Մարմար, Մարմաջ, Մարմանդ Եւ Ճարմանդ

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Ամէն օր սորվելիք ունինք։

Այս խօսքը մասնաւորաբար ի զօրու է անո՛նց համար՝ որոնք ամէնօրեայ ընթերցումներ կը կատարեն, կþախորժին ամէն օր քանի մը էջ կարդալէ. անկողին չեն մտներ՝ առանց թերթ մը, գիրք մը կարդալու։ Եւ այդ ընթերցումներուն ընթացքին, անխուսափելիօրէն, դէմ յանդիման կու գան նոր բառերու, կը ստիպուին բառարան բանալ ու…նո՛ր բառ մը սորվիլ։

Այս տեսակ մարդիկ չնչին փոքրամասնութիւն մըն են այլեւս մեր հաւաքականութեան մէջ, սակայն տակաւին չեն սպառած բոլորովին։ Մեր հրաշալի լեզուն կþապրի ու կը շնչէ այդ փոքրամասնութեան շնորհիւ։

Իմ պարագան ալ նոյն է։ Պարբերաբար կը հանդիպիմ ինծի անծանօթ բառերու, մանաւանդ եթէ կþընթերցեմ արեւմտահայ կամ սփիւռքահայ առաջին սերունդի մեր անկրկնելի գրողներուն գործերը, որոնք գրի առնուած են զմայլելի լեզուով ու հարուստ բառապաշարով։

Անցեալները հանդիպեցայ «մարմանդ» բառին։ Իմաստը տարտամ էր մտքիս մէջ։ Եւ որովհետեւ գեղեցիկ բառ մըն էր՝ չզլացայ բառարան բանալու։

«Մարմանդ» կը նշանակէ եղեր հովասուն վայր, զով տեղ։ «Ժողովուրդը ամրան եղանակին կը դիմէ մարմանդ դաշտերն ու գիւղերը»։ Աղուոր նախադասութիւն մըն է, չէ՞։

Այս բառը ունի եղեր երկրորդ իմաստ մըն ալ.-«Մեղմ, հանդարտ»։ Օրինակ՝ մարմանդ կրակ, մարմանդ քամի, մարմանդ գիշեր։

Բառարանին տուած այս հետաքրքրական բացատրութիւնները քիչ-քիչ թարմացուցին իմ յիշողութիւնը։ Նախ մտաբերեցի հայրենի նշանաւոր երգչուհի ՕՖելիա Համբարձումեանի ծանօթ երգը՝ «Հէ՜յ, մարմանդ հով»։ Իմ երաժշտասէր բարեկամներէն մէկն ալ յիշեցուց ինծի Թաթուլ Ալթունեանի ժողովրդային երգերէն մին‎՝ «Իջաւ մարմանդ իրիկուն»։ Յետոյ անդրադարձայ որ շատ ժողովրդային ասացուածք մը կար, զոր կը գործածէին մեր մեծերը.-«Մարմանդ ջուրէն վախցի՛ր»։ Այս ասացուածքին թրքերէնն ալ շատ տարածուն է եւ գործածական, մանաւանդ կիլիկեցի թրքախօս հայերու շառաւիղներուն բերնին մէջ…։ Այսինքն, ըսել կþուզուի որ հանդարտ հոսող գետին ջուրը խորունկ կþըլլայ ու վտանգաւոր…։ Զգո՜յշ։

Այս նոյն ասացուածքը փոխաբերաբար կը գործածուի նաեւ բնորոշելու համար հանդարտ երեւոյթով մարդիկը, արտաքուստ բարեհոգի, բայց որոնք սովորաբար կþըլլան խորամանկ ու նենգ…։

*

   Կը հաւատամ, որ մեր գործածած բոլոր բառերն ալ, մայր բնութեան գլխաւոր տարրերուն՝ մարդոց, բոյսերուն եւ անասուններուն նման ունին թէ՛ ուշագրաւ նմանութիւններ եւ թէ՛ բացայայտ տարբերութիւններ։

Օրինակ, սա «մարմանդ» բառը, որուն մասին մտմտացի երկարօրէն, զիս անմիջապէս յղեց «մարմար» բառին։ Մարմանդ եւ մարմար։ Երբ «մարմանդ»ի իմաստին կը փորձէի թափանցել, ճիշդ միեւնոյն պահուն՝ իմ ուղեղէն ներս ինքնաբերաբար կը խուժէր «մարմար»ը։ Երկու բառերուն հնչիւնային նմանութիւնը ակներեւ է։ Նոյնիսկ մարդ կրնայ դիւրաւ շփոթել այս երկու բառերը իրարու հետ եւ կամ ենթադրել՝ որ մարմանդը նոյնինքն մարմարն է…։ Կրնա՛յ պատահիլ։

Եկէ՛ք ուղղուինք դէպի «մարմար»։

Ի՞նչ է «մարմար»ը։ Թերեւս աւելորդ է այսպիսի հարցում մը, որովհետեւ փոքրահասակ երեխաներն անգամ գիտեն, որ մարմարը քարի տեսակ մըն է։ Փայլուն, յղկուած եւ տաշուած քար մը, որ իր զանազան գոյներով՝ ներկայութիւն է ամէնէն առաջ մեր խոհանոցներուն կամ բաղնիքներուն մէջ։

Քանի կը յառաջդիմեն քաղաքակրթութիւնն ու ճարտարապետութիւնը՝ մարմարը աւելի՛ ու աւելի՛ պատուոյ տեղ կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ։ Այսօր ամէնուրեք կրնանք հանդիպիլ շքեղ պանդոկներու, սրահներու, առեւտրական կեդրոններու, որոնց ներքին յարդարանքը գրեթէ ամբողջովին մարմարով կատարուած է։ Սալայատակը մարմար է, պատերը մարմար են, աստիճաններն ու սիւները մարմար են։ Ամէն ինչ մարմարապատ է։

Բայց ես, անձնապէս, ամէն անգամ որ «մարմար»  բառը լսեմ կամ կարդամ, երկու բան կը մտաբերեմ.

Ա)- Սիամանթոյի շատ նշանաւոր «Ես երգելով կþուզեմ մեռնիլ» քերթուածը («Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» հատորէն), որուն մէջ նահատակ բանաստեղծը կը խօսի իր դուռը բախող երիտասարդ զինեալ հայդուկի մը մասին, նշելով որ անոր հասակը «մարմարներու զօրութիւններէն էր կերտուած»…։ Մարմարը, այստեղ, տոկունութեան եւ դիմադրողականութեան խորհրդանիշը դարձեր է։

Բ)- Կը յիշեմ իսթանպուլահայ գրականութեան 50-ական թուականներու երեւելի բանաստեղծներէն Մկրտիչ Հաճեանը (1915-1985), որ կանուխէն գաղթեց Պոլսէն ու գնաց հաստատուեցաւ…Մեքսիքօ։ Հաճեան քիմիագէտ էր. ան Մեքսիքոյի մէջ կատարեց քիմիական նիւթերէ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՄԱՐՄԱՐ ստեղծելու զարմանահրաշ գիւտ մը, որ շատ գնահատուեցաւ գործարար շրջանակներու կողմէ։

Հէ՜ք Հաճեան։ Գրեթէ մոռցուած կամ անծանօթ անուն մըն է ան հիմա։ Իր ծննդեան 100-ամեակն ալ եկաւ ու անցաւ։ Մէկը յիշատակե՞ց զինք։

           *

    «Մարմանդ»ը, որ ինչպէս տեսանք, կը նշանակէ «մեղմ, հանդարտ», բոլորովին տարբեր իմաստ մը կը ստանայ՝ եթէ այս բառին առաջին տառը փոխարինենք «Ճ»ով։ «Մարմանդ»ը վերածուած կþըլլայ «ճարմանդ»ի։

Ահաւասիկ բառ մը, զոր շատ-շատեր իրենց բովանդակ կեանքին ընթացքին մէկ անգամ իսկ գործածած չեն։ Բառ մը, որ թերեւս իր իմաստին իսկ պատճառով՝ կծկուեր մնացեր է անկիւն մը, դարձեր է գրեթէ անգործածելի։

Ի՞նչ է «ճարմանդ»ը։

Ճարմանդ 2

Ճարմանդ
Ճարմանդ

 

Ճարմանդը, նախ, կը տեսնենք եկեղեցական զգեստներուն վրայ։ Գեղահիւս շուրջառներն ու սեւ կամ մանիշակագոյն փիլոնները, զորս իրենց ուսին կþառնեն եկեղեցականները, օժտուած են ճարմանդներով։

Ճարմանդը կարթաձեւ ու օղակաւոր այն խոշոր զարդասեղն է, որ շուրջառին կամ փիլոնին երկու ծայրերը կը միացնէ, կþօղակէ իրարու. ու այդպիսով՝ զգեստը հաստատուն կը մնայ եկեղեցականին ուսին վրայ։

«Ճարմանդ» կը կոչուին նաեւ այն խոշոր կոճակները, որոնք երբեմն այր մարդոց շապիկի թեւերուն անցուած կþըլլան՝ իբրեւ փայլք կամ զարդասեղ։ Հանգամանաւոր կամ բարձրաստիճան դէմքեր, մանաւա՛նդ մեծահարուստներ, պաշտօնական եւ հանդիսաւոր առիթներով կը սիրեն ճարմանդով օժտել իրենց շապիկին թեւերը, դաստակին վրայ։ Անիկա ցուցանիշ մըն է կարծէք ընկերային որոշ դիրքի մը։

Իսկ «Մարմա՞ջ»ը։ Յաճախակիօրէն գործածուող բառ մըն է ասիկա, որ կը նշանակէ բուռն ցանկութիւն, ներքին զօրաւոր գրգիռ, տենչ։  Օրինակ՝ գրելու մարմաջ, խօսելու մարմաջ, երեւելու մարմաջ։

Տեսա՞ք թէ բառերը ինչպիսի պտոյտի մը առաջնորդեցին մեզ՝ ոստէ ոստ եւ դիրքէ դիրք։

 

Հալէպ 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *