Պատմութիւնը Կրնայ Ինքզինք Կրկնել Կամ Ինչո՞ւ Պէտք Չէ Վստահիլ Թուրք Պետութեան

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

sevag profile

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, սակայն վերջերս Թուրքիոյ մէջ երեւութապէս ցուցադրուող ժողովրդավար միջոցառումները, ազատ կարծիքի թէական հանդուրժողականութիւնն ու հայութեան հանդէպ ցուցաբերուող «ջերմութիւնը», մտքիս մէջ հորիզոնականներ կը գծեն այսօրուայ եւ պատմութեան մէջ 1908-ի Թուրքիոյ եղելութիւններուն միջեւ:

 Հալածախտէ (paranoia) չէ, որ կը տառապիմ, ոչ ալ սեւեռուն գաղափարներ (obsession) ունենալու հիւանդագին վիճակէ: Պարզապէս զգոյշ եմ իմ մօտեցումներուս եւ զգացումներոս մէջ, ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ իրավիճակին եւ զգուշաւոր ըլլալու առաջարկս կ՛ուզեմ բաժնել բոլոր այն հայոց հետ, որոնք չափազանցուած խանդավառութիւն կը ցուցաբերէն ի տես եղածին:

Յուշելու կարգով կ՛ուզեմ նշել նախորդ դարասկիզբին Թուրքիոյ մէջ կատարուածները:

1908 թուական… սուլթան Ապտիւլ Համիտ տեղի տալով ներքին եւ արտաքին ահագին ճնշումներու, արտօնած է սահմանադրութեան վերահռչակումը…: Ֆրանսական Յեղափոխութիւնէն ընդօրինակուած լոզունգներ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ… «Ազատութիւն, Հաւասարութիւն, Եղբայրութիւն»: Վարդագոյն երազներ, թէ «Պոլիսը շուտով աշխարհի ամենաազատ քաղաքը պիտի դառնայ»…:

«Եիտասարդ Թուրք»երու օրուայ երազները, որով յատկանշուեցան օսմանեան Թուրքիոյ սահմանադրութեան վերահաստատման օրերը, թուրքերէն աւելի խանդավառեց հայերը, ի մասնաւորի հայկական կազմակերպութիւնները:

Հայ ազգային-յեղափոխական կուսակցութիւններու օրուայ ղեկավարութիւնը՝ օրինակի համար, բացայայտօրէն զօրակցեցաւ եւ գործակցեցաւ «Եիտասարդ Թուրք»երուն հետ: Յեղափոխական դրօշին տակ պայքարող ֆետայիները վար առնելով իրենց զէնքերը՝ ձգեցին լեռները ու իջան քաղաք: Մինչ անոնց ղեկավարներէն շատեր լեռներու իրենց թաքստոցները փոխարինեցին խորհրդարանական աթոռներով:

Հայ կուսակցութիւններէն մէկուն օրուայ ղեկավարութեան կատարած  հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ լաւագոյնս կը բացատրէ օրուան լաւատես տրամադրութիւնը. «…Մեր կուսակցութեան առաջնահերթ պարտականութիւններէն է՝ ա. պաշտպանել օսմանեան սահմանադրութիւնը, որ կ՛երաշխաւորէ օսմանեան պետութեան բնակչութեան գոյակցութիւնը, բ. Գործակցութիւն Իթթիհատ եւ Թարէքքի կուսակցութեան հետ»: 

«Իթթիհատ Վէ Թարէքքի» կուսակցութեան  ղեկավարութիւնը նուազ ջերմ չէր Հայկական կուսակցութիւններու նկատմամբ: Օսմանեան խորհրդարանի նախագահ Ահամատ Րիզա, օրին լսելով, թէ իր գլխաւորած խորհրդարանի անդամներուն մէջ կան նախկին յեղափոխականներ, հետեւեալ խօսքերով արտայայտուած է անոնց  մասին. «Հոյակապ է: Սիրելի մեր հայ ընկերները լեռները ձգելով եկած են խորհրդարան՝  պաշտպանելու սահմանադրական իշխանութեան հաստատութիւնները»…:

Այլ յեղափոխական առաջնորդներ Օգոստոս 1908-ին, Բերայի (Պոլիս) Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցուոյ բեմէն յայտարարած են. «Մենք յետայսու պիտի դադրեցնենք յեղափոխական մեր գործունէութիւնները եւ լծուինք հայրենաշինութեան ու անոր յառաջդիմութեան գործին»:

Այսօր՝ աւելի քան հարիւրամեակ մը վերջ, պատեհապաշտ քննադատութեան փորձութեան մը արդիւնքը չէ այս տողերով գրածս անշուշտ: Ընդհակառակը՝ անձնապէս խորապէս հաւատացողն եմ ժողովուրդի իմաստուն խօսքին. «Միայն չաշխատողը չի սխալիր»:

Ազգային-յեղափոխական մեր կուսակցութիւններն ու իրենց բոլոր գործիչները աշխատեցան: Աշխատեցան անձնուրացութեամբ: Արձանագրեցին շատ մը յաջողութիւններ: Բնականաբար գործեցին նաեւ սխալներ:

Անցեալի սխալները վերյիշելն ու մատնանշելը վերագնահատանք է եւ ո՛չ ցեխարձակում: Առողջ ինքնաքննդատութիւնը մեծապէս օգտակար է այսօր, մինչ այդ սխալներէն սորվիլը՝ իմաստութիւն:

Այո՛ քանի մը տարի առաջ ի փառս եւ ի պատիւ հայ աւանդական կուսակցութիւններուն, այսպէս կոչուած «փրոթոքոլներուն» դէմ դիրքորոշուիլը, ազգային իմաստութեան եւ բարձր գիտակցութեան չափանիշ էր, որուն օրինակով է, որ պէտք է աշխատիլ եւ ծրագրել գալիք օրերը:

Հայկական պետական մակարդակով, նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին օրերու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հրաւէրին տուած պատասխանը՝ լաւագոյնս կը դրսեւորէ նաեւ Հայկական Պետութեան պաշտօնական վերապահութիւնը՝ հանդէպ թրքական ոչ անկեղծ մօտեցումներուն:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին կենսական է դասեր քաղել անցեալի սխալներէն եւ քալել դէպի ապագայ աւելի սերտուած ու հեռատես քայլերով:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *