Լիբանանի Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբը Բեմ Կը Բարձրացնէ Ռէյ Գունիի «Ֆանի Մանի»ն՝ Բացառիկ Խաղարկութեամբ ու Բեմադրութեամբ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Հայ թատրոնի պատնէշին վրայ մնալ տասնամեակներ շարունակ իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ,  մանաւանդ քաղաքացիական արիւնալի պատերազմներ տեսած երկրի մը համար՝ ինչպէս Լիբանանն է, միայն հերոսութիւն կարելի է համարել…։ Յարութ Գնդունիի անսահման աշխատասիրութիւնը, խիզախութիւնը, հայրենասիրութիւնը միայն հիացմունք կը յառաջացնէ բոլորիս մօտ։ Հայ արդի թատրոնի, մանաւանդ անմահ Մհեր Մկրտչեանի հետ բեմ բարձրացած դերասան Գնդունին, այսօր քաջութիւնը ունեցած է սիրողական կամ մասամբ արհեստավարժ դերասան-դերասանուհիներ բեմ բարձրացնել ու ներկայացնել Ռէյ Գունիի «Ֆանի Մանի»ն։ Ներկայացումը շնորհիւ ամբողջական շարժման, երգիծանքով ու անսպասելի անակնկալներով լեցուն արուեստին, հանդիսատեսը սկիզբէն մինչեւ վերջին արարին աւարտը կապուած պահեց ՝ ուրախ ու երջանիկ եզրակացութեամբ…։ Ահա եւ Յարութ Գնդունիի բեմադրիչին երկարամեայ փորձին ու տաղանդին վառ արտայայտութիւնը։

Գնահատանքի ջերմ խօսքեր կարելի է նուիրել անխոնջ դերասանուհի, ընտանեօք Լիբանանի հայ թատրոնի պահպանման նուիրուած Այտա Մահսէրէճեանին ու իր գեղանի դուստրերուն՝ Բալիկ Սրապիոնեանի եւ Քրիստինա Սրապիոնեանի, որոնք թատերգութենէ թատերգութիւն կ’աճին, փորձ ու վարպետութիւն ձեռք կը բերեն, եւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին իսկ խոստովանութեամբ՝ անգնահատելի դեր կատարած են կազմակերպչական գովազդներու, որմնազդ-աֆիշներու պատրաստութեան մէջ նաեւ։ Օրինակելի երեւոյթ, որմէ դաս պէտք է առնեն հայ բեմարուեստին նուիրեալներէն շատեր…։

Իր առինքնող կեցուածքով եւ բաւական լուրջ խաղարկութեամբ ուշադրութիւն գրաւեց Հայզաւակ Լէփէճեան՝ ոստիկան Սլէյթըրի կարեւոր դերով։ Մինչ երիտասարդ ու տաղանդաշատ դերասաններ՝ Վիգէն Քէօշկերեան (Վիք), Կարօ Բանօղլեան (Պիլ), Մանուէլ Թոքմաքճեան (Անցորդ), առանձնակի երանգ ու աշխուժութիւն ներարկեցին ծիծաղաշարժ ու երբեմն ողբերգա-կատակերգական տեսարաններուն։ Ամբողջապէս կուռ թատերախումբ մը, հաւատարիմ Մհեր Մկրտչեանական ոգիին, իսկ մենք, իբրեւ լրագրողներ, կու գանք շնորհաւորելու բոլորը՝ գլխաւորութեամբ միշտ համեստ եւ ազնիւ Յարութ Գնդունին։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *