ՏՈՔԹ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հին օրերը անցան գացին։ Քանակաւանի կառավարման ձեւը փոխուեցաւ համակարգով մը որ, կը յարմարէր իր նոր վիճակին, տարածմանը ու կառուցուածքին։ Քանակաւան քաղաք էր արդէն, ու կը բաղկանար Քանակի ու Որակի գերդաստաններէն ծլած բազմաթիւ մեծ ու փոքր, քիչ մըն ալ նորեկ տեղափոխուած ընտանիքներէ, որոնք արդի Քանակաւանի խորհրդարանին մէջ ունէին իրենց պատգամաւորական կազմը, ոմանք շատ, ոմանք քիչ՝ ամէն մէկ ընտանիք ըստ իր կշիռին։ Պատգամաւորները ունէին տարբեր կենցաղային սովորութիւններ, ամէն ոք քիչ մը ազդուած էր իր ապրած թաղի ու շրջանակի մշակոյթէն, սակայն բոլորն ալ ունէին մշակութային շատ նմանութիւններ՝ հիմնուած իրենց ազգայինին վրայ։
Կը մօտենար ընդհանուր հաւաքի օրը՝ պատգամաւորական ժողովը, ուր Քանակաւանի հին գործադիր վարչութիւնը՝ քաղխորհուրդը, իր հաշուէտուութիւնը պիտի ներկայացնէր, իրեն հասնելիք ծափահարութիւնները վաստակէր, հրաժարականը ներկայացնէր ու ըտանիքներու ընտրանիներէն բաղկացած հաւաքը՝ «Քանակաւանի խորհրդարանը նոր քաղխորհուրդ մը պիտի ընտրէր։
Մինչ այդ, պատգամաւորներուն միջեւ զրոյցներ, խօսակցութիւններ, ու բանակցութիւններ կը զարգանային. կը բիւրեղանար յաջորդ ղեկավարութեան կազմը։ Խստօրէն եռանդուն էր ընտանիքներէն մէկուն թեկնածուն՝ Ատենապետեանը, որ ինքն իրեն կը համարէր Որակի գերդաստանէն ծլած ճիւղի մը արժանաւոր ժառանգը։ Այս Քանակաւանցիին արտաքին Ֆիզիքական կերպարը թէպէտեւ առանձնայատուկ էր, սակայն այդ չէր կարեւորը, այլ այն թէ, իր նկարով զարդարուած վկայականներ ունենալով, վարժօրէն կը տիրապետէր մի քանի լեզուներու, բաւական յաջող ու գեղեցիկ նախադասութիւններ կրնար կազմել այդ լեզուներով, ընդ որում՝ բոլորն ալ քերականօրէն անսխալ։ Միշտ չէր որ բովանդակալից կ՛ըլլային անոնք, սակայն բաւական էին որ քանի մը կողմնակիցներ հաւաքէին, որոնք ուրիշներու նկարներով զարդարուած բազմաթիւ փոքրիկ «վկայականներ ունենալով հանդերձ, առանձնապէս լեզուի մը քերականութիւնը կանոնաւոր չիմանալու պատճառով, այս «լեզուաբանին կարողութիւններով հիացած, անոր մէջ կը տեսնէին գիտնական, դիւանագէտ, քաղաքագէտ, մտաւորական ղեկավար ։ Բաւական էր որ Ատենապետեան ուզածը կէս բերան իր կոյր հաւատաւորներէն մէկուն ականջին փսփսար, անմիջապէս ան իր թղթիկէ տրցակներէն մէկը շարժելով, հանրութեան որպէս օրէնքի ուժ ունեցող թելադրական մը կը ներկայացնէր ուզուածը, որպէս «հրահանգ մը մարգարէյէն, իսկ մնացած հաւատաւորները այնպիսի եռանդով կ՛երկրորդէին, որ մարտնչելու պատրաստակամութիւն կը պարունակէր։ Պաշտօնեայ մը ըլլալով մեծ ու հարուստ հիմնարկի մը մէջ« որուն տնօրէնը Քանակաւանի խնամին էր, տնօրէնին սիրաշահելու եւ Քանակաւանի հանդէպ անոր համակրանքը օգտագործելու միջոցաւ, կրցած էր այդ հիմնարկին մէջ հասնիլ բաւական բարձր պաշտօնի մը, որ Քանակաւանի ղեկավարութեան հասնելու մրցարշաւին ընթացքին առաւելութիւն մըն էր իրեն համար, իսկ հասնելէ ետք՝ կարեւորութիւն մը իր տնօրէնին համար։
Ընտրութեան օրը, պատգամաւորներէն մէկուն ելոյթը մօտաւորապէս այս բովանդակութիւնը ունէր. «Լաւ ու որակեալ կեանք մը վայելելու համար անհրաժեշտ է ունենալ որակեալ ղեկավար մը, Որակի ցեղէն, խելացի մտաւորական, քաղաքագէտ ու կարող։ Եւ ո՞վ այդ պայմանները կ՛ամբողջացնէ եթէ ոչ մեր թեկնածուն՝ փայլուն մտաւորական, յարգալից պաշտօն, բացառիկ կարողութիւններ, լայն ծանօթութիւններ…»։ Ներկաներէն երկրորդողներ եղան հետեւեալ արտայայտութիւններով. «Մենք ի՞նչ գործ ունինք արտաքինին հետ, մեզի անոր ուղեղը պետք է: Մեզի օգտակար կրնայ դառնալ իր պաշտօնի հանգամանքով: Հին ու վարժ Քանակաւանցի է: Փորձառու քաղաքագէտ: Իր ապրած թաղն ալ յարմար է: Ամէն ինչը մէկ կողմ. Ան շատ կարող է: Անուշ լեզու ունի, ով գիտէ քանի-քանի բանաստեղծներու անուններ գիտէ…»։ Եւ այսպիսով Քանակաւանը ընտրեց իր նոր ղեկավարութիւնը, անոր գլուխը դնելով Ատենապետեանը։
Նախ գիտակցելով տեղեկատուութեան ուժը եւ ծիսակատարութեան կարեւորութիւնն ու անկէ բխած մեծարանքն ու շուքը, որպէս օգնականներ իր կողքը հաւաքեց Քանակաւանի օրաթերթերէն մէկուն տնօրէնը, եւ ներկայանալի արարողապետ մը, որոնց հաւատարմութիւնը շահեցաւ ճոխ խօստումներով, փայլուն շքանշաններով ու … ամէն ինչ չըսուիր…։ Յետոյ անցաւ գործի։
Նոր ղեկավարը կարավարելու ինքնուրոյն ոճ մը ունէր, որ մէկ խօսքով կարելի պիտի ըլլար բնութագրել՝ խորհրդապահական։ Քաղխորհուրդի արօրեան պէտք չէր հասանելի ըլլար Քանակաւանցիներուն. բայց անց ու դարձէն չնչին մաս մը կարելի էր ներկայացնել անոնց, կառավարման մասնակից ըլլալու ուրախութիւնէն չզրկելու համար զիրենք եւ ապահովելու թափանցիկութեան խափկանք մը…։ Վերջապէս իր հպատակներուն մեծ մասը Քանակի սերունդէն էին, եւ քաղաքականութիւնը անոնց խելքի բանը չէր, որովհետեւ մտաւոր որոշ կարողութիւններու կը կարօտէր։ Որեւէ որոշում կամ առաջարկ՝ ըլլայ Քանակաւանէն կամ դուրսէն, որուն բովանդակութեան մէջ թուային բաղադրամասեր կ՛ըլլան կամ բովանդակութիւններ կ՛ունենան որոնք թիւի կարելի է վերածել, միայն դռնփակ նիստերով կ՛արծարծուին ու կը տնօրինուին, ընդ որում պայման չէ բնաւ բոլոր քաղխորհուրդի անդամներուն ներկայութիւնը, ինք՝ որպէս ղեկավար, եւ խնդրոյ առարկան« յիշեալ փաստաթուղթերէն մէկը ներկայացնողը, լիովին բաւարար են հարցերը լաւագոյնս լուծելու: Թերթի տնօրէնին ու արարողապետին ներկայութիւնը երբեմն չի խանգարեր։
Քանակավանին հասցէագրուած բոլոր նիւթական նուիրատուութիւնները« աչքի չգալու համար լաւ է դրամատան մը մէջ, խորհրդապահական հաշուեհամարի մը տակ պահուին, որուն իմացութիւնը բաւարար է որ իրեն վստահուի միայն… ի՞նչ պէտք կայ իր ընկերներուն գլուխը ցաւցնելու եւ նման թիւեր յիշելով ծանրաբեռնելու, մանաւանդ որ, որքան քիչ ըլլան այդ համարներէն տեղեակները, այնքան ապահով կ՛ըլլայ այնտեղ պահուած գումարները։
Քանակաւանի պատմուճանը հագած ուժ տալով իր անուշ լեզուին, հանգանակութիւններ սկսաւ կազմակերպել, հին ու նոր Քանակաւանցիներուն ոգեւորելով դրամական նուիրատուութիւններ իրականացուց։ Նուիրատուներուն քանակը բարձրացնելու համար, կողքի աւաններէն Քանակաւան բնակելու կը հրաւիրէր ընտանիքներ։ Հարեւան աւաններուն հաւաքները, մանաւանդ խնճոյքները բաց չէր ձգէր: Քանակաւանի վեղարը գլխին կը վայելէր անոնց հիւրասիրութիւնները, կը բանակցէր ու սակարկէր անոնց հետ, յետոյ ալ Քանակաւանի խորհրդարանին կը զեկուցէր թէ ինչ սխրագործութիւններ ըրաւ յանուն իրենց քաղաքին, գլուխնին բարձր պահեց, յաջողութիւններ արձանագրեց։ Ու միշտ իր նախադասութիւններուն արանքէն հետեւեալ չարտասանուած գաղափարները կը լսուէին. «Տեսէ՛ք իմ շնորհքներուս նուաճումները:, Քանակաւանը որքան երախտապարտ պէտք է ըլլայ ինծի: Ես չըլլայի դուք հիմայ ո՞ւր կ՛ըլլայիք: Ձեռքս համբուրէք անգամ քիչ է: Ե՛ս ձեզի այս յաջողութեան հասցուցի…»։
Յաճախ բառերը այլ ընկալումներ կ՛ունենան տարբեր մարդկանց մօտ։ Այնպէս ինչպէս «շինել» բառին ընկալումը քիչ մը կը տարբերէր Փանջունիին համար, նոյնն էր պարագան «յաջողութիւններ»» բառին ընկալումը մեր ղեկավարին համար։ Բայց եւ այնպէս, ան Քանակաւանը շատ կը սիրէր ու իր հարազատը նկատելով՝ անոր ամէն ինչը իր սեփականը կը համարէր՝ ըլլայ դրօշը, գաղափարախօսութիւնը, կալուածներն ու նիւթական ունեցուածքը, եւ ըստ այդ ալ կը տնօրինէր ամէն ինչ։
Երկար տարիներ նախագահեց Որակի գերդաստանէն ծլած մեր հերոսը։ Ամէն մէկ քաղխորհուրդի ընտրութեան ընթացքին, կը յաջողէր ղեկավար« կամ գոնէ համա֊ղեկավար վերընտրուիլ, խաղով մը երբեմն նոյնիսկ սպառնալով ու իր հաւատաւորներուն վստահած՝ Քանակաւանի մէջ քաղաքացիական պատերազմներ առաջացնելով։ Չար լեզուներ անոր կը նախատէին թէ ան Քանակաւանը քանդեց, մասնատեց« «բաժանիր որ տիրես»-ի քաղաքականութեամբ աշխատելով եւ այնքան բուռն կը բաժնէր, որ երբեմն կը հասցնէր մասնատել ոչ միայն հարազատները, այլեւ նոյնիսկ մէկ մարդու մը գաղափարները՝ անոր հոգեկանը փոթորկելով, ինքն իր հետ անհաշտութեան մատնելով, խելագարութեան հասցնելու աստիճան։ Բայց ինք, անտեսելով այդ չար լեզուները, կը շարունակէր «շինել», ու «յաջողութիւններ» նուիրել Քանակաւանին մինչեւ, որ օր մը մութ ու քանդարար ուժեր կրցան համախմբուելով վար առնել անոր, խորհրդարանի պաշտօնական ընտրութեան մը ընթացքին հակառակ իր հաւատարիմներուն, ընդվզումներուն, մերժումներուն ու հաւաստիացումներուն, թէ ան երկար տարիներու ղեկավար ու փորձառութեամբ հարուստ ըլլալով, դեռ շատ «տալիք» ունի եւ ներկայ արագընթաց ժամանակին հետ քայլ պահելու, Քանակաւանը երիտասարդացնելու ձեւերն ու գաղտնիքները գիտէ ու անհրաժեշտ է, որ ան տակաւին ղեկավարէ։
Երբ մեծամասնութիւնը մէկ ուրիշ ղեկավար մը ընտրեց, Ատենապետեանը անկարող ըլլալով գտնուիլ տեղ մը, ուր ինք չէ ամէնայն բացարձակութիւնը« բացի իր պաշտօնի վայրէն, ուր տարիներ շարունակ հլու հնազանդ ծառայած էր, իր համախոհները հաւաքելով դուրս եկաւ Քանակաւանէն ու հաստատուեցաւ անոր արուարձաններէն մէկուն մէջ, ուր նոր աւան մը հիմնեց, ու զայն անուանեց Որակաւան, որուն բնակիչը ըլլալու համար պայման չէր Որակի ցեղէն ծլած ըլլալ, բայց պէտք էր կարողութիւնը ունենալ սեփական կարծիքէն հրաժարելու, ուղեղը հանգիստ պահելով ամբողջապէս հնազանդելու Որակաւանի նոր ձեւաւորուած ղեկավարութեան, ուր կը նախագահէր Ատենապետեանը ցկեանս յաւիտենից ամէն։
*****
Նորէն սկսայ աջ ձախ, ասոր ու անոր վրայ խօսիլ…։ Ներող կ՛ըլլաս յարգելի ընթերցող, ժամանակները այնպէս եղած են, աշխարհն այնքան իրար մօտեցած ու տարածութիւնները նեղցած են, որ ի՛նչ որ ալ ըսեմ կամ ի՛նչպէս, որ խօսիմ, անպայման մէկու մը դպած պիտի ըլլամ։ Այն ալ ըսեմ, որ վերջին գրածներս« «Դեմոկրատ Հեքիաթ»-ն ու «Քանակաւան»-ը, պատմականօրէն մէկը միւսին շարունակութիւնը չէ, այլ՝ երկու տարբեր երեւակայական պատմուածքներ են, որոնք կապ մը չունի իրականութեան հետ… ոչ մէկ կապ ունին… անկապ են բոլորովին…