Արցախի Մէջ Կը Շարունակուի Զինուորականներու Բնակարանային Խնդիրի Կարգաւորման Ծրագիրը

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Մարտունի քաղաքին մէջ աւելցաւ եւս  նորակառոյց թաղամաս մը: Բազմամարդ հաւաքը բնակարանամուտի առիթով էր: Բանալիները Արցախի կառավարութեան ղեկավարին  յանձնած են պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները: Տղամարդոց  կը ներկայանային, պատուի կ’առնէին եւ իրենց բնակարանի բանալիները կը ստանային նաեւ կին զինծառայողները: 3-4 սենեականոց բնակարանները նախատեսուած են ինչպէս գործող՝ ծառայութեան մէջ գտնուող, այնպէս ալ թոշակի անցած զինուորականներու ընտանիքներու համար. «Իմ տղան արդէն քանի մը տարի է բանակին կը ծառայէ: Սպայ է: Շատ ուրախ եմ, որ նոր տուն տուած են: Թող խաղաղութիւն ըլլայ, որ տուն ստացողները ապահով ապրին»,- յուզմունքը դժուարութեամբ կը զսպէ Մարտունիի բնակիչ Միշա Աբրահամեանը:

1 (1)

Ամենաշատը, ուրախացողներուն մէջ, Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավարն է. նոր թաղամասը՝ իր բազմաթիւ երիտասարդ ու բազմազաւակ ընտանիքներով՝ կը խոստանայ շրջկեդրոնի ամենաաշխոյժ հատուածը դառնալ: «67 ընտանիք այսօր բնակարանով ապահովուեցաւ: Համոզուած եմ, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ եւ պիտի կարենանք զինծառայողներու ընտանիքները բնակարաններով ապահովելու ծրագիրին մէջ աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնիլ»,- վստահ է Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեան:

2 (1)

Բնակարան ստանալու իրենց  կարգին զինծառայողներէն ոմանք սպասած են տարիներ շարունակ: Վերջապէս հրաժեշտ տուին ծառայողական կամ վարձուած բնակարաններուն. «Մինչեւ այստեղ տեղափոխուիլը վարձով կ’ապրէի՝ Մարտունիի շրջանի Մուշկապատ գիւղին մէջ»,- կը պատմէ ՊԲ զինծառայողներէն Արման Մուսայէլեան. «Հիմա նոր տուն ստացայ՝ շրջկեդրոնը»: Ընտանիքը Մարտունի՝ յարմարաւէտ բնակարանի մէջ պիտի տեղաւորէ: Ինքը 17 տարի ծառայած է ու դեռ պիտի շարունակէ ծառայութիւնը պաշտպանութեան բանակին մէջ: «Ուրախ եմ, որ այս բնակարանը ստացայ: Համոզուած եմ, որ իմ երեխան այստեղ պիտի ապրի: Ասիկա իր տունը պիտի ըլլայ: Եւ իր ապագան այս 4 սենեականոց բնակարանին մէջ պիտի անցնէ: Ես ալ աւելի հանգիստ պիտի շարունակեմ իմ ծառայութիւնս առաջնագիծի վրայ՝ մինչեւ թոշակի անցնիլս»,- Արման Մուսայէլեանի ծրագիրներն են:

3 (1)

4

Թաղամասը կառուցուած է պետական միջոցներով՝ զինծառայողներու ընտանիքներու բնակարանային ապահովման ծրագիրին ծիրէն ներս: Ծրագիրը կը շարունակուի. «Այս թաղամասին մէջ քանի մը այլ բազմաբնակարան շէնքեր եւս պիտի կառուցուին: Այդ շէնքերէն բնակարաններ պիտի տրամադրուին ո՛չ միայն գործող ու թոշակի անցած զինծառայողներուն, այլեւ անապահով խաւերու ընտանիքներուն»,- Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավարը կը գաղտնազերծէ ոչ հեռաւոր ապագայի ծրագիրները:

Ստեփանակերտ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *