Շուտով բեմ պիտի բարձրանայ ԹՄՄ Երուանդ Օտեան Թատերախումը «Խնձորի Բուրմունքը» խորագիրը կրող նոր գործով մը: Այս առիթով զրոյց մը ունեցանք թատերախումբի տնօրէնին հետ:
Կը պատմէ՞ք ինչպէս ծնաւ ներկայացման մտայաղացումը
Թատերգութիւնը շատոնց ծրագրած էինք, բայց որոշ պատճառներով յետաձգեցինք, մօտ տասը տարի: 2006-ին էր, երբ փորձեցինք բեմադրել զայն, բայց այդ ժամանակ ալ խոչընդոտներ եղան: «Խնձորի Բուրմունքը» հեղինակին՝ Վաչէ Ատրունիին գլուխ գործոցներէն մէկն է, հիմնուած՝ իրական կեանքի փաստերու վրայ: Հանդիսատեսը հետեւելով թատերգութեան, պէտք է ըսէ. «Այո՛, մենք գիտենք այս պատմութիւնը»: Դերակատարները շատ չեն. ընդամէնը վեց հոգի: Թատրեգութիւնը բաղկացած է երկու արարէ. առաջինին գաղափարը ընտանեկան կեանքն է, ընտանիքին մէջ տեղի ունեցող տարբեր ելեւէջները, միւս գաղափարը հայրենի հողի պաշտպանութիւնն է ` այսինք ըսել կ’ուզեմ, որ մարդը պէտք չէ լքէ իր այգին, իր հողը, որովհետեւ անիկա իր ինքնութեան բուրմուքն է:
Որո՞նք են թատրոնին դերակատարները.
Սկսիմ ամենափոքր դերակատար Հրակ Մկրտիչեանէն, որ կը խաղայ թոռնիկի դերը, որու սիրահարը պէտք է ըլլայ Սթեֆանի Ղուկասեանը, հայրը` Զօհրապ Նալպանտեանը, որու եղբօր դերը կը խաղայ Գէորգ Նալպանտեանը, որոնք իրական կեանքին մէջ ալ եղբայրներ են: Այս մէկը յատուկ այսպէս դասաւորած ենք, որպէսզի թատերգութիւնը աւելի պատկերաւոր ըլլայ, որովհետեւ պատմութիւնը լուրջ գաղափարներու մասին է եւ լուրջ հարցերու մասին պէտք է լուրջ դերասանները ներկայացնեն: Մեծ հօր դերն ալ համեստս կը խաղայ: Ցաւօք, Լիբանանի ժողովուրդը` հանդիսատեսը «աւրուած» է, «թունաւորուած»` այսինքն ժողովուրդին ճաշակը խաթարուած է: Ան շատ յաճախ աժանն ու ծիծաղելին կ՛ուզէ տեսնել: «Պահեստ» չունեցող բեմադրիչը այլանդակութեան կ’երթայ: Ես չեմ ուզեր ըսել այսինչը գէշ է, այնինչը՝ լաւ, այլ ըսել կ’ուզեմ, որ ժողովուրդին պէտք է որակեալը մատուցել: Այս թատերգութիւնը Երուանդ Օտեան թատրոնի 12-րդ ներկայացումն է :
Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք ներկայացումէն:
Մենք շատ բարձր ակնկալիքներ ունինք, քանի որ մեր այցեքարթը մասնագիտացած խումբն է: Կ’ուզեմ հրաւիրել մեր հանդիսատեսը, որ գայ եւ քաջալերէ մեզ:
Մենք շնորհակալ ենք ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի, յանձին Ընկ. Յակոբ Գասարճեանին, թատրոնիս իր մշտական հոգածութեան համար:
Փոքրիկ գովասանքի խօսք կ’ուզեմ ըսել նաեւ մեր բեմադրիչին՝ Վաչէ Ատրունիին, քանի որ այսօր Սփիւռքի, ինչու չէ նաեւ Հայաստանի մէջ, բեմադրիչներու տագնապ ունինք, իսկ այս մարդը կը բեմադրէ ամենաորակեալ ձեւով: Ամէն նոր գործ պէտք է գերազանցէ նախորդը, ահա այս սկզբունքով առաջնորդուած է բեմադրիչը, որուն հետ շատ դիւրին էր աշխատիլը. ամէն հարց միասին կը քննարկէինք եւ միասին ալ լուծումի կը յանգէինք:
Թատերախումբը բեմ պիտի ելլէ Մայիսի 12-ին երկու շաբաթավերջի խաղարկումներով: Շաբաթ 13 Մայիս մեր Կալա ներկայացումը նուիրուած է «Զարթօնք»ի 80 ամեակին:
Բարի վայելում բոլորին:
«Խմբ.»