՝ իբրեւ գաւառ, գոյութիւն ունեցած է Պարսկահայք նահանգին մէջ, այժմու Սալմաստի մօտերը (Իրան), Ուրմիոյ լճին հիւսիս արեւմուտքը։

Վերադառնալով Զարեհ անունին, պէտք է նկատել տալ, որ Զարեհները աւելի շատ են մե՛ր օրերուն, քան անցեալին։

Կրնա՞նք չյիշել Անթիլիասի Կիլիկեան Աթոռին տառապեալ գահակալը՝ Զարեհ Վեհափառը (1956-1963), կամ միեւնոյն ուխտին անմոռանալի ու վաղամեռիկ դէմքերէն Զարեհ արք. Ազնաւորեանը, որ մեզի ժամանակակից մեծագոյն աստուածաբաններէն մին էր՝ խորահմուտ ու գիտնական։ Եւ կամ կարելի՞ է մոռնալ սփիւռքահայ բանաստեղծ ու թատերագիր Զարեհ Մելքոնեանը, պոլսահայ բանաստեղծներ Զահրատը (բուն անունով՝ Զարեհ Եալտըզճեան) եւ Զարեհ Խրախունին,Ֆրանսահայ վիպագիր Զարեհ Որբունին, Սամսոն քաղաքի հարազատ զաւակ՝ գեղանկարիչ Զարեհ ՄութաՖեանը, դրամագէտ Զարեհ Պտուկեանը…։

Այս բոլոր անուններն ալ իրենց լուման դրին հայ մշակոյթի գանձանակին մէջ ու յետոյ անցա՜ն-գացի՜ն…։

ԶԱՐՄԱՅՐը զուտ հայկական անուն է, հաւանաբար կազմուած՝ «զարմ(ցեղ)» եւ «այր» բառերէն։ Ըստ պատմահայր Խորենացիի, մեր ազգին առաջին նահապետներէն մին Զարմայրն էր, որ մասնակցեցաւ Տրովադայի նշանաւոր պատերազմին։ ԺԹ. դարու  արեւելահայ յայտնի գրողներէն Ռափայէլ Պատկանեան իր «Զարմայր նահապետի մահը» պոէմով անմահացուցած է զայն։ Ես իմ կեանքին ամբողջ տեւողութեան ճանչցայ այս անունով մէ՛կ անձ միայն՝ բարեհամբոյր Տ. Զարմայր աւ. քհնյ. Հինտոյեանը (վխճ.՝ 1988-ին), երկարամեայ ու սիրուած հովիւը հալէպաբնակ այնթապահայերուն կամ անոնց շառաւիղներուն։

Զարեհ Մութաֆեան

ԶԱՒԷՆը եւս պարսկական ծագում ունի եւ մէկն է իրանեան «էն» փաղաքշական մասնիկով վերջացող անուններէն (Սուրէն, Գուրգէն, Վազգէն եւայլն)։ Ըստ Աճառեանի՝ կը նշանակէ «օգնող, օգնական»։ Այս ալ նօսրացած անուն մըն է այլեւս, թէեւ տակաւին կը գործածուի եկեղեցական շրջանակին մէջ։ Յիշենք Մեծ Եղեռնի օրերուն Կ. Պոլսոյ հայոց տարաբախտ պատրիարքը՝ Զաւէն արք. Տէր Եղիայեանը կամ եգիպտահայոց նախկին երկարամեայ առաջնորդ Զաւէն արք. Չինչինեանը։ Կան Զաւէն անունով մեծաթիւ քահանաներ։

ԶԱՔԱՐը ինծի մի՛շտ կը յիշեցնէ հայազգի Զաքարէ իշխանը, Օրբէլեան տոհմէն, որ ԺԲ. դարու վերջերէն սկսեալ Հայաստանի հիւսիսային տարածքներուն վրայ հիմնեց կիսանկախ զօրաւոր պետութիւն մը՝ վրացական հովանիով, իր եղբօր՝ Իվանէի գործակցութեամբ։ Քաղաքական ու ռազմական տաղանդաւոր գործիչ մըն էր։ Թաղուած է Սանահինի վանքը։

Այս անունը եբրայական ծագում ունի եւ կը նշանակէ «յիշատակ» (արաբերէն «զիքրա» բառն ալ նոյն իմաստը ունի)։ Մեր եկեղեցական պատմութիւնը հարուստ է բազմաթիւ Զաքարիաներով (Թ. դարու կաթողիկոս Զաքարիա Ձագեցին, ԺԴ. դարու մանրանկարիչ Զաքարիա Աղթամարցին, ԺԷ. դարու պատմիչ Զաքարիա Քանաքեռցին, նոյն դարու ճանապարհորդ-օրագրող Զաքարիա Ագուլեցին, Պոլսոյ համբաւաւոր պատրիարքներէն Զաքարիա Կաղզուանցին՝ ԺԸ. դարէն եւ այլն)։ Ա՛լ սակայն գործածական ու տարածուն անուն մը չէ Զաքարը, դժբախտաբար։

Զարեհ Որբունի

ԶՕՀՐԱՊը եւս պարսկական ծագում ունի։ Իմաստն ալ (ըստ Աճառեանի) հետաքրքրական է.- «Կարմրափայլ»։ Արդեօ՞ք մեր նահատակ մեծանուն գրագէտ Գրիգոր Զօհրապին պապերը կարմրափայլ դէմքեր ունէին…։

ԶԵՆՈԲը գրեթէ դադրած է գործածութենէ։ Այս անունը միշտ ալ մեզի պիտի յիշեցնէ «Պատմութիւն Տարօնոյ» երկի ասորի հեղինակ Զենոբ Գլակը, որ ըստ աւանդութեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աշակերտներէն էր եւ որ եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք վանահայր նշանակուեցաւ Մշոյ Ս. Կարապետի վանքին։ Իր անունով ալ՝ վանքը յաճախ կոչուած է Գլակայ վանք։

ԶՕՐԱՅՐը միակ անձ մը կը յիշեցնէ մեզի,- հայրենի անուանի վիպագիր ու թատերագիր Զօրայր Խալափեանը։ «Որտե՞ղ էիր, մարդ Աստծոյ», ձայն պիտի տար ան մեզի…։

Ու վերջապէս՝ ԶՈՒԼԱԼը, որ կը նշանակէ վճիտ ու յստակ։ Մէ՛կ անձ ճանչցած եմ այս սիրուն անունով՝ Ֆրանսաբնակ տարաբախտ բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանը։

Արեւաշող ու զուարթ օրեր կը մաղթեմ «Զ» սկզբնատառով անուն կրող բոլո՜ր հայերուն…։

   Հալէպ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *