*ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ*
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան «Իթթիհատ վէ թերաքքի» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութիւնն է(1915-1918) թ., (ան շարունակուեցաւ նաեւ Քէմալ Աթաթուրքի կողմէն մինչեւ 1923թ.) , որուն արդիւնքով մէկ ու կէս միլիոն հայեր նահատակուեցան եւ վերապրողներէն մաս մը Արևելեան Հայաստան անցան իսկ միւսները ցիր ու ցան եղան աղխարհի տարբեր երկիներու մէջ:
Օգոստոս 10, 1920ին, ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որուն համացայն Արեւմտեան Հայաստանէն մեծ տարածութիւն մը պիտի միանար նորանկախ Հայաստանին ըստ ԱՄՆ-ի ատենի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի քարտէզին. սակայն այդ քարտէզը չվաւերացուեցաւ: Յուլիս 23 ,1923թ.,ստորգրուեցաւ Լոզանի դաշնագիրը որը փոխարինեց Սևրի դաշնագիրին: Ուիլսընեան քարտէզը առնուեցաւ թուրքիոյ քարտէզին մէջ: Դաշնագիրը ստորագրող պետութիւնները մէկ կողմէ մտադիր չէին որեւէ տարածք կցել խորհրդային Հայաստանին որը ի վերջոյ նուէր պիտի ըլլար Սովետական միութեան, եւ միւս կողմէ Աթաթիւրքը ամուր դիրքի վրա էր եւ թուրքիան բաց շուկայ մըն էր իրենց ներդրումներու համար: Այդպէսով Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ վարագոյր մը քաշուեցաւ. իսկ թուրքիոյ մէջԱթաթիւրքը հնարել տուաւ նոր այբուբեն մը լատինական տառերով որով նոր սերունդը ալ պիտի չկրնար իր պատմութեան սեւ էջերուն հետեւիլ , այլ Աթաթիւրքի յօրինած հակակահայ պատմութիւնը պիտի կարդար նոր այբուբենով :
1965ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 50 ամեակը նշուեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Ծիծեռնակաբերդի բլուրին վրակառուցուեցաւ ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը: Պատմութեան սեւ էջերը բացուեցան, եւ այդ բոլորը արձագանգ գտան լրատուական միջոցներու մէջ: թուրքիան չէր կրնար անտարբեր մնալ. թուրք մտաւորականները սկսան հետաքրքրուելու իրենց իսկական պատմութեամբ, որը բացարձակպրս արգիլուած էր. արտերկրի հետ շփում ունեցող թուրքերը շատ առիթներ ունեցան ոչ- կողմնակալ պատմութեան հետեւելու: Մոլեռանդներուն համար հայը ինքն էր որ թուրքին հանդէպ ցեղասպանութիւն գործադրած էր (ակնարկելով Ֆէտայիներու միանալուն Ռուս բանակին ), իսկ ուրիշներ խօսած են քանի մը հազար կամ տասնեակ հազար հայերու մասին որոնք իրենգ կեանքը կորսնցուցած են պատերազմի, սովի, հիւանդութեան եւ այլ պատճարներով ,(Եուսիֆ Հալաճօղլու, Մուհամէտ Փերինչէք, ֆաթիհ Աթալլահ, Էմին Գոլասան ) եւ ուրիշներ անոնց շարքին են.
Մեզ համար առաւելի հետաքրքրական է անկողմնակալ, աննախապաշար եւ լուսաւորուած թուրք մտաւորականներու կարիծքներնը. թէեւ յօդուածի մը մէջ կարելի չէ մանրամասնօրէն անդրադառնալ բոլորին մասին սակայն հետեւեալ տողերէն կարելի է ընդհանուր միտք մը քաղել: Թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամ առաջիններէն էր որ անդրադառցած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ փաստած անոր տեղի ունենալը. վիպասան Օրհան Փամուք յիշած է թէ մէկ միլիոն հայեր սպանուած են թուրքոյ մէջ պատերազմի տարիներուն, իսկ իրաւաբան եւ գրող Ֆեթհիյէ Չեթինը իր «ՄԵԾ ՄԱՅՐՍ» գիրքով հաստատած է թէ իր մեծ մայրը ցեղասպանութենէն փրկուած հայուհի մըն է : Լրագրող եւ հրապարակախօս Հասան Ճեմալ, երկար ժամանակ համոզուած էր ,թէ ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած, սակայն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը այցելելէ ետք ան հրատարակած է իր «1915: Հայկական ցեղասպանութիւն» խորագրեալ իր գիրքը. իրաւապաշտպանեւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, հատորներ հրատարակած է ցեղասպանութեան մասին. Այշէ Կիւլ Ալթընայ ,Ֆէթհիյէ Չէթինին հետ միասին գրած է «ԹՈՌՆԵՐ» խորագրով գիրքը որուն մէջ 25 անձեր իրենց հայ մեծ ծնողներուն 1915ի շրջանի կեանքը կը պատմեն. գրող եւ բանախօս Իլիֆ Շաֆախի «Իսդանբոլի պոռնկորդին» վեպը որը ցեղասպանութեան մասին է թուրքիոյ 2006թ լաւագոյն վաճառող գիրքն էր: Արուեստագէտ, պարուսոյց եւ իրավապաշտպան Զէյնէպ Թանպէյ, 2010թ « Թաքսիմ»ի հրապարակի վրայ մասնակցած է ցեղասպանութեան տարելիցի նշման հաւաքոյթին եւ արտայայտուած եղեռնի մասին , իսկ ուրիշ առիթով մը կոչ մը ստորագրած է Ապրիլ 24,2014 Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կապակցութեամբ: Պատմաբան Հալիլ Պերքթայ ըսած է թէ թուրքիոյ պետութիւնը անհետացուցած է հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ շատ մը փաստաթուղթեր , որոը հաւանաբար եղած է նախկըն դեսպան Մուհրրէմ Նուրի Պուրճի կողմէ որ առիթով մը խոստովանած էր (մենք իրոք ջարդեցինք անոնց). Մուրատ Պէլճ ծանօթ է իր ուսումնասիրութիւններով հայոց ցեղասպանութեան մասին. Օսման Քոքիր հրատարակութիւններ ունի թրքահայերու մասին, իսկ Ճենկիզ Աքթար արտայայտուած է թէ թուրքիայն կորսնցուցած է ցեղասպանութեան շուրջ ճշմարտութեան ճակատամարտը եւ ինք անձամբ նախաձեռնարկած է ներում խնդրելու արշաւի մը ուրիշ մտաւորականներու հետ.Ահմէդ Ալթանի « Ահ Աղբարիկ» յօդուածը նուիրուած է ցեղասպանութեան նահատակներուն. Ալթանը Թարաֆ թերթի առաջին էջին վրայ գրած է « 1915ը Ցեղասպանութիւն է», եւ անոր տեսակէտով հայերը պէտք է որ նախ թուրք ժողովուրդը լուսաւորէն եւ անոնք են որ պիտի պարտադրէն պետութեան վրայ ցեղասպանութեան ճանաչումը:Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ իքական սեռի իրաւունքներու ջատավով Այշա Կունասու, մասնակցած էցեղասպանութեան մուրջ հաւաքոյթներուն եւ շատ մը առիթներով դասախօսած է ցեղասպանութեան մասին. ըստ անոր եթէ 1915ի ցեղասպանութիւնը տեղի չունենար, հայ բնակչութեան թիւը 17 միլիոնի պիտի բարձրանար այսօր: Քաղաքագիտութեան փրոֆէսօր Այշա Քատիօղլու, 2012ի յօդուածի մը մէջ յիշած է , թէ թորքիոյ մէջ ցեղասպանութեան մասին դասաւանդելը արգիլուած է աւելցնելով ( երբ առիթը ունեցայ անոր մասին կարդալու, գրեթէ զգացի որ ես ուրիշ մոլորակէ եմ):
Օրհան Ահմետ, Քեմալ Քոփթաշ, Ահմետ Ինսիլ, Մեհմետ Օրաս, Սելիմ Տիրընկիլ, Ալի Պայրամօղլու, Այշա Հուր, Մուրաթան Մունկան, Օյա Պայտար, Ֆաթիմա Կոչեք, Ատալեթ Աղաօղլու, Օրալ Քալշլար, Ալբըր Կորմուշ, Մայա Արաքոն եւ ուրիշներ եւս տարբեր առիթներով դրականօրէն արտայայտուած են Ցեղասպանութեան մասին, իսկ մաս մըն ալ մասնակցած է Ապրիլ 24ի հաւաքոյթներուն ու բողոքի ցոյցերուն եւ այցելած՝ Հայաստան: Վերոյիշեալներէն քանիներ դատարան կանչուած են Թուրքիոյ մէջ, «Յօդուած 301»ի* հիման վրայ. մաս մը դատապարտուած է, ուրիշներ՝ կեանքի սպառնալիքներ ստացած, իսկ մաս մըն ալ երկրէն հեռացած է։
Մենք, իրաւունքի պահանջատէրներ ըլլալով՝ շատ աջակիցներ ունինք (պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, մտաւորակններ եւ այլն), սակայն միշտ կարիքն ունինք արդարամիտ, ազատամիտ եւ մեր վիշտը հասկցող կողմերու, իսկ մեզի կը մնայ օգտուիլ այդ մտաւորականներու դիրքորոշումներէն, ի մասնաւորի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:
[divide icon_position=”left” width=”short”]
* Յօդուած 301ը Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի այն յօդուածն է, որ ապօրինի կը համարէ անարգելը Թուրքիան, թուրք ազգը կամ Թուրքիոյ պետական հաստատութիւնները. անիկա գործադրուած է Յունիս 1, 2005ին: Յօդուածի բնօրինակին մէջ թրքութիւնը (Turkishness) նախատելը ոճիր կը համարուի, սակայն Ապրիլ 30, 2008ին «թրքութիւն» եզրը փոխարինուեցաւ «թուրք ազգ»ով: Յօդուածը օրէնքի վերածուելէ ի վեր, տասնեակներով մարդիկ մեղադրուած են: