Մարդկութիւնն Ու Լիբանանցին

 *ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Լիբանանցին.-  Ո՞ւր այսպէս մարդկութիւն, առանց բարեւ տալու կ’երթաս:

Մարդկութիւնը.-  Ձանձրացայ բարեւ տալէն այնպիսի մարդոց, որոնք բարեկրթութիւն չունին բարեւս առնելու եւ «Աստուծոյ բարին»ով պատասխանելու:

Լիբանանցին.-  Դուն վերջերս շատ զգայուն եղեր ես, մարդիկ յոգնած եւ մտահոգ կրնան ըլլալ, ի՞նչ կայ ասոր մէջ:

Մարդկութիւնը.- Յոգնած են երբ կիրթ պէտք է ըլլան, սակայն երբ հարցը անկրթութեան գայ, անմիջապէս կայտառ եւ արթուն կ’ըլլան:

Լիբանանցին.- Ի՞նչ ըսել կ’ուզես մարդկութիւն:

Մարդկութիւնը .- Չհասկնալդ չափանիշ է, որ քու փոփոխութեան կարելիութիւնը գրեթէ անհնար է:

Լիբանանցին.-  Ի՞նչ փոխուիլ-չփոխուիլ ով մարդ կամ մարդկութիւն, չըլլայ նոր տաբատ բերեր ես որ փոխեմ:

Մարդկութիւնը.- Ցաւդ տանիմ մի խօսիր, որքան որ խօսիս նոյնքան ալ սխալներու մէջ պիտի իյնաս:

Լիբանանցին.- Ի՞նչ սխալ բարեկամ, յետոյ՝ ինչո՞ւ պիտի չխօսիմ եղեր:

Մարդկութիւնը.- Եթէ բարեկամդ ըլլայի, բան մը սորված պիտի ըլլայիր ինձմէ: Դուն խօսիր ուզածիդ չափ, իմ կողմէս ալ հրաժեշտ միայն:

Լիբանանցին.- Ուր էինք, ուր հասանք. յիշեցուցիր, ո՞ւր կ’երթաս այդպէս աճապարանօք:

Մարդկութիւնը.- Նախահայրերս միշտ պատմած էին ինծի, որ լիբանանցին մարդկային առաքինութիւններով զարդարուած մէկն է: Իրենք գացին, ինծի ալ քու օրինակդ թողուցին, որու հետ  որեւէ հասարակաց կէտ չունիմ:

Լիբանանցին.- Կէտ մը… քիչ մը իմ հասկնալիք լեզուով կը խօսի՞ս հաճիս:

Մարդկութիւնը.- Իմ լեզուս չհասկնալդ արդէն նշան է, որ մենք այլեւս օտարականներ ենք:

Լիբանանցին.-  Մենք երբեք ալ մտերիմներ չենք եղած:

Մարդկութիւնը.- Դուն մտերիմ  չես եղած ՝ այո: Բայց նախնիներդ այդպէս չէին: Կը զարմանամ, թէ ինչպէս հօրդ նման ազնիւ անձնաւորութիւն մը, քեզի պէս զաւակ կրնայ ծնիլ:

Լիբանանցին.- Մարդկութիւն չէ, ով կ’ուզես եղիր, չափիդ մէջ մնացիր, թէ ոչ ես քեզի չափդ կը հասկցնեմ:

Մարդկութիւնը.- Իմ մարդկութեանս նշանն է, որ կեցայ եւ պատասխան զրոյց բացի հետդ, բայց ի զուր: Իմ յոյսս քու փոխուելուդ կարելիութեան նկատմամբ օր ըստ օրէ կը նուազի:

Լիբանանցին.- Առտու կանուխ ուրկէ՞ դիմացս ելար: Ո՞ւր կ’ուզես գնայ վերջին հոգս է: Կարծես գլխու ցաւս ինծի չի բաւեր, վրան ալ խօսախօսութիւն լսելը քիչ մը շատ է ինծի համար:

Մարդկութիւնը.- Մնաք բարով պարոն խօսախօսութիւն: Ես պիտի երթամ, քեզմէ շատ բան չեմ սպասեր: Քու մէջդ քանդուածը դժուար թէ վերաշինուի: Բայց ետիդ ունիս նոր սերունդ մը, որ տակաւին մաքուր եւ ճերմակ էջ մէն է. կրնայ ըլլալ եթէ լաւ ուղղութիւն ստանայ, տեղ մը հասնի: Այդ պատճառով փոքր եղբայրս պիտի թողում ձեր մօտ, ոչ թէ քեզի համար, այլ գալիք սերունդներուն համար: Պիտի չհասկնաս եթէ ըսեմ, թէ որքա՜ն մարդկութեան կարիքը ունիք:

Լիբանանցին .- Ինչո՞ւ եղեր, որպէսզի մեզի տկար կարծեն եւ մեր վրայ խնդան:

Մարդկութիւն.- Մարդկութիւնը ոչ մէկ ժամանակ տկարութեան նշան էր: Ան քաղաքակրթութիւններու հիմնաքարը եղած է եւ պիտի ըլլայ տակաւին: Անոր բացակայութեան պատճառաւ կայսրութիւններ կործանած են, եւ անոր հետ մարդը ստեղծագործած է մշակոյթներ ու քաղաքակրթութիւններ:

Եթէ գիտնայիր իշխանութիւններ յարգել, եթէ որպէս իշխանութիւն յարգուելիք ըլլայիր, եթէ որպէս ծնողք զաւակներուդ կրթութեամբ զբաղէիր, եթէ կարգ ու կանոն եւ օրէնք պահել գիտնայիր, եթէ հայրենիքիդ հանդէպ սէր ունենայիր, եթէ վաճառատանդ յաճախորդը ժպիտով դիմաւորէին, եթէ արհեստիդ մէջ գողնալը թողէիր…։

Լիբանանցին .- Է՜,  ու՞ր  պիտի հասնիս՝ եթէ, եթէ, եթէ… գլուխս ցաւեցաւ, գնայ այլեւս, որ ազատինք ձեռքէդ:

Մարդկութիւնը.-  Մարդկութիւն մը կար, թող այդ ալ երթայ, նայինք ինչպիսի դժոխք մը պիտի ստեղծէք:

Ամէն պարագայի եղբայրս ձեր մօտ պիտի մնայ,  ձեր զաւակներուն սիրոյն միայն, որպէսզի անոնք ալ ձեր անմարդութեան մէջ չիյնան:

Պիտի մնամ յոյսով, որ գալիք սերունդները զիս անգամ մը եւս պիտի փնտռեն:

Չմնաք ինչպէս որ էք:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *