*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Արդէն լոյս տեսած է «Կամար» գրական պարբերականի 21-րդ թիւը իր այլազան ու ճոխ բովանդակութեամբ, միշտ իր անկախ դիրքով, միշտ իր տուած նորութիւններով:
Հաստատելու համար մեր ըսածը՝ ներկայացնենք ողջ թիւը: 113 էջի վրայ տարածուող այս ճաշակով, երփնագեղ թիւը կը սկսի խմբագրականով մը՝ խմբագրապետ Ժիրայր Դանիէլեանի գրիչէն, ուր հաւատարիմ պարբերականի անունէն՝ «ԿԱՄԱՐ» անցեալը կամրջել կը փորձէ ներկային: Մօտ ենք մեծ եղեռնի 100-ամեակին, ուստի Դանիէլեան խօսիլ կու տայ Չանղըրըէն հրաշքով մը փրկուած՝ Միքայէլ Շամտանճեանը, որպէսզի անգամ մը եւս ընմբռնենք «Նահատակութեան Անթաղ Պանթէոն»-ին խորիմաստ իմաստը երբ այդ Պանթէոնին անթաղ մեծերը թիւով բազմատեսակ էին եթէ ոչ բազմահարիւր:
Որքան լաւ մէջբերում մը կատարած է խմբագրապետ՝ Ժիրայր Դանիէլեան Ֆրանսացի գրող՝ Լօթրիամոնի մէկ ճշմարտախօս գրիչէն.
«Ծովերու բոլոր ջուրերը չեն բաւեր՝ լուալու համար նահատակ մտաւորականի մը արեան մէկ կաթիլը:»
Բայց Օսմանցին տապարով արեան գետերու հեղեղներ հոսեցուց:
Ահա յաջորդող յօդուածը Դոկտ. Երուանդ Քասունիի հոգիէն բխած՝ «Հանդիպումներ Պարոյր Սեւակի Հետ», ինչու ըսի հոգիէն ու ո՛չ գրիչէն, քանի որ յուշերը գրի առնելը փորձանաւոր գործ է:
Իսկ հոս երբ 4-15.րդ էջերուն վրայ կը խօսի Պարոյր Սեւակի, Լեւոն Հախվերդեանի ու լրջախոհ գրագիտնական՝ Մօրուս Հասրաթեանի մասին, իրեն կ’ընկերանանք հաճոյքով զի իր ըսածները փորձաքարի զարնելով կը հաստատենք թէ Քասունի ըսած, մեզի յանձնուած է ճշմարտութիւնը, միայն ճշմարտութիւնը: Ոչ մէկ աւելորդաբանութիւն:
Պարբերականին երրորդ հիւրը Մոնազն կը կոչուի, որ մեզի բերած է մեծ աւետիսը՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. Իսկ ի՞նչ է այսօր մարդկութեան դիրքը այդ մեծ աւետիսին նկատմամբ:
Հեղինակը պատասխան մը կը սպասէ:
Ահա յայտնուեցաւ հայրենի գրող, վէպերու, պատմուածքներու, եւ թատերգութեանց հեղինակ Նորայր Ադալեանը, որ իր գրածը կոչած է «Ինչպէս Չգրել Պատմուածք» ու հակառակ այս վերնագիրին Ադալեան 20-24 էջերու վրայ յօրինած է հոգեբանական վերլուծումներով հարուստ պատմուածք մը իր անձին մէջէն, իր խոհերուն, զգացումներուն մէջէն ներկայացնել մարդը ընդհանրապէս:
Ադալեանի այս պատմուածքը կեանքին մօտենալու այն ձեւն է, որ էն առաջ կու գայ հաստատել տալու, որ հեղինակը մեր նոր օրերու լաւագոյն արձակագիրներէն մէկն է:
Ահա զոյգ մը բանաստեղծութիւն Ժնեւի մէջ ապրող Յակոբ Սարգիսեանէն, որուն պատկերաւոր խօսքերը անցեալի մը կը վերաբերին, վերապրում մը, յիշել տալու համար մեզի թէ մեր անցեալէն, «Երգի կողմէն ոչինչ մնաց միայն հին ցաւ մը կողնացոյց»: 100 տարիներէ ի վեր ջարդերը մեզ կը հօզադեն ու ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նորագոյն սերունդներու վրայ, եւս:
Բայց լսեցէք, այսպէս կը վերջանայ բանաստեղծ՝ Սարգիսեանին երկրորդ «Յաւերժ Ճամբորդ» քերթուածը. «Կ’ըլլամ հողին վերադարձող նորոգումի յաւերժ ճամբորդ»:
Կը ներկայանայ այս անգամ արձակով՝ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանը, որուն այս գործը կը կրէ « Մօտեցում Տոհմին Յուշատետրին»:
Թէ ի՞նչ է տոհմը, ի՞նչ տոհմին արիւնը, որ կը ճամբորդէ դարերու մէջէն, երկիրէ երկիր, յուշելու, հաստատելու համար մե՛ր ինքնութիւնը, հայո՛ւն ինքնութիւնը: Անխաբ է արիւնը:
Իսկապէս, հոս, արձակագիր Կիրակոսեանը մեծ ներշնչումով ստեղծած է այս գործը՝ հողմաշունչ փոթորկայոյզ ներշնչումով:
Դարձեալ ջարդն է նիւթը, ազատուիլ կարելի՞ է, թուրքն անգամ այսօր երբ կը հալածուի իր ըրածէն, մենք ինչպէ՞ս ազատուինք մեր վրայ գործադրուածէն թուրքին իսկ ձեռքով:
Կիրակոսեանը գրած է. «Ո՛չ, ես ուրիշ տեղ չեմ կրնար ըլլալ, պոռթկաց արիւնը եւ օրերուս վրայ նոր օրեր գումարեց: Պէտք է անպայման հասնիմ հրապարակը, ի՛մ հրապարակը, դար-դար քնացած մեռելները արթնցնեմ, վերանորոգ կեանք ու հաւատք պարգեւեմ իրենց, երիտասարդանամ իրենց պէս ու իրենց հետ, թաս մը կեանք խմեմ անմահական ջուրէն, ու … խմեմ ու արքայանամ, լիանամ հողին գարուն-գարուն սիրահարութիւններով … համբերատար քարերուս մանկութեամբ … հրաշք խորհուրդներուն լուսաշաղախ երանգները ծիածանեց … երգեց լեզու առաւ շիրիմներուն հետ եւ միջոցը օշինդրող մեղուներուն հետ բոյր-բոյր քաղցրութիւններ սաղմոսերգեց»:
Ու ասկիա սփիւռքի նոր սերունդն է:
Սարգիս Կիրակոսեանին այս քնարավէպը ցեղին արիւնէն ուղխօրէն ժայթքած նոր կրակի մը այն լուցկին է, որ պիտի բոցավառէ ցեղասպանութեան հարիւրամեայ դարադարձի կրակը:
Ահա իր խոհերը երգի վերածող բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանը, որ իր քերթուածներով սփիւռքահայ մարդու սիրտի եւ ամէնօրեայ ալեկոծումներուն կենսափրկումի ճամբան կը փնտռէ. «Ու կը տեսնեմ կեանքը՝ կը շարունակուի դեռ …»: Տէտէեան իր երկրորդ քերթուածով՝ «Հիմի Է՞լ Լռենք», արդէն իր հարցումին ինքն իսկ պատասխանած կ’ըլլայ, … Հայրենիքը արդէն չի լռեր, նոյնպէս սփիւռքը:
Յուշիկ քայլերով Արամ Սեփեթճեանն է եկողը իր «Անազատ Օր Մը՝ Ազատութեան Արձանին Հայեացքին Տակ» արձակով ուր գրած է. «Աշոտ, առաւել եւս կը զայրանար, երբ եկեղեցւոյ խորանէն սարկաւագը կը բացագանչէր «Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» ուրեմն, գերեալներ կան նաեւ ամերիկեան այս աշխարհին մէջ …»: Սահուն այս տողերուն մէջ դարձեալ Եղեռնն է լեզու առնողը: Այս գործը բանաստեղծական արձակ մըն է:
«Հողէն կը Ծնին» այս քերթուածը Թորոս Թորանեանի կողմէ արձակուած ճիչ մըն է երբ մոռացումի կ’ենթարկուին մեր երկրի մեծերը:
«Դուք առանց հողի … ինչպէս կրցաք դուք հերկել Սփիւռքեան դաշտերն ամայի …:
Փա՜ռք ձեր բոլորին, հա՛յ սերմնացաններ:»
Իրանէն հոս հիւրընկալուած է Խաչիկ Խաչերը, որ իր վերնագրած՝ «Բասկերի Գլխարկով Տղամարդը» արձակը, որուն նիւթը սփիւռքն է, քանի որ կեանքի պայմանները կը ստիպեն, որ սփիւռք մեկնի որպէս դամբանական Մարզպետունի կարդալով:
Բայց հերոսայնութիւնը ներկայ է միշտ: Քիչ խօսքերով շատ ըսելիք հրամցնող բանաստեղծ ու արձակագիրն է Խաչիկ Խաչեր:
Բարեւ ձեզ, խօսողը արձակագիր Պերճուհի Աւետեանն է:
Ահա՛, իր «Առնէտեան Օրագիր»-ը:
Մաքուր հայերէնով կեղտոտ առնէտներու մասին ամբողջ ութը էջ: Բայց հոս հեղինակը առնէտի անունին տակ նկատի ունի մարդը, այն մարդիկը որոնք առնէտի կեանքով կ’ապրին. «Մոխրագոյն մարմնիս երկար մնաց արեւին տակ, աղբակոյտին հետ նոյնանալով, տակաւին կոյտեր շպրտեցին վրաս, իսկ հոգիս, հոգիս տակաւին երկար պիտի պայքարի, մինչեւ, մինչեւ …» Այո՛, աղբանոցն է վախճանը …
Յակոբ Միքայէլեանը արձակագէտը լրիւ ապրած ըլլալով Սուրիոյ պարտադրուած պատերազմավան երեք տարիները, գրած է «Պատերազմի Մեղեդիներ» արձակ գործը:
Այո՛, մարդ յուսահատիլ չի գիտեր, ռումբերու խժալուր աղմուկին մէջ անգամ, յանկարծ դաշնամուրէն մեղեդի մը կը լսուի:
Մանուկին սիրտը շոքոլա ուզած է, ծնողքը պէտք եղած գումարը չունին ու անկարելիութեան առջեւ կու լան … Իսկ մանուկը, «Մամա, ինչո՞ւ կու լաս, պապան ալ կու լայ: Մի լաք, շոքոլա չեմ ուզեր …» Տխուր պատմութիւն, լաւ աւարտ:
Մանուէլ Քէշիշեանն ալ ներկայ է այստեղ իր «Աստուած Զաւակներդ Պահպանէ» արձակով: Մէկ էջ, բայց բազմիմաստ: Հոս աղքատիկ ու մահամերձ մանուկը հիւանդանոց հասցնող մարդուն պատմութիւնն է, Հալէպեան պատերազմի տաք շրջանին: Քէշիշեանը որպէս թատերագէտ դիտել գիտէ:
Համբիկ Մարտիրոսեանը կրնա՞յ չերեւիլ: Ահա իր մէկ արձակ գրութիւնը՝ «Մօրս Երջանկութիւնը եւ Իմ Լացը»: Դարձեալ, մեզի հրամցուածը գաղթի պատմութիւն է, արդիւնք թուրքին հեղինակած Ցեղասպանութեան: Առատ են հեղինակին ծանր խօսքերը: Սրտաճմլիկ, ապրուած կեանքի մը պատմութիւնն է այս: Բայց, յոյսը … կը մնայ, հեղինակը հակառակ իր լալուն կը շարունակէ ապրիլ, վազել ու գրել անդադրում: Ի վերջոյ հայը պարտուողը չէ՛:
Լոս Անճելսէն Մինաս Գոճայեանն է գրողը «Ատանացին» արձակը, որ անցեալ վէպէն հատուած մըն է: Դարձեալ ջարդն է, «Հարս լոյս ասդին երկարէ ՜…»:
Հեղինակը եղեռնէն փրկուած ծնողներու զաւակ, չէր կրնար չգրել այս էջերը ուր պապենական տունը գտնել կայ, որուն տէրը ինք պիտի ըլլայ դարձեալ յիշատակելի օր մը:
Մէկ քերթուածով ու բանաստեղծութեան վերլուծումով Կիպրոսէն մեզի ներկայացողը Սմբատ Տէրունեան բանաստեղծն է: Տէրունեանին գրավերլուծումի եղանակը նորութիւն մըն է մեզի համար:
Բանաստեղծութեան նիւթը «Վարդենին» է: Անտառէն վարդենիէն պոկուած ճիւղ մը, որ տան մը մէջ կոկոն մը կու տայ: Կոկոնը չբացուած վարդն է: Սփիւռքն է մէկ խօսքով: Վարդենիին մասին գրած է բանաստեղծ Տէրունեան, իրա՞ւ , բայց կարծեմ գրած է Սփիւռքի մասին:
Լաւ լսեցէք, Պէյրութի ապրող թատերագիր Արա Արծրունին է խօսողը այս անգամ՝ «Բանավէճը եւ Հայ Սփիւռքի Վերջին Հարիւրամեակը» գիրով հրամայելու պէս կը խնդրէ եւ խնդրելու պէս կը հրամայէ, որ մեր գաղութները վէճեր յարուցանելու փոխարէն բանավիճիլ սորվին:
Արծրունիին խօսքը, անաչառ, անկեղծ կոչ մըն է ուղեալ գաղութներու եւ յատկապէս Լիբանանահայութեան, որպէսզի մենք իրարու մօտ գալ սորվինք եւ թայֆայականութիւն խաղալէ դադրինք ու հանդարտ բանավէճով բուժենք մեր վէրքերը: Երանի Արծրունիի խօսքին արձագանգներ տրուին …:
Հեզահամբոյր Քրիստինէ Կանաչեանը, իր յուշերը կը պատմէ Կոմիտասի աշակերտ Բարսեղ կանաչեանի մասին: Քրիստինէ մարդ Աստուծոյ մինչեւ հիմա ո՞ւր էիր: Կարդացինք յուշերուդ շարունակելի 16 էջերը ու չենք ըսեր լիացանք, բայց կ’ըսենք ճանչցած էինք ամուսինդ Բարսեղ Կանաչեանը, իր «Օրօր»ով եւ «Պճինկօ»ով ու այլ հիանալի գործերով, բայց գրիչովդ աւելի լաւ ճանչցանք ողջ ազգէն սիրուած երգահանը:
«Կամար»ով ու քեզմով՝ Քրիստինէ Բարսեղ Կանաչեանը անգամ մը եւս ծիածանուեցաւ հայոց երկնակամարին վրայ:
Մովսէս Ծիրանի արուեստաբանը չէր կրնար բացակայիլ, իր արուեստաբանի խօսքը այս անգամ Սիրուն Երէցեանի գործերուն մասին է, այն Սիրունին որուն վրձինը կարծէք դադխուած է հայոց Որդան Կարմիրին մէջ, մեզի յիշեցնելով Սարգիս Պիծակն ու Թորոս Ռոսլինը եւ տակաւին արդի գեղանկարչութիւնը: Մովսէս Ծիրանի կը գրէ. «Սիրուն Երէցեանը այս ստեղծագործութեան ընթացքին չի խնայեր ո՛չ ինքզինքին եւ ո՛չ ալ չարին ու չարակամութեան: Հոգեպէս կը տաղուի ու կը տաղէ նաեւ ակնդիրը իր ուժեղ արտայայտչականութեամբ: Կ’ըմբոստանայ, կը ճչայ սակայն չ’ողբար: Ոչ մէկ լալկանութիւն եւ ողբասացութիւն կայ իր ամէնէն ողբերգական կտաւներուն մէջն իսկ»:
«Կամար»ի այս թիւով Սիրուն Երէցեանի մասին իրենց խօսքը ունին նաեւ արուեստի այնքան մօտիկ կանգնած Յարութիւն Նագուլեանն ու Ժիրայր Դանիէլեանը:
«Կամար»ով Սիրուն Երէցեանը իր բոլոր գոյներով կամարուեցաւ մեր հոգիներուն վերեւ:
«Կամար»ի այս թիւը դարձած է ընտրանի մը, ուր ներկայ է նաեւ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանը, որուն գեղանկարները վարպետօրէն վերլուծած են Լիբանանցի արաբ վարպետները:
Չէ մոռցուած երգիծանկարչութիւնը երբ Պարոյր Աղպաշեան ներկայացուցած է մեզի Գրիգոր Քէօսէեանին «Երգիծանկարներ» գիրքը:
Անշուշտ այս յօդուածը պէտք է գրէր Պարոյր Աղպաշեանը, քանի որ ինք ծնած էր այն տան մէջ, ուր կ’ապրէր երգիծագիր իր հայրը՝ Յովհաննէս Աղպաշեան: Այդ մթնոլորտին մէջ հասակ առնող մը պէտք է գրէր ներհուն հրապարակագիր , արուեստաբան ու կայացած երգիծանկարիչ Գրիգոր Քէօսէեանի մասին, որ իր այս գիրքով յիշել կու տայ, մեզի իր անցեալի գործերը երբ ինք մեզի հետ էր, հոս, Լիբանանի մէջ:
«Կամար» պարբերականը չի մոռնար մեր տաղանդաւոր մեկնածները: Ահա խօսք մը իր կողմէ՝ մեկնած Ճիմ Թորոսեան հայրենի ճանաչում գտած ճարտարապետի կողքին՝ արձակագետ Լեւոն Խեչոյեանի կորուստին մասին:
«Կամար» չի մոռնար նաեւ ողջերը: Հոս պարգեւատրումը Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին Կիլիկիոյ Հայոց Արամ Ա. Հայրապետին կողմէ տուչութիւնը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
Հոս նշուած է նաեւ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի մէկ նոր հատորին՝ «Հայկական Մասնակցութիւնը Լիբանանեան Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն 1934-2009» շնորհահանդէսին:
Յիշուած է նաեւ մեծարումը բանասէր ու լրագրահաւաք, հրապարակագիր, խմբագիր ու մանկավարժ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը, որուն մեծարումը գլխաւորեց Արամ Ա. Հայրապետը արժեւորելով այս նուիրեալ Հայ մտաւորականը ու պատմելով անձնական յուշեր:
Այս էջերուն վրայ աւելին կ’արժէր տալ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանին:
Վերջապէս «Կամար» արժեւորած է նաեւ մանկապատանեկան «Փթիթ» պարբերականը՝ իր վերջին էջին վրայ տալով անոր գունատիպ բոլոր կողքերուն (թիւով 21) լուսանկարը: Այս եւս կոչի մը արժէքը ունի, որ ընթերցողները մտածեն մեր մանկապատանեկան գրականութեան մասին:
Ահա ընթերցանութեան ոսկեհանք մը:
Ողջոյն «Կամար»ին ու բարի երթ Սփիւռքէն դէպի հայրենիք: