*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Այսօր, երբ այլեւս Զատկուան կրօնական թէ աշխարհական ծիսակատարութիւններն ու սովորութիւններու կիրարկումը հասած է իր աւարտին, նստած կը խորհրդածեմ այն երեւոյթին մասին, որ կը կոչուի Յիսուս Քրիստոս` Որդին Մարդու…:
Ըստ ինծի, եւ հոգեկան տեսանկիւնէ դիտած ես կը հաւատամ, որ Ան լուսաւորուած Մարդ մըն էր…: Ան կը ձգտէր մարդկայնութեան եւ ո՛չ թէ թագաւորութեան…: Ան իր շուրջ գտնուող մարդոց սորվեցուց անփոխադարձ սիրել: Ան սորվեցուց ըլլալ պարզ ու համեստ:
Ան հանդուրժող էր…: Ան իմաստութիւն տարածեց… մարդկութիւնը հրաւիրելով տիեզերական սիրոյ՝ առանց խտրականութեան: Ան մերժեց ուրիշը դատելը, փտածութիւնը, ստրկութիւնը, ծայրայեղականութիւնն ու կեղծաւորութիւնը…:
Ան խօսեցաւ ներողամտութեան մասին…: Ան հաւատքի ուժով փորձեց բուժել մարդիկ…: Ան սիրեց փոքրերը, կենդանիները, բնութիւնն ու Երկիր մոլորակը…: Ան քարոզեց, որ Երկիր մոլորակը բոլորիս է եւ առանց սահմաններու…: Ան սորվեցուց մեր ունեցուածքը կիսուիլ կարօտեալին հետ…: Ան իր անունով եկեղեցիներ կանգնել չհրահանգեց… ոչ ալ իր անունով մարդիկ հալածել…: Ան դրամ չպահանջեց, ոչ ալ արտօնեց մէկուն իր անունով դրամ հաւաքել…:
Այսօր բոլոր անոնք, որոնք իրենք զիրենք Իր հետեւորդը կը սեպեն պէտք է լաւ գիտնան, որ Անոր պահանջածը լաւ քրիստոնեայ մը ըլլալլէ վեր բան մըն էր…։ Ան մեզմէ ուզեց ըլլալ սիրող եւ խաղաղասէր մարդ արարածներ:
Իր պատգամը՝ սիրոյ ու խաղաղութեան պատգամ էր… մեզմէ քանի՞ հոգին այսօր այս վերի տուեալներով կրնայ ինքզինք Անոր հետեւորդը համարել…:
Բարի օր քեզի սիրելի ընթերցող: