*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Քանի որ «Զարթօնք»ի խմբագրութիւնը նախաձեռնող եղած էր մեր օրերու Հայ դասական թէ հինաւուրց, ժողովրդական երաժշտական գործիքներու «թագուհի» քանոնի շնորհալի կատարող Մարիանա Գէորգեանի մասին յօդուածի հրատարակութեամբ՝ ապա եւ շնորհիւ համացանցի եւ ֆէյսպուքի հազարաւոր ընթերցող-ընթերցողուհիներէն շատեր իրենց հաւանութիւնը յայտնեցին եւ գեղեցիկ խօսքեր շռայլեցին համացանցով թէ հեռախօսով այս երեւոյթին մասին՝ որ կը կոչուի Մարիանա Գէորգեան: Անոնք նկատեցին թէ արդէն եկած է ժամանակը, որ մեր դարաւոր երաժշտութեան եւ դասական-ժողովրդային գործիքներու արուեստագիտուհիները իրենց արժանի գնահատականն եւ նեցուկը ստանան:
Արդէն հեռատեսիլի պաստառներուն թէ համակարգիչներու հրամցուած ծրագիրներուն մէջ պէտք է այլեւս այսպիսի գեղեցկուհի-հայուհիներ իրենց յուզական թէ քնարական, նոյնիսկ արդիական գոհարները փոխանցեն, արար աշխարհին ցոյց տալու համար որ մենք միայն աղաւաղուած ու կապկող հայերէնով եւ սեւամորթ «աստղեր»ը նմանակելով կիսամերկ արտաքինով մարմնի բարեմասնութիւնները ցուցադրելով չէ որ հայ ազգային մշակոյթ կը կերտենք:
Այս յօդուածը, որ նոյնքան ալ ընթերցուեցաւ Հայաստանի երաժշտւթեան ընտրանիին կողմէ, զայն նկատելով նորամուծութեան կամուրջ Սփիւռքի կողմէ՝ ոչ միայն արժանիօրէն գնահատելու Մարիանա Գէորգեանի վաստակը, այլեւ վառ պահելու այն միասնութեան ջահը, որ 1959-էն բոցավառուեցաւ Թաթուլ Ալթունեանի երգի-պարի համոյթի բացառիկ ելոյթներով եւ Մեծն Վարդգէս Համազասպեանի գլխաւորած Սփիւռքի Հետ Մշակութային Կապի կոմիտէով՝ մինչեւ այսօր, 2017-ի Հայաստանի 3-րդ հանրապետութեան: Ի միջի այլոց, յօդուածին արձագանգեց նաեւ Վարդգէս Համազասպեանի թոռնուհին՝ Զառա Համազասպեան…
Նուաճումներու կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք Մարիանա Գէորգեանին: