*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Կարծէք թէ լիբանանի ժողովուրդին կենցաղային բոլոր հարցերը լուծուած էին, ջուրն ու ելեկտրականութիւնը շուրջօրեայ կարգաւորուած, հեռախօսային-բջիջային աւազակային գիծերը բոլորին հասանելի դարձած… իսկ «հին» եւ «նոր» վարձքերու օրէնքի խայտառակ օրէնք-գործարքը, վաշխառուական օրէնքներով պարտադրուած՝ արդէն իսկ լեցուցած է Լիբանանի բազմաչարչար ժողովուրդին համբերութեան բաժակը։ Արդէն իսկ հազարաւոր ընտանիքներ կանգնած են իրենց բնակարաններէն դուրս նետուելու վտանգին առաջ, մինչ երկրի ալան-թալանով տասնամեակներով յղփացած հայրենադաւ ղեկավարներ՝ ֆութպոլի գնդակի վերածած են այս խիստ կարեւոր օրէնքի վատագոյն տարբերակով գործադրելու «ծրար»-ը, շատ վտանգաւոր զարգացումներով լի, որ գլխաւորաբար ուղղուած կը թուի ըլլալ երբեմնի բարեկեցիկ քրիստոնեայ տարրը, որ այսօր չքաւոր դարձած է եւ նաեւ երկրին անքակտելի մասնիկը դարձած մահմետական համայնքի ընչազուրկները, մղել արտագաղթի, Պէյրութի կեդրոնական առեւտրական գօտիին նման յափշտակել կալուածները, զանոնք վաճառելու Ծոցի երկիրներու իշխանիկներուն։
Նոր բնակարաններու գիները Պէյրութի մէջ արդէն իսկ կը մրցին Պէվըրլի Հիլզի, Շան տ Էլիզէի, Պրիւքսէլի, Պերլինի, Նիւ Եորքի շքեղագոյն թաղամասերուն նորակառոյցներուն հետ եւ այսպիսի նոր բնակարաններ ձեռք բերելու համար գեղածիծաղ մայրիներու երկրին մէջ՝ կա՛մ լրտես ու գործակալ, կա՛մ թմրեցուցիչներու վաճառական կա՛մ ալ աշիրաթապետ պէտք է ըլլալ…
Աւելին, Լիբանանի հեռատեսիլի բոլոր ալիքները, իրենց վճարուած ու «ձրի» եթերով, գիշեր ու ցերեկ կը թմբկահարեն ընտրական օրէնքի հին ու նոր տարբերակները, եւ ինչպէս նկատելի է 40 տարիներէ ի վեր առօք-փառօք վերին Աթոռներու վրայ բազմած կայսրիկները (ոմանք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ոճրագործներ կը համարուին), այսօր զիրար կը բզկտեն խորհրդարանական թէ նախարարական պաշտօններու տիրանալու, որդոց-որդի, իսկ քարիւղի ու կազի պաշարներու գոյութիւնը եւ հաւանական օգտագործումը ոչ թէ ի շահ ժողովուրդին, այլեւ արիւնածուծ օլիկարխներու դրամատնային հաշիւները միլիառներու հասցնելու համար։
Այս բոլորը կը պատահին, երբ բոլոր կողմերէն շրջապատուած ենք թշնամիներով եւ նախճիրներ գործած, գործող եւ գործելու պատրաստ վարչակարգերով, ահաբեկչական կազմակերպութիւններով, Լիբանանը խժռելու պատրաստ պետութիւններով։
Արդեօք այս բոլոր տխուր երեւոյթները բաւարար չե՞ն ահազանգ հնչեցնելու առ որ անկ է, քանի դեռ ամէն ինչ չէ կործանած։