*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 8 Յուլիս 2014
Յուլիսի եօթնին, անորոշ բանե՞ր ըսի արդեօք: Թող անորոշը սկիզբ մը ըլլայ որոշին հասնելու համար: Չէ՞ որ կարեւորը սկսիլն է: Եթէ տաճարի մը առաջին քարը դնենք գետնէն վար իջնելով մի քանի մեթր ապարաժին հասնելով, այդ կը նշանակէ թէ տաճարը ամրակուռ պիտի ըլլայ: Հիմքը հողով պիտի ծածկուի այո՛, պիտի աներեւոյթ ըլլայ, բայց տաճարը, որ հիմքէն վեր է, պիտի ըլլայ տեսանելի, տեսանելին սակայն որպէս հիմք ունի անտեսանելին, որ ապարաժը ունի իրեն յենակ: Ուրանալու չենք անտեսանելին: Ժամանակին այս խօսքը ըսի գրող բարեկամի մը, որուն առաջին գիրը ստեղծելուն օգնած էի եւ ինք մոռցած էր յիշել այդ սկիզբը, լաւ սկիզբը պէտք չէ ուրացում ծնի:
*******
ՀՄՄ-ի ղեկավարներէն մէկը, այցելութիւն մը տուած է 90-ամեայ Մաքրուհի Խաչատուրեանին եւ անոր յայտնած թէ միութիւնն ու կուսակցութիւնը որոշած են նշել իր ծննդեան իննիսուն ամեակը:
Երբ այսօր այցի գացի իրեն, տասնամեակներով ուսուցչուհի եղած, Հայ աշակերտութեան ծառայած ու անոնց մտածումները դէպի հայրենիք սեւեռել տուած հայուհին արդէն տարեդարձէն առաջ ուրախութեան ովկիանոսին մէջ կ’ապրէր: Որքան լաւ է մեծարել նուիրեալ մը ողջութեան ու յաւետ մոռացութեան տալ.- Գնա՛ մեռիր, եկուր սիրեմ ասացուածքը:
Համակ ժպիտ ու բերկրանք Մաքրուհին օշարակով մը ուզեց պատուել զիս: Դուրսը սպասող ունէի, ուստի խոստանալով մասնակցիլ անոր հանդէպ տածուելիք հանդիսութեան, մեկնեցայ, անոր ուրախութիւնը իմ ալ ուրախութեանս միացնելով: Թող բարի տարեդարձները բազմանան:
*******
Բարի, զարգացած հայու մը հանդիպեցայ: Անոր զաւակները երկուք էին: Երկուքն ալ բարձրագոյն ուսումի տիրացած: Անոնցմէ երէցը կ’աշխատէր Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան մէջ, կրտսերը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կը ծառայէր:
Հայրիկ, ըսի.- երրորդ որդի մըն ալ չունի՞ք, ան ալ Դաշնակցութեան թող ծառայէ որպէսզի դրօշին երեք գոյները հաստատած ըլլանք:
Մեծահասակ հայը, երրորդ մը չունիմ ըսաւ ու իմ տարիքիս ալ ոեւէ կուսակցութիւն զիս անդամութեան չի կոչէր ըսելով.- Հայրիկ ճան, մինչեւ հիմա ո՞ւր էիր, աշխատելու օրերդ անցեալ դարձած են …
Հայ հայրիկին վերջին խօսքը չեմ մոռցած.- Աշխատողը տարիք չի ճանչնար, կ’ընէ իր կարելին:
*******
Կը պատրաստուիմ գիրքերէս երկու հատոր նուէր տանիլ բարեկամի մը: Անոր խոստումը.- կարդալէս ետք այս գիրքերը, Ամերիկա քեռիիս պիտի ղրկեմ: Ան, հայ գիրքը պաշտող մըն է, շրջանաւարտներէն մէկը Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն:
Պարզուեցաւ, որ այս երիտասարդ մնալու սահմանուած մարդը իմ շրջանիս Մելգոնեան աշակերտած մէկն էր:
Առաւել ուրախութեամբ պիտի տանիմ այդ գիրքերը:
*******
Մովսէս Ծիրանի- Հերկելեան, որ «Ազդակ»-ի մէջ գեղանկարչութեան շուրջ մասնագէտի յօդուածներ կը ստորագրէ. Հհեռախօսելով յայտնեց, որ այցելութեանս կը սպասէ իր հիմնած ու ղեկավարած գեղանկարիչներու գործերուն: Թիւով այնքան շատ են անոնք, կարծէք հարիւրներ են, հայ նորահաս գեղանկարիչները:
Այս՛, ոչ հեշտ պայմաններու տակ եւս հայը գիտէ ստեղծագործել ու ծառայել գեղեցիկին: Անտեսելով ամէն դժուարութիւն:
Խօստացայ երթալ «Նոյի Տապան» գեղանկարչատուն:
Այդ մասին կը գրեմ յաջորդ անգամ: