*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ ընկերային համացանցը ողողուած էր անզուգական լուսանկարով մը, որուն մէջ այսպէս կոչուած առեւանգեալ բրիտանացի 26 ամեայ Պէն Ինըս, Աղեքսանդրիայէն դէպի Կիպրոս «առեւանգուած» եգիպտական օդանաւին այսպէս կոչուած առեւանգիչին՝ Սէյֆ Էլ Տին Մուսթաֆային հետ ժպտերես կ՛երեւին…:
Տակաւին այս նկարը չըմբռնած այլ լուր մըն ալ կ՛արդացի, որուն մէջ ամերիկացի 24 ամեայ կին մը՝ Նաճա Հայնըս, առանց անձագիրի ամերիկեան օդակայանի մը մէջ հրել հրմշտկելով յաջողած էր օդանաւ բարձրանալ …:
Իրապէս, որ զարմանալի: Պաղեստինցիներու օդանաւերու առեւանգումի երեւոյթէն սկսած, անցնելով Պըն Լատէնի մարդոց օդանաւերով Նիւ Եորքի Թուին Թաուըրը հարուածած պատահարը, հասնելով վերջերս Պրիւքսէլի օդակայանի ահաբեկչութիւնը, եթէ տակաւին ապահովական պատկան մարմիններ կարողութիւնը չունին ապահովական նման բաց մը գոցելու, ապա ուրիշ բան չի մնար ըսելիք բացի մտածելէ, թէ կամ անոնք մեղսակիցներ են պատահարներուն եւ կամ կատարեալ ապիկարներ:
Նման մթնոլորտի եւ հոգեվիճակի մէջ սիրելի ընթերցող, սիւնակս կարդալու պահուդ ես օդանաւով Պէյրութէն կ՛ուղղուիմ Գահիրէ…:
Ամըրնա լա Ալլա: