ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

*ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Hagop Mardirossian

Ան գիտէր նաեւ՝ թէ տակաւին կանուխ էր իր երգերու ձայնագրութիւններուն համար: «Եղբայր՜ կ’ըսէր, ասոնք չեն հասկնար թէ երգիչի մը ձայնը հասուն եւ հաստատուն կը դառնայ 35 տարիքէն ետք»: Բայց չէր գիտեր թէ՝ պիտի չհասնէր եւ «չտեսնէր» այդ տարիքը:

Տակաւին նորելուկ աստղ՝ երգարուեստի ասպարէզին մէջ, խիստ խոնարհ՝ գիտակից էր իր կարողութիւններուն , աստուածատուր եւ իւրայատուկ տաղանդին զորս կը ցոլանային իր գեղադէմ արտաքինէն եւ հոգիին ընդմէջէն:

Գէրորգ Կակոսեանի կեանքը ունեցաւ 27 գարուններ միայն, շուտով խամրելու համար դաժան եւ առեղծուածային մահով, որուն արժանի չէր ան, իսկ պատճառը՞, կրկին առեղծուածային եւ աններելի:

Գէորգ Կակոսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1942 թուի Յունիսի 9-ին, եւ մահացած Գահիրէ, Եգիպտոս, 1969 թուի Նոյեմբերի 25-ին, հիւանդանոցի մահիճին մէջ, զոր դարձաւ իր մահուան անիծեալ մահիճը, հէգ երիտասարդէն խլելու համար իր վերջին շունջը, վերջին երգը՝ «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ»ը, շուրթերուն վրայ սառեցնելու համար:

ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԿԱԿՈՍԵԱՆ

Անհաւատալի էր պատահարը, կ’ըսէին մէկ օր առաջ իր համերգին ներկայ գտնուած ունկընդիրները : Ըստ բժիշկներու յայտարարութեան, եւ ուշ գիտակցութեան հետեւանքով,  անոր անհանգստութեան պատճառը եւ դարմանումի անկարելիութիւնը, զոր յայտնաբերուեցաւ  դիազննութեան հետեւանքով, անկարողութեան մատնած էին բժիշկները: Բայց արդէն ուշ էր, եւ հայ երաժշտութեան նորագոյն եւ հազուագիւտ աստղերէն մին, կը խամրէր տակաւին վերելքի ճանապարհին, «Կոմիտասի» 100-ամեակը առանց կարենալ յիշատակելու իր պատրաստած համերգով:

Պէյրութի Պետական Երաժշտանոցի դասընթացքները բաւարար չէին երիտասարդ արուեստագէտին երաժշտական կիրքերուն գոհացում տալու համար: Ան շարունակեց իր ուսումը Իտալիոյ մէջ, իր ինքնատիպ եւ գեղեցիկ բամբ (պաս) ձայնի արտակարգ կարողութեան շնորհիւ, հասնելու համար հեռաւոր հորիզոններ, ուր հասած են միայն հազուագիւտները, իր նման, ուսանելով եւ տիրապետելով միջազգային երաժշտութեան: Ազգային ոգին սակայն կը տիրապետէր իր հոգիին մէջ:

Գէորգ Կակոսեան այնուհետեւ կը հետեւէր իր արուեստի կատարելագործման, պատրաստակամ նուիրուելով հայ եւ օտար երգի ներկայացման, հայ եւ օտար բեմերու վրայ:

Իր երգահանդէսները կը տարբերէին այլ երգիչներու ելոյթներէն: Գէորգին ելոյթները ընդհանրապէս նուիրուած էին ազգային երեւոյթներու քաջալերական ելոյթներու, առանց նիւթի հետապնդման: Ան խորապէս գիտակից, համեստ եւ խոնարհ իր վաւերական կարողութիւններուն, նման չէր այլ երգիչներու որոնք արուեստի բարձունքներ չնուաճած՝ արդէն կը մոլորին իրենց հպարտութեան եւ յոխորտութեան մէջ:

mardi3

Ուսուցիչները  զինք կոչած էին «խոստմնալից տաղանդը» որ «տուաւ այն ինչ որ իրմէ կը պահանջուէր»:

Գէորգ Կակոսեան պատուոյ կոչումով կը վերադառնայ Պէյրութ, հաստատելու համար թէ ան արդէն տիրապետած էր երգարուեստի կատարողական եւ մեկնաբանական արուեստին:

Այնուհետեւ՝ իր կեանքի արուեստի սեմին, ան ելոյթներ կը սկսի ունենալ միջին արեւելքի, Եւրոպայի եւ Հայրենիքին մէջ, գրաւելով եւ հմայելով հանդիսասրահի ունկընդիրները իր քնքոյշ թաւ ձայնով:

Կ’ըսէին թէ ան Նար Յովաննիսեանի յաջորդն էր հայ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ, սակայն՝ հազար ափսոս, Գէորգին աստղը ասուպի նման շատ շտապ մեկնեցաւ հայ երաժշտութեան հորիզոնէն, սուգի մէջ թողնելով հարազատները, երկրպագուները եւ համայն հայ ազգը:

Գահիրէի, Պէյրութի, Հալէպի հայ գաղութները եւ Հայրենիքի ժողովուրդը ափսոսանքով  սգաց անոր վաղաժամ մահը: Սգացին նաեւ իր օտար ուսուցիչներն ու դասընկերները, Լիբանանի, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ Ճաբոնի մէջ: Վերջին երկրի ընկերը՝ Թաքաօ Օքամուրան, իր յիշատակին երգահանդէս տալով Լիբանանի մէջ, վերջին երգը, «Ես Լսեցի Մի Անոյշ Ձայն» , հայերէն լեզուվ նուիրելով Գէորգի յիշատակին:

Անժամանակ կորուստը արուեստի պատուանդանէն պոկեց Գէորգը, սակայն անոր անունը պիտի մնայ անմար հայ երգարուեստի պատմութեան մէջ որպէս հզօր բամբ (պաս) երգիչ:

Յիշատակդ անթառամ Գէորգ Կակոսեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *