*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող «համազգային» խայտառակ քուէարկութիւնը՝ բազմահազար ընդդիմադիրներու կալանաւորման իրավիճակին մէջ է.
Կարծես թէ բացայայտ չէին Թուրքիոյ արդի պատմութեան մէջ յաճախ կրկնուող զանգուածային ձերբակալութիւններն ու հալածանքը, չբացայայտուած սպաննութիւնները ընդդիմադիր ղեկավարութեան (նոյնիսկ Ռուսիոյ հայ դեսպանին Անգարայի մէջ…), քրտական ամբողջ գիւղեր գետնին հաւասարեցնելու մոնկոլ-թաթարական արշաւանքը՝ Թուրքիոյ մերօրեայ «Սուլթան» Ռէճէփ Թայիպ Էրտողան ի վերջոյ կը փորձէ հասնիլ իր կեանքի երազին՝ դառնալու երկրին ու թրքական սփիւռքի բռնատէրը։
Արդէն իսկ վերջին տարիներուն, թրքական հեռատեսիլի եւ զանգուածային քարոզչական «ուղեղի լուացման» միջոցներով, միլիոնաւոր թուրք թէ այլազգ քաղաքացիներուն կը ներկայացուի օսմանեան վայրագ սուլթաններու վարած ցոփ ու անպատիժ կեանքը՝ իրենց հարեմներով, դաւերով, գլխատումներով, նոյնիսկ «սուրբ-հրեշտակ» Սուլթան Համիտ «կարմիր»-ը, իբրեւ համազգային հպարտութեան խորհրդանիշ։ Իսկ ո՞վ պէտք է ըլլար մերօրեայ «սուլթան»-ը՝ անշուշտ լազի եւ կրօնափոխ վրացիի խառնածին համշէնահայութեան երբեմնի մայրաքաղաք Ռիզէէն՝ Էրտողան…։
Ինքզինք իբրեւ «բարի» ու «հայրական» Սուլթան Սուլէյման եւ Ալ-քանոնին ներկայացնող էրտողանեան առաջին օրերու դիմանկարը, կամաց-կամաց վերածուեցաւ «Եըլտըզի հիւանդ» Սուլթան Համիտ Բ.-ի մերօրեայ տիպարին, որ կը կարծէ թէ կը պայքարի իր դէմ լարուած համաշխարհային մտացածին դաւերու դէմ։ Թուրքիոյ նախագահական թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց տուին երկրին զարգացած ու մտաւորական, տասնամեակներու բռնատիրական վարչակարգերու տառապանքներէն անցած ինչպէս հայ, քիւրտ, ալեւի, զազա, Պոնտոսի յոյն եւ այլ ազգութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու բացարձակ մերժումը կրօնամոլ կուսակցութեան եւ ինքնահռչակ Սուլթան Էրտողանի բոլոր ծրագիրները։ Իր ձախողութենէն կատղած՝ իր դէմ զինուորական յեղաշրջման փորձը իբրեւ պատրուակ օգտագործելով՝ Թուրքիոյ բռնատէրը բազմահազար ընդդիմադիրներ բանտերը նետեց, գործէ արձակելով լուսաւորեալ փաղանգի երեւելիները Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (H.D.P.) համանախագահ Սալահէտտին Տէմիրթաշը եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրուած պատգամաւորները, ապա՝ դաշինքի մտնելով ազգայնամոլական կուսակցութիւններու հետ, յայտարարեց իր խելապատիկէն բխած սահմանադրական փոփոխութիւններու ի նպաստ համազգային քուէարկութեան ծրագիրը…։
Կեղծիքներու, սպառնալիքներու, սպաննութիւններու, ահաբեկումներու զզուելի մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցած այս քուէարկութիւնը, անցեալ Կիրակի օր, ցոյց տուաւ Թուրքիոյ գլխաւոր քաղաքներու բնակչութեան բացայայտ «Ոչ»-ը Էրտողանի ծրագիրներուն։ Պոլիս, Անգարա, Իզմիր, Վան դէմ քուէարկեցին՝ քարուքանդ եղած Տիարպեքիրին հետ։ Էրտողանի հետ եղան Սեւ Ծովու իր ծննդավայրի մոլեռանդ քրտատեաց ու հայատեաց լազերն ու թրքացած համշենահայերու ու Պոնտոսի յոյներու ստուար զանգուածը (միշտ ապրելով նոր ցեղասպանութիւններու սարսափին մէջ)։ Անշուշտ, Իրաքն ու Սուրիան կողոպտած Էրտողանի Տաէշն ու արիւնախում աւազակները, քարիւղի մաքսանենգութեամբ միլիոնաւոր տոլարներու շահոյթ բերած էին Թուրքիոյ բռնատէրին, որոնք օգտագործուեցան իբրեւ ընտրակաշառքներ՝ գնելու համար ծայրայեղ աղքատութեան մէջ տուայտող գաւառներու բնակչութեան ձայները։ Ի վերջոյ, արտերկրի Թուրքիոյ քաղաքացիներու կեղծուած քուէներու «լցոնում»-ը շատ կասկածելի 51.37-48.63 «յաղթանակ» բերաւ Էրտողանին, որ յստակօրէն ցոյց կու տայ քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ նոյնիսկ պատերազմի նախադրեալները, եթէ այս խաբեբան փորձէ մինչեւ 2029 թուական երկրի ցմահ նախագահը դառնալ։
Արդէն իսկ ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւններն ու ուժերը դատական հայցեր ներկայացուցին այս ընտրութիւն-քուէարկութեան արդիւնքներուն դէմ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ Էրտողանի այսպիսի գործելակերպը վարկաբեկելու Թուրքիոյ վարչակարգը «քիթը կոխելու» եւրոպական երկիրներու հարցերուն, ցամաքամասը գրաւելու կոչերով, իր բարենպաստ անդրադարձը ունեցաւ հայ ժողովուրդի արդար դատին վրայ եւ արդէն իսկ ունեցանք պայքարի հզօր դաշնակիցներ… Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ։