*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Երախտաւոր Կոստանեան ծնած էր Լաթաքիա (Սուրիա) 1925-ին, երկրորդ մանչ զաւակը Հաճընցի ծնողներու, որոնք ընտրած էին Լաթաքիա ծովեզերեայ քաղաքը որպէս ապահով բնակութեան վայր, Հիւսիսային Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքի Հայութենէ պարպումին հետեւանքով: Փոքր տարիքին Զաւէնը իրեն տարեկից մանչերուն հետ կը յաճախէ տեղւոյն նախակրթարանը ու ընտանեկան տոհմիկ մթնոլորտին մէջ ան կը համտեսէ ազգային առողջ դաստիարակութեան իսկական որդեգրուած առաքելութիւնը, ու պատանի տարիքին կ’անդամագրուի տեղւոյն Բարեգործականի մասնաճիւղին, մաս կազմելով պատանեկան շարժումներուն: Կոստանեան գերդաստանի անվերապահ ներդրումը գաղութահայ ծաւալող եռուզերին, պիտի խթանէր Զաւէն Կոստանեանի յետագայ տարիներու ազգային հասարակական գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Կոստանեանի միութենական մասնակցութիւնը Լաթաքիոյ Բարեգործականի հովանաւորութիւնը վայելող Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան պիտի մեծապէս նպաստէր երիտասարդական մասնաճիւղի աշխուժացման ու ապա որպէս աւելի երէց ան մաս պիտի կազմէր տեղւոյն Բարեգործականի մասնաճիւղի վարչութեան: 30-ական թուականներուն մանաւանդ ՀԲԸՄիութիւնը կարեւոր առաքելութեան մը առջեւ կը գտնուէր: Աղեքսանդրէթի Սանճաքին պարպումի հետեւանքով: Հալէպի Հայկական գաղութը իր կարեւոր առաքելութեամբ կեդրոն դարձած էր նպաստընկեալ ծրագիրներու մշակմամբ, Սուրիոյ սահմաններէն ներս գաղթական հայերուն հասնելով:
Լաթաքիոյ Հայկական փոքրաթիւ գաղութն ալ անմասն պիտի չմնար Սանճաքին տեղափոխուած ընտանիքներուն օժանդակելու՝ Բարեգործականի միջոցաւ: Զաւէն Կոստանեանի ներդրումը 1942-ին մեծ եղաւ այդ առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ շրջելով Հիւսիսային Սուրիոյ զանազան շրջանները՝ Բարեգործականի անդամագրութեան առաքելութեամբ:
1943-ին հետզհետէ Կոստանեան ընտանիքի անդամները, կու գան տեղաւորուիլ Պէյրութ: Երիտասարդ Զաւէնն ալ կը միանայ իր ընտանիքի անդամներուն, ու Պէյրութի մէջ կ’որոնէ առեւտրական ասպարէզը հետեւելով Ecole Technique de commerce վարժարանի դասընթացքներուն, արհեստավարժ վկայականով վկայուելով:
Պէյրութի մէջ Կոստանեան անմասն պիտի չմնար հասարակական կեաքնի իր մասնակցութիւնը բերելէ ու գաղափարական համոզումով ան մուտք կը գործէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը: Լաթաքիոյ իր Բապրեգործականի անդամակցութիւնը ան կը շարունակէ Պէյրութի մէջ, դառնալով տեղւոյն Բարեգործականի վարչութեան անդամ:
1946 թուականի ազգահաւաքի ներգաղթին կազմակերպչական աշխատանքներուն, Կոստանեան որպէս երիտասարդ իր մասնակցութիւնը կը բերէ կազմուած յանձնախումբին, դառնալով Ներգաղթի Կոմիտէի քարտուղարը: Իր անխոնջ աշխատանքով Զաւէնը աչքառու կը դառնայ որպէս Հայրենիքի ջատաքով Լիբանանահայ գաղութէն ներս:
Հետզհետէ իրեն կը վստահուի կուսակցական կարեւոր պաշտօններ ՌԱԿ –ի Լիբանանի աճող շրջանակէն ներս, ուր տեղափոխուած էր ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, ու իր կարեւոր առաքելութիւնը ունէր «Զարթօնք» օրաթերթին: Անհատական իր ստեղծած քաղաքական կապերուն շնորհիւ, ան բարեկամ դարձած էր Լիբանանի անկախ հանրապետութեան ատենոյ երկրին բանալի անձնաւորութեանց ու կը վայելէր անոնց արժանի յարգանքը:
Կոստանեանի հասարակական գործունէութիւնը յատկապէս Լիբանանի մէջ որպէս ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան անդամ, կարեւոր դարձաւ իր ունեցած ներդրումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին համար ծայր տուած պայքարին, ժամանակի ու աւելի ուշ 1958-ին իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերաւ անվերապահ օժանդակելու Լիբանանահայ կարօտեալներուն, որոնք վնասուած էին այդ տարին Լիբանանի մէջ ծայր տուած քաղաքական փախումներուն հետեւանքով:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան միջոցաւ, կարելի դարձաւ 1959-ին Լիբանանի հրաւիրել Թէքէեան Մշակութային Միութեան հրաւէրով Հայաստանի երգի պարի համոյթը: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ասդին այս մէկը եղաւ մշակութային կապերու առաջին նախաձեռնութիւնը: Պէյրութի մէջ եւ յետագային Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր գաղութներ հիւրընկալեցին երգի պարի հայրենի համոյթը Զաւէն Կոստանեանի վստահուած էր ամբողջական կազմակերպչական ծրագիրը, ու ան ձեռնհաս կազմակերպիչը եղաւ համոյթի յաջող ելոյթներուն, որոնց յաջողութիւնը սկիզբ մը դրաւ հայրենիք սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման:
Առեւտրական իր ունեցած ձեռնհասութիւնը, անկասկած Զաւէնը դարձուցած է յաջողակ սեղանաւոր մը Պէյրութի յարգուած առեւտրական շրջանակներէն ներս, ու մանաւանդ օտարներու մօտ:
Պէյրութի մէջ երախտաւորը կեանքի ընկեր պիտի ընտրէր Շաքէ Գույումճեանը, ու անոնք կը փախտաւորուին երեք զաւակներով, դուստր մը, Զելա եւ երկու մանչ զաւակներ՝ Պարէտ եւ Սեւակ:
Միութենական իր մասնակցութիւնը որ սկսած էր Լաթաքիոյ մէջ, Բարեգործականի տեղական մասնաճիւղին համար, պիտի գնահատուէր Միութեան կողմէ 1962-ի արժանանալով վեթերան վկայականին:
Այս շրջանին նաեւ Կոստանեան իր կարեւոր ներդրումը պիտի ունենար, Պուրճ Համուտի մէջ Վահան Թէքէեան վարժարանի նորակառոյց շէնքի ծրագրումին մէջ:
1965-ին Կոստանեան որպէս պատգամաւոր իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿ Ժ. Բ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին, ներկայացնելով Լիբանանի եւ Սուրիոյ շրջանակը, ու կ’ընտրուի ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ:
Երախտաւորը կազմի անդամ կը դառնայ յաջորդական 7 տարիներ: Իսկ 1971-ին մաս կը կազմէ ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու Մարմնին, ու այդ տարին նորակերտ կեդրոնի բացումը կը կատարուի Պէյրութի մէջ՝ 2 Նոյեմբերին, պետական մակարդակով:
Կուսակցական վերին մակարդակի հանդիպումներուն, ՌԱԿ-ի կողմէ իր մասնակցութիւնը յաճախ ան կը բերէր միջ-կուսակցական ու ազգային իշխանութեանց մօտ:
1974-ին դարձեալ անդամ կը դառնայ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ու իրեն կը վստահուի երախտաւոր Գերսամ Ահարոնեանի հետ մասնակցիլ Լիբանանի մէջ միջ-կուսակցական կարեւոր հանդիպումներուն, որոնք պիտի եզրայանգէին Մեծ Եղեռնի 60 ամեակի համագաղութային տօնակատարութեանց միասնական ջանքերով:
1975-ին երխատաւորը նաեւ կարեւոր դեր վերցուց, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, հայկական գաղութի դրական չէզոքութեան իրականացման մէջ, մասնակցելով դարձեալ միջ-կուսակցական կարեւոր ժողովներու, ինչպէս նաեւ այցելելով պետական կարեւոր պաշտօնատարներու՝ որպէս ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչ:
1976-ին այս տողերու հեղինակն ալ Կոստանեանի հետ մօտէն գործելու առիթը ունեցաւ, ու ծանօթացաւ անոր նուիրուածութեան ու զոհաբերութեան Լիբանանի տագնապալի ու անկայուն օրերուն, երբ երախտաւորը կը հանդիսանար այն քիչերէն, որոնք Պէյրութի անապահով շրջանները կը հասնէին շատերու օգնութեան:
Լիբանանի քաղաքացիական փախումները զգալիօրէն դէպի անկայունութիւն սկսած էին տանիլ երկիրը, երբ 1977-ին ՌԱԿ-ի Ժ.Ե. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, դարձեալ Զաւէն Կոստանեանը կ’ընտրէ անդամ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան: Նորակազմ ընդարձակեալ ու յարաբերաբար աւելի երիտասարդ անդամներէ բաղկացած Կեդրոնական Վարչութիւնը, հարկադրուած էր կարեւորութեամբ զբաղիլ սփիռքահայ գաղութներու տեղաշարժերով, մանաւանդ Լիբանանէն ծայր տուած արտագաղթը նկատի առնելով:
Կեդրոնական Վարչութեան ու ԹՄՄ հիմնադիրներու կազմի անդամակցութեան իր պաշտօններուն միշտ ալ գիտակից գտնուեցաւ երախտաւորը, ու լծուեցաւ գաղութներու ազգային եռուզերի ամրապնդման կարեւոր առաքելութեան:
Բայց իր ծրագրումները իրենց լիակատար լրումին չէին հասած, առողջական իր վատթարացող վիճակին պատճառով: 1985-ին յառաջացող քաղցկեղը Կոստանեանի կեանքին վերջ պիտի տար 60 տարեկան հասակին:
Երախտաւոր Կոստանեան դարձաւ տիպար հայրենասէր. Իր գաղափարախօսական դաւանքին ծառայելով շուրջ չորս տասնամեակ:
Հպարտառիթ երեւոյթ մը դարձաւ մեր կողմէ մօտէն ծանօթանալու երախտաւորի երէց որդւոյն՝ Պարէտին, որ հետեւելով իր հօր գաղափարախօսութեան, մտաւ ՌԱԿ-ի շարքերը ու դարձաւ երիտասարդական առաջնորդ Լիբանանի մէջ: Մենք առիթը ունեցանք զինք մօտէն ճանչնալու, երբ մեր շրջանակէն ներս ան մաս կազմեց Հայ Դատի Խորհուրդին:
Իսկ երախտաւորին կողակիցը՝ Շաքէն, իր անվերապահ զոհաբերութեամբ մաս կազմեց Պէյրութի մէջ միութենական աշխոյժ գործունէութեանց, իր վարչական մասնակցութիւնը բերելով Թէքէեան Վարժարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին, ու այդ մասնակցութիւնը դարձաւ կարեւոր յենարանը հասարակական կեանքի յարատեւման մէջ: Շաքէ Կոստանեան իր միութենական խանդավառ մասնակցութիւնը բերաւ Մոնթրէալ տեղափոխուելէն ետք եւս:
2006-ի Մարտին, վերջին անգամ մը առիթ ունեցանք երախտաւոր Կոստանեանի կողակիցին՝ Շաքէին հանդիպելու Լոս Անճելըսի մէջ, որմէ ետք 2013-ին ինք եւս կեանքէն հրաժեշտ պիտի տար 82 տարեկան հասակին: