Սևրի հաշտության պայմանագրով` Թուրքիայի կառավարությունն անձամբ է ընդունել երիտթուրքական իշխանության ահաբեկչական լինելը: «Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին պայմանագրի 100-ամյակին նվիրված գիտաժողովի ընթացքում ասաց ՀՀ ԳԱԱ Պատմության ինստիտուտի Հայկական հարցի և Հայոց ցեղասպանության պատմության բաժնի վարիչ, պատմական գիտությունների դոկտոր-պրոֆեսոր Արմեն Մարուքյանը:
«Պայմանագրի 142-րդ հոդվածի հենց առաջին նախադասությամբ, այդ թվում նաև թուրքական պետությունը համարել է, որ 1914թ. նոյեմբերի 1-ից, այսինքն` Օսմանյան կայսրության` պատերազմի մեջ մտնելուց սկսած այդ երկրում հաստատված իշխանությունն ահաբեկչական է: Սա քաղաքական գնահատական էր երիտթուրքերի վարչակարգին: Սրա տակ ստորագրել է նաև թուրքական պետությունը»,- ասաց Մարուքյանը:
Պատմաբանը նշեց, որ ահաբեկչական այդ վարչակազմը կատարել է բռնի մահմեդականացման գործողություններ, որից հետո պայմանագրով ազատ իրավունք է տրվել բռնի ճանապարհով իսլամ ընդունած նախկին քրիստոնյաներին` վերադառնալ իրենց կրոնին:
Առաջին աշխարհամարտի ավարտից 2 տարի անց Թուրքիայի սուլթանական կառավարության և պատերազմում հաղթած պետությունների՝ այդ թվում Հայաստանի միջև 1920թ. օգոստոսի 10-ին Փարիզի Սևր արվարձանում կնքվեց հաշտության պայմանագիր, ըստ որի՝ Հայաստանի Հանրապետության տարածքը պետք է կազմեր 160 հազար քկմ: Այն մինչ օրս շարունակում է մնալ ուժի մեջ:
Հասարակական ու միութենական կեանքէն ներս, ընդհանրապէս փորձած եմ խուսափիլ այն մարդոցմէ որոնք յաճախ կ’օգտագործէին «ես գիտեմ»-ը: Վերջերս յարգելի խմբագիր մը «գիտեմճիութիւն» եզրոյթն ալ օգտագործած էր: Սակայն այսօր, մեր հարազատ ու սիրելի Պէյրութին պատուհասած աննախադէպ փորձանքին ի տես, թոյլ տուէք ըլլալ անհամեստ եւ հաստատել, այո’ ես գիտեմ:
Ես գիտեմ թէ հիմա ամբողջ Լիբանանահայութիւնը ապրելու, յարատեւելու եւ վէրքերը ամոքելու ինչպիսի կամք պիտի դրսեւորէ: Եւ այս՝ քանիերորդ անգամ: 1970-ականներուն մեր հայրերուն սերունդն էր: Յետոյ՝ մեր սերունդը, ապա այժմ՝ մեր զաւակներուն սերունդը: Սակայն ես խուճապահար չեմ, ես լաւ կը ճանչնամ մեր ժողովուրդը: Ես տեսեր եմ թէ իմ հօրս ընկերները ինչպէս իրարու կ’օգնէին, երբ Պուրճի հայկական վաճառատուները փակուեցան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Կը յիշէ՞ք սեղանիկները ուր մեր հայրերն ու մեր դրացիները ծխախոտ, պաթարիա, ծամոն, շոքոլա եւ այլ մանրուքներ կը ծախէին իրենց ընտանիքները պահելու համար:
Ես տեսեր եմ հօրս սերունդի այն կամաւոր միութենականներուն աշխատանքը, որոնք 1978-ի ռմբակոծումներէն վերջ հայկական աւերուած տուները կ’այցելէին գնահատելու նիւթական վնասները, յետագային այդ տուները, եկեղեցիները, դպրոցները, ակումբները վերաշինելու համար: Անոնք մեր այրած տունն ալ եկան: Ես 14 տարեկան պատանի հօրս քով ծուարած զիրենք կը դիտէի պատկառանքով: Այդ սերունդի մարդիկ՝ մեր հայրերը, հօրեղբայրները, քեռիները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները, մաքինիսիէններն ու ատաղձագործները, ոսկերիչներն ու կօշկակարները, այդ քիչ խօսող բայց վստահութիւն ներշնչող լուրջ անձնաւորութիւնները, վերականգնեցին ոչ միայն շինութիւնները այլ գաղութային կեանքը: Կարծես վրէժ լուծելու համար անոնք առաւել եւս աշխուժացուցին Լիբանանահայ կեանքը: Զարկ տրուեցաւ խնամատարական-առողջապահական ոլորտին՝ ԼՕխ-ի Պուլղուրճեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի ու Հ.Կ.Բ.Մ.ի դարմանատուներ: Ռումբերուն տակ չդադրեցան թերթերն ու պարբերականները, թատրոններն ու պարախումբերը: Այս բոլորին աւելցան նաեւ ռատիոկայանները:
Այո, այս մեր հայրերուն սերունդը «ինչեր ասես որ չեն տեսել». աւելին՝ ինչեր ասես որ անոնք չեն իրագործած, եւ այն ալ ի՜նչ պարտաճանաչութեամբ:
Լիբանանահայ գաղութի վերապրումի մեր երէց սերունդին պատգամը մեր սրտերուն մէջ, մեր սերունդը ասպարէզ իջաւ 1980-ականներու վերջին: Դարձեալ աւեր, դարձեալ պատերազմ 1989 եւ 1990 թուականներուն: Եւ ահա այն զարմանալի եռուզերը՝ գոյատեւելու, յարատեւելու, վէրքերը ամոքելու Լիբանանահայուն անկոտրում կամքը անգամ մը եւս ինքզինք պարտադրեց ամբողջ 1990-ականներուն: Այդ հոյակապ վերակերտումի ականտեսն ու մասնակիցը դարձանք մենք, մեր սերունդը: Դարձեալ ժողովներ, համագաղութային կազմակերպուած վերականգնումի նախաձեռնութիւններ (Տիկին Սաթենիկ Մանուկեանին հետ ես կը ներկայացնէի Հ.Բ.Ը.Մ.ը Միջ-Բարեսիրական ժողովներուն, ատենապետութեամբ Հայկ Թիլպեանին՝ երկուքն ալ հանգուցեալ):
Քանի որ ես ի պաշտօնէ ընդգրկուած էի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան աշխատանքներուն մէջ, հպարտութեամբ կ’արձանագրէի, եւ այս անգամ ոչ թէ դասագիրքերէն, ոչ թէ մեծերուն պատմածներէն, այլ անձնական փորձառութեամբ թէ ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ը արագ ու գործնական կը հասնէր մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Իսկապէս ինծի համար պատիւ էր ծառայել իմ գաղութիս Հ.Բ.Ը.Մ.ի միջոցաւ:
Սկսած Նիւ Եորքի Կեդրոնական Վարչութենէն մինչեւ գետնի վրայ Միութեան պաշտօնեաներն ու Միութենական կամաւորները, բոլորը զարմանալիօրէն ունէին այն գիտակցութիւնը թէ նաեւ իրե’նց ջանքերով պիտի յաղթահարուէր այս պատուհասը: Նաեւ իրե’նց մեծ կամ փոքր ներդրումով Լիբանանահայ գաղութը անգամ մը եւս պիտի կարողանար ջախջախել յուսահատութեան զգացումը, բարոյալքութիւնը. պիտի վերահաստատէր հաւատքը դէպի մայրենիներու երկիրը: Ի վերջոյ այս այն գաղութն էր ուր գործեր էին Սիմոն Վրացեանն ու Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանն ու Անդրանիկ Ծառուկեանը, Մուշեղ Իշխանն ու Վահէ Վահեանը, Փարունակ Թովմասեանն ու Հրաչեայ Սեդրակեանը, Արսէն Կիտուրն ու Յարութիւն Կուժունին:
Ահա այսպիսի ենթագիտակցական գրգիռներով առաջնորդուած, քանի մը օրուայ մէջ Լիբանանահայ գաղութը վերադասաւորեց իր ներուժը: Մեր պարագային Խալիլ Պատաուիի Հ.Բ.Ը.Մ.ի դարմանատունը, այդ քանի մը սենեականոց բժշկական կեդրոնը,1989-1990 թուականներուն դարձաւ Լիբանանահայութեան օգնութիւն հասցնելու կարեւոր կեդրոններէն մին:
Մեզմէ առաջ այս գործը ձեռնհասօրէն կատարեր էին Սարգիս Մինասեանները, Արա Թօփճեանները, Վազգէն Պօյաճեաններն ու Սիլվա Ճիկերեանները: Այժմ հերթը մերն էր: Ժիրայր Դանիէլեաններ (առողջութիւն սիրելի Դանիէլեանին) եւ Հանրի Ուրֆալեաններ. Յարութ Մակարեաններ, Թագուհի Լեփեճեաններ ու Փիթըր Ուրֆալեաններ. ըսթեզ Յովակիմներ, ըսթեզ Նորայրներ եւ Յակոբ Տիւնեայաններ, բոլորը պատրաստ էին ռումբերուն տակ ներկայանալու եւ անտեսելով բոլոր վտանգները լծուելու Լիբանահայութեանը օժանդակելու գործին:
Այս բոլորը անշուշտ առաջնորդութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հ.Ե.Ը.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ ու անցեալ անդամներուն, որոնք պատնէշի վրայ էին: Անոնք միշտ աչալուրջ էին, միշտ հաւասարակշռուած, միշտ վստահութիւն ներշնչող: Անոնցմէ ոմանք ափսոս չկան այսօր, բայց միշտ պիտի յիշուին այդ օրերու Բարեգործականի «աղաները»: Կարպիս եւ Նուպար Նազարեաններ, Յակոբ Ալթունեան, Տեմիրճեան եղբայրներ, Կարպիս Մարգարեան, Մայք Մարտիրեան, Արմէն Յարութիւնեան, Սարգիս Պչաքճեան եւ ուրիշներ:
Տասնեակ հարիւրաւոր Միութենականներ, հաւատալով ու վստահելով այս Միութեան, նուիրուեցան ու գործեցին անսակարկ: Ես գիտեմ այսօր նոյնպէս նոյն իրավիճակն է: Պէտք չունիմ անձամբ Պէյրութ գտնուելու զգալու այն Հ.Բ.Ը. Միութենական ջերմեռանդութիւնը, այն ծառայելու ոգին, որ կ’առաջնորդէ Բարեգործականի անդամները: Ես գիտեմ որ այժմու «նազարեաններ»ն ու «տեմիրճեաններ»ը արդէն զօրաշարժի ենթարկած պիտի ըլլան Միութեան բոլոր կառոյցները: Ես գիտեմ որ մեր Միութիւնը պիտի չսպասէ որպէսզի կարիքաւորները գան ու դիմեն օգնութեան համար: Ես գիտեմ որ Բարեգործականը պիտի երթայ ու գտնէ զանոնք: Ինչպէս մենք ըրինք երթալով Այնճար ու Զահլէ նիւթապէս օժանդակելու Պէյրութէն ճողպրած հայրենակիցներուն: Ես գիտեմ որ կայծակի արագութեամբ Նիւ Եորքէն յաւելեալ օժանդակութիւնները ճիշդ ժամանակին պիտի հասնին: Մի հարցնէք թէ ինչպէս: Այն ժամանակ Լուիզ Սիմոնը հիմա ալ Պերճ Սեդրակեանն ու մեր Լիբանանի Բարեգործականի «աղաները» գիտեն թէ ինչպէս: Ուղղակի վստահեցէք իրենց:
Այժմ կը նայիմ դիմատետրի մէջ տեղ գտած Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանակի տեղադրած նկարներուն: Տխուր եւ ուրախ զգացումներ կը պատեն սիրտս: Իմ ծննդավայրս, մեր սիրելի Լիբանանը դարձեալ վիրաւոր է, դարձեալ պատուհասուած: Այդ նկարներուն մէջ կը տեսնեմ ծանօթ ու սիրելի Միութենականներու դէմքեր: Ես գիտեմ թէ ինչ զգացումներով անոնք նստած են այնտեղ: Այդպէս մենք կը նստէինք Կարպիս Նազարեանին ու Յակոբ Ալթունեանին գրասենեակներէն ներս: Բայց ես խուճապ չեմ տեսներ այդ նկարներուն մէջ: Ճիշդ այնպէս ինչպէս խուճապ չկար մեր հոգիներուն մէջ 1989-1990-ին երբ կը նստէինք Յ. Ալթունեանի Ապրոյեանի գրասենեակին մէջ:
Ես տխուր եմ այո, սակայն միեւնոյն ժամանակ ուրախ, որ իմ սիրելի Հ.Բ.Ը.Մ.էն ներս բան չէ փոխուած: Սերունդներ կ’երթան, նոր սերունդներ կու գան եւ մեր փառապանծ Միութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշին վրայ, միշտ պատրաստ զինք ծնող ժողովուրդին անշահախնդիր ծառայելու:
Այսօր Լիբանանը վիրաւոր է եւ մեր բոլորին պարտքն է անյապաղ օգնութիւն փութացնել: Արդէն ամէն կողմ դրամահաւաքներ են: Ես գիտեմ, ես վստահ եմ որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը ինչպէս եւ միւս միութիւնները առանց երկմտելու օգնութեան ձեռք պիտի մեկնեն Լիբանանին: Անգամ մը եւս պիտի փաստուի, որ Լիբանանահայութիւնը մինակ չէ, որ որեւէ հայ համայնքի դժբախտութիւն, ամբողջ ժողովուրդին համար մարտահրաւէր է: Երէկ Հալէպն էր, յետոյ Տաւուշը, իսկ այսօր Պէյրութը: Դուք առանձին չէք, ամուր մնացէք:
Օգոստոս 10, 1920 պատմական նշանակալի թուական մըն է հայ ժողովուրդին համար: Այդ օրը Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ պետական հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը Ա. Աշխարհամարտին պարտեալ Օսմանեան Կայսրութեան եւ յաղթական դաշնակիցներու միջեւ, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը:
Սեւրի Դաշնագրով փաստօրէն կ’անդամահատուէր Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ յաղթական դաշնակիցները իրենց միջեւ կը բաժնէին կայսրութեան հողամասերուն մեծ մասը, բաժին հանելով նաեւ փոքրամասնութիւն եղող ազատագրուած ազգերուն:
Սեւրի վեհաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Նորանկախ Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Աւետիս Ահարոնեան, իսկ Արեւմտահայութեան պատուիրակութեան նախագահն էր Պօղոս Նուպար Փաշա: Դաշնագիրը ստորագրեց յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան Աւետիս Ահարոնեան: Իսկ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ստորագրեցին չորս անդամներ, որոնք լիազօրուած էին Սուլթան Մէհմէտ 6-րդի կողմէ:
Սեւրի Դաշնագիրը կը բաղկանար 110 մեծադիր էջերէ, 13 անջատ գլուխներէ եւ 433 յօդուածներէ: Դաշինքի 88-րդ յօդուածէն մինչեւ 92-րդը Հայաստանի առընչուող հարցերու հետ աղերս ունէր: Յօդուած 88 կը սահմանէր. «Թուրքիա, համաձայն Դաշնակից Պետութիւններու կողմէ առնուած քայլերուն, կը ճանչնայ Հայաստանը որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն»:
Յօդուած 89 կը սահմանէր. «Թուրքիան եւ Հայաստանը, ինչպէս միւս դաշնագիր բարձր կողմերը կը համաձայնին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ)-ի նախագահի վճռին յանձնել սահմանի որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, Էրզրումի, Վանի, Տրապիզոնի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ եւ ընդունիլ անոր վճիռը, այլեւ բոլոր այն միջոցները, որ կրնան հրահանգել դէպի ծով ելք ունենալու եւ յիշեալ սահմանին կից գտնուող Օսմանեան որեւէ հողի զինաթափման մասին»:
Այստեղ անհրաժեշտ է համառօտ ակնարկ մը նետել այն կարեւոր դերակատարութեան համար որ ԱՄՆ-ի Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ունեցաւ Հայկական հարցին նկատմամբ: Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն շուրջ մէկուկէս տարի յետոյ, Յունուար 19, 1920-ին Դաշնակից Ուժերու Գերագոյն Խորհուրդը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ պայմանաւ որ հետագային անոր սահմանները յստակացուէին: Ապրիլ 26, 1920-ին նոյն Խորհուրդը Սան Ռեմոյի Համաժողովի ընթացքին որոշեց դիմել ԱՄՆ-ի Նախագահ Ուիլսընին երկու խնդրանքով.- 1) ստանձնել Հայաստանի հոգատարութիւնը (mandate), 2) իրաւարար վճիռով որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիայի սահմանը:
Դժբախտաբար, հոգատարութեան առաջարկը մերժուեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակուտական Տունէն (senate): Բայց, Մայիս 17, 1920-ին Նախագահ Ուիլսըն ընդունեց Խորհուրդին երկրորդ խնդրանքը: Յուլիս ամսուն 1920-ին Ուիլսընի հրահանգով կազմուեցաւ «Հայաստանի եւ Թուրքիայի Իրաւարարութեան Յանձնախումբը», որ անմիջապէս գործի լծուեցաւ:
Սեւրի վեհաժողովը պաշտօնապէս հաստատեց Նախագահ Ուիլսընի իրաւարարի պաշտօնը եւ յանձնառու եղաւ անոր առաջարկած սահմանային վճիռին: Յանձնախումբը իր գործը աւարտելէն ետք, Նոյեմբեր 22, 1920-ին Նախագահ Ուիլսըն ստորագրեց իր իրաւարարի վճիռը եւ անոր կցուած 241 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթերու փաթեթը: Ըստ պատմաբան Րիչըրտ Յովհաննէսեանի, Ուիլսընի գծած քարտէսին համաձայն Հայաստան պիտի ունենար 155,000 քառակուսի քիլոմէթր տարածութիւն, որ պիտի երկարէր Բաղեշէն դէպի հիւսիս որ կը հասնէր Կարին եւ Տրապիզոն: Իր մէջը պիտի պարփակէր ամբողջ Գանձակի եւ Քազախի նահանգները, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի, Տարօնի եւ Սիւնիքի շրջանները:
Դժբախտաբար, դեռ Սեւրի Դաշնագրին մելանը չի չորցած՝ աշխարհի քաղաքական կացութիւնը բոլորովին փոխուեցաւ: Ռուսիոյ մէջ համայնավարութիւնը զօրացաւ եւ Սովետական կարգեր չ’ընդունեցին Սեւրի որոշումները: Մինչ այդ Քեմալական շարժումը զօրացաւ Թուրքիոյ մէջ եւ Թուրք բանակը կարգ մը յաղթանակներ տարաւ յոյներու, հայերու եւ այլ փոքրամասնութեանց վրայ: Միւս կողմէ, դաշնակիցներն ալ սկսան իրենց շահախնդրական աշխատանքները յառաջ քշել: Իրենց ներքին մրցակցութենէն առաւելագոյն չափով օգտուեցաւ թրքական ազգայնական շարժումը: Քեմալականները Խորհրդային Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն կնքեցին եւ բացարձակապէս մերժեցին Սեւրի Դաշնագիրը: Տարաբախտօրէն, դաշնակիցները մոռցան իրենց խոստումները եւ քանի մը տարի ետք 1922-ին Լոզանի տխրահռչակ Դաշինքով անտեսեցին հայոց իրաւունքները:
Սեւրի Դաշնագիրը պատմական վաւերագիր մըն է, որ հայ ժողովուրդը կը դարձնէ իրաւատէր եւ պահանջատէր: Սեւրի վեհաժողովէն 100 տարի յետոյ, Դաշնագիրը կը մնայ պարտադիր փաստաթուղթ մը (binding document): Հայ Դատի արդար լուծման համար անհրաժեշտ է զայն վերակենդանացնել: Անհրաժեշտ է որ ողջ հայութիւնը պահանջատէր դառնայ Սեւրի Դաշնագրով միջազգային ճանաչումի արժանացած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ արդար սահմանագծումին:
«Թուղթ առ Երեւան»-ը թափանցած էր ժողովրդային գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ: Ես կը յիշեմ կօշիկի արհեստանոցի մէջ,– ուր ազատ ժամերուս աշկերտութիւն կ’ընէի, որպէսզի վարձած վէպերուս ծախսը հոգայի,– վարպետ մը, որ, կաշիներու կոյտի մը գագաթը թառած, բարձրաձայն «Թուղթ առ Երեւան» կը կարդար, իսկ քանի մը տասնեակ արհեստաւորներ եւ անոնց աշկերտները յափշտակուած մտիկ կ’ընէին՝ մերթ ընդ մերթ ընդմիջելով՝ լուսաբանելու համար բառ մը, միտք մը, պատմական իրողութիւն մը, որոնք բոլորին մատչելի չէին:
Իսկ «Նայիրի» շաբաթաթերթը կը վայելէր համաժողովրդական նոյն համակրանքը, եւ մարդիկ անհամբեր կը սպասէին անոր լոյսընծայման օրը, ժամը, շուկայ հասնելու պահը: Շատ պատահած է, որ ուրբաթ կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Արաքս թաղի մուտքին, գրավաճառ Նուպարի առջեւ թերթ սպասեմ, եւ ինծի հետ ուրիշներ ալ: Շատերուն համար «Նայիրի» կարդալը, աւելի քան որեւէ այլ գրականութիւն, վարկի ու ճաշակի չափանիշ էր ձեւով մը, եւ սովորական երեւոյթ էր փողոցը հանդիպիլ անցորդներու, որոնք անոր մէջը թաղուած երթային իրենց ճամբան կամ զայն ծալած ցուցականօրէն բաճկոնին գրպանը դրած քալէին՝ անունը տեսանելի դիրքով:
Իր գոյութեան ողջ տեւողութեան ան ոչինչ կորսնցուց իր հմայքէն եւ շարունակեց մնալ գուրգուրանքի նոյն առարկան մինչեւ իսկ պատերազմի ամենադաժան տարիներուն: Չտոկացողը ի՛նք՝ Ծառուկեանը, եղաւ, որ ի վերջոյ լքեց ամէն ինչ ու հեռացաւ գաղութէն,– շատ զարմացնելով իր բարեկամները այս անակնկալ որոշումին առթիւ,– հաստատուելու համար Ֆրանսա ու այնտեղ ալ կնքելու համար իր մահկանացուն՝ գրեթէ անտեսուած ու մոռցուած:
Ինչ որ սակայն ամէնէն աւելի ժողովրդականացուց Ծառուկեանը՝ եղան անոր կազմակերպած գրական վճարովի դասախօսութիւնները, որոնց ակնարկած է ան իր յուշերուն մէջ եւս եւ որոնց ծննդոցին ու ընթացքին մենք ականատես վկաները եղած ենք օրին:
Կը թուի, թէ վարչութիւնը այն սրահին, ուր տեղի պիտի ունենային այդ դասախօսութիւնները, թելադրած էր իրեն՝ հեռու կանգնիլ նիւթական ակնկալութիւն սնուցելու ցնորական գաղափարէն.
– Եղբա՛յր, աչքդ սիրեմ, մենք ձրի դասախօսութիւն կը կազմակերպենք՝ եկող չկայ, դուն վճարովի՞ պիտի բերես զանոնք, տեսնուած բա՞ն է, ո՞ւր կ’ապրինք կոր,– զգուշացուցած կ’ըլլան անոնք «իրապաշտօրէն» ու սրտցաւօրէն:
* * *
Այսուհանդերձ Ծառուկեան հաստատ կը մնայ իր որոշումին վրայ, եւ գրական այդ դասխաօսութիւններու շարքը տեղի ունեցաւ աննախընթաց ու աներեւակայելի յաջողութեամբ, քաղաքակրթական ամենաբարձր որակով, կազմակերպութեամբ ու ճաշակով, ուր արեւմտահայը սկսաւ գառնուկի պէս վճարել գրական երեկոյթի մը վայելքը ունենանլու համար ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը վճարէր շարժապատկերի սրահ, թատրոն կամ ճաշարան յաճախելու համար, եւ առաջին զարմացողները արդարօրէն կ’ըլլան զինք այնքան սրտցաւ զգուշացնողները:
Հայոց պատմութեան մէջ չգրուած էջ մըն էր այս:
Եւ այդ սխրանքը գործուեցաւ Պուրճ-Համմուտի մէջ:
Կրնա՞ր տարբեր ըլլալ…
Դասախօսութիւնները տեղի կ’ունենային յորդուն սրահներու մէջ, ուր յաճախ պէտք կ’ըլլար յաւելեալ աթոռներ բերել պահեստէն: Անոնք կը շօշափէին ընդհանրապէս գրական, բայց նաեւ պատմական, մշակութային այլազան նիւթեր:
Դասախօսները տեղացի մտաւորականներ էին՝ գրողներ, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, ազգային ծանօթ դէմքեր, այլ խօսքով՝ գլուխները լեցուն եւ գրպանները պարապ մարդիկ: Խօսողները ընդհանրապէս մէկ, հազուպագիւտ երկու հոգի կ’ըլլային, որոնք կը խլէին մօտաւորապէս մէկ ժամ: Փակումը անպայման ինքը՝ Ծառուկեանը, կը կատարէր՝ իր կարգին խլելով մօտաւորապէս 3-5 վայրկեան, եւ գրասէրները կը մեկնէին լաւագոյն տրամադրութեամբ՝ երբեմն փողոցին մէջ, այստեղ-այնտեղ կազմելով փոքրիկ խումբեր եւ իրարու փոխանցելով ստացուած տպաւորութիւն մը կամ աշխուժօրէն բանավիճելով ինչ-որ տեսակէտի մը շուրջ:
Մենք անշուշտ օրին չէինք կրնար իմանալ այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որ Ծառուկեան ինք հետագային հայթայթած է իր յուշերուն մէջ , ինչպէս հետեւեալը. ուրեմն այդ դասախօսութիւններու եկամուտով կարելի դարձած է օրուան բանախօսին վճարել այնպիսի գումար մը, որ կը համապատասխանէր անոր մօտաւորապէս մէկ լրիւ ամսականին, վճարել նաեւ սրահին վարձը եւ յարակից մանր-մունր ծախսեր, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ «կոկիկ գումար» մըն ալ ձգել «Նայիրի»-ի գանձանակը, որ սովորապար միշտ պարապ կ’ըլլար:
* * *
Կը յիշեմ յատկապէս անոնցմէ մէկը, որ նուիրուած էր Մատթէոս Զարիֆեանին:
Զարիֆեան ընդհանրապէս անծանօթ եղած է լիբանանահայուն մինչեւ 50-ական թուականները, երբ անոր՝ գաղութս հաստատուած քոյրերը՝ Լիւսի Թոսպաթն ու Սիրան Զարիֆեան-Սեզան, եւ քեռաղջիկը՝ Եոլանտ Աճեմեանը, ձեռք-ձեռքի տուած հրատարակեցին անոր մէկ շքեղ հատորը՝ խմբագրութեամբ Վահէ-Վահեանի. ան կ’ընդգրկէր բանաստեղծութիւնները, արձակ էջերը, նամակներն ու օրագրութիւնը: Միւս կողմէ՝ գրեթէ միաժամանակ «Հայկարան»-ի շարքերուն մէջ երեւցան անոր կարգ մը գրութիւնները, մասնաւորաբար «Երկու աւերակները» գլուխգործոցը, որ շուտով իւրացուեցաւ հանրութեան կողմէ եւ դարձաւ մեր բեմերու զարդը:
Ահա այս մթնոլորտին մէջ է, որ անոր յատկացուեցաւ «Նայիրի»-ի հերթական դասախօսութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները լրիւ մոռցած եմ, բացի մէկէն, որ շատ խոր դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ:
Ուրեմն օրուան դասախօսը աւարտած էր իր խօսքը, երբ դանդաղօրէն ու կաղ ոտքը յուշիկ քարշ տալով բեմ բարձրացաւ Ծառուկեան: Պահ մը լռեց, ինչպէս սովորութիւնն էր ամէն խօսք առնելէ առաջ, եւ իրեն յատուկ աննշմար ու խորամանկ քմծիծաղովը՝ գոհունակ ակնարկ մը նետեց սրահը յորդեցնող ունկնդիրներուն վրայ, որոնք անհամբեր էին լսելու իր «հուսկ բանքը». եւ ինք գիտէր, որ այդ այդպէս էր: Ապա հանգիստ սկսաւ՝ քանի մը բառով լարելով ու գրաւելով ներկաներուն ուշադրութիւնը ու հետզհետէ հասաւ տեղ մը, ուր ան մեր բանաստեղծները հերթով նմանցուց զանազան խմիչքներու, մէկը՝ օղիի, միւսը՝ ուիսքիի, ուրիշ մը՝ գինիի, չորրորդ մը՝ կոնեակի, հինգերորդ մը գարեջուրի,– որոնց բոլորին քաջածանօթ էր անշուշտ իր քիմքը,– իսկ գալով Զարիֆեանին…
Ունկնդիրները սկսան տարակուսիլ եւ իրարու երես նայիլ՝ հարցական նայուածքով մը, թէ այլեւս որեւէ խմիչք չմնաց աշխարհի վրայ, հապա ինչի՞ պիտի նմանցուի մեր հէգ Զարիֆեանը:
Այս մտմտուքին մէջ էին ներկաները, երբ՝
– Մատթէոս Զարիֆեան հայ քնարերգութեան զուլալ ու սառնորակ ջո՛ւրն է, – եզրակացուց գոհունակ ու ինքնավստահ ժպիտով մը, որ կը լուսաւորէր անոր դէմքը ամէն անգամ, որ գրական-գեղարուեստական յաջող գիւտ մը ընէր:
Եւ ահա սրահը թնդաց խելայեղ ծափերու ուժգին որոտին տակ:
Այն օրը Ծառուկեան բեմէն իջաւ՝ հաւանաբար այնքան յաղթական, որքան Տը Կոլ անկէ քանի մը տարի առաջ մուտք կը գործէր նացի գրաւումէ ազատագրուած Փարիզի Concorde հրապարակը:
Երբ Քրիստոնէութիւնը սկսաւ տարածուիլ եւ եկեղեցիներ սկսան հիմնուիլ, ըլլան գաղտնաբար, թէ` յայտնապէս, բնականաբար սկսան այնպիսի մտածումներ, հասկացողութիւններ, մեկնաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ յառաջ գալ, որ չէին համապատասխաներ Աստուածաշնչական իրականութեան եւ Եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն։ Յատկապէս, այնպիսի գաղափարներ, որոնք ուղղակիօրէն Աստուծոյ բնութեան մասին սխալ հաստատումներ կ’ընէին, եւ կրնային այսօրուան եկեղեցին բոլորովին տարբեր ուղղութեան տանիլ։ Սակայն, որովհետեւ եկեղեցւոյ հայրերը խոհեմութիւնը ունեցան եւ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ հաւաքուեցան, կրցան բանաձեւել այն Աստուածաբանական հիմքերը, որուն վրայ այսօր եկեղեցին կը կանգնի ալ աւելի անսասան։ Այս ժողովներն ու հաւաքները, որոնք մեր հաւատքը բանաձեւեցին եւ պաշտպանեցին, ծանօթ են որպէս «Տիեզերական Ժողով» անունով, որ ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, միայն տեղական մակարդակ չունէին, այլ՝ ընդհանուր եկեղեցւոյ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ճանչնայ եւ կ’ընդունի երեք տիեզերական (եկեղեցական) ժողովներ, որոնք երեքն ալ ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս տեղի ունեցած են. Ա) Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը (325), Բ) Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Ժողովը (381), եւ Գ) Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովը (431)։
Համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին, այս Շաբաթ օր, տօնն է Եփեսոսի սուրբ ժողովին մասնակցած երկու հարիւր հայրապետներուն։ Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ սոյն ժողովին մասին եւ ինչո՞ւ համար կարեւոր է յիշել ու տօնել։
Եփեսոսը կը գտնուի ներկայ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմտեան ծովափին, Իզմիր Նահանգին մէջ, Սելճուք անունով քաղաքամէջէն մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Այդ օրերուն, Նեստոր անունով, ծագումով յոյն, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը, վարդապետական տեսութեամբ մը մէջտեղ եկաւ, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը կ’ընդունէր իբրեւ միայն մարդ, եւ ապա՝ աստուածային բնութիւնը ստացած Փրկիչ, որուն մէջ աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները անջատաբար բնակեցան։ Առաւել եւս, նոյն անձը կը բացատրէր, թէ Ս. Մարիամ Աստուածածինը իբրեւ կոյս եւ Աստուածածին պէտք չէ ընդունիլ, ըսելով, թէ Յիսուս մահկանացու ծնունդով աշխարհ եկաւ, եւ հետեւաբար Ս. Կոյս Մարիամը Աստուածածին չէ, այլ՝ մարդածին-Քրիստոսածին։ Իր այս մոլար վարդապետութիւնը խռովութիւն ստեղծեց հռովմէական կայսրութեան մէջ, եւ ստիպեց, որ եկեղեցւոյ հայրերը քննեն տեսութիւնը եւ ճշմարտութիւնը հաստատեն, որպէսզի եկեղեցին ըստ այնմ քարոզէ, ուսուցանէ ու մեկնաբանէ։
Թէոդորոս Բ. Հռոմի կայսրը, որ նաեւ Փոքր Թորդորոս ճանչցուած է, կը կազմակերպէ սոյն Տիեզերական Ժողովը, Եփեսոսի մէջ, մասնակցութեամբ աւելի քան 200 հայրապետներու։ Իրականութեան մէջ, Նեստորը ի՛նք կը խնդրէ կայսրէն, որպէսզի հաստատէ իր ուսուցումները եւ ինքզինք ապացուցէ բոլոր հակառակողներուն, սակայն ժողովը ամբողջութեամբ հակաքրիստոնէական եւ մոլորեցնող ուսումներ կը նկատէ ու կը մերժէ։ Հետեւաբար, ժողովը կը նզովէ Նեստորը եւ իր բոլոր ուսուցումները, որովհետեւ ոչ միայն Քրիստոսի մեծութիւնը կը նուազեցնէր, այլեւ հաւատքը քանդող մոլորութիւն էր։ Այս աստուածաբանական հակամարտութեան դէմ, ճանաչելի եւ ջահակիր դէմքը եղաւ Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, որուն ճարտար մեկնաբանութեան շնորհիւ, Արեւելեան եկեղեցիները, մինչեւ այսօր հաստատ կը մնան եւ հաւատքը կը պահպանեն աստուածաբանական ամուր հիմերու վրայ։
Աստուծոյ Սէրը Իր Իսկ Մարդանալուն Մէջ
Համաձայն Նեստորին մեկնաբանութեան, Յիսուս իբրեւ մարդ ծնաւ եւ ապա մկրտուելէն ետք ստացաւ աստուածային բնութիւնը, եւ որուն մէջ մարդկային եւ աստուածային բնութիւնները անջատօրէն բնակեցան։ Այլ խօսքով Յիսուս երկու դէմք ունէր, որոնցմէ աստուածային աւելի ուշ ստացաւ։
Աստուածաշունչին մէջ բազմաթիւ են փաստերը, որոնք կ’ապացուցեն, թէ Յիսուս իբրեւ Աստուած եւ մարդ ծնաւ։ Եթէ Սուրբ Հոգիէն յղացումը Ս. Աստուածածնին եւ զայն Էմանուէլ կոչուիլը, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ», բաւարար փաստեր չեն, պէտք է տեսնել այն հրաշալի դէպքերը, որոնք պատահեցան Յիսուսի ծնունդի ժամանակ, եւ որոնք յստակօրէն կ’ըսեն, թէ Յիսուս ծնաւ իբրեւ մարդացեալ Տէր եւ Աստուած։
Մոգերուն (որոնք հրեաներ չէին եւ որեւէ առնչութիւն չունէին Աստուածպաշտութեան հետ) այցը նուէրներով, որոնք իւրաքանչիւրը կը խորհրդանշէին եւ ցոյց կու տային Յիսուսի Քահանայապետութիւնը, Թագաւոր ըլլալը եւ Օծեալ Տէր ըլլալը, որ պիտի զոհուէր աշխարհի փրկութեան համար։ Նոյն ինքն հրեշտակները, հովիւներուն կ’ըսեն. «Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ ՕԾԵԱԼ ՏԷՐՆ Է» (Ղկ. 2:11)։ Մարգարէութիւնները յստակօրէն յայտնեցին, որ Փրկիչը պիտի ծնի, եւ ոչ Փրկիչ պիտի դառնայ։
Այս յօդուածով, չեմ ուզեր դարերէ ի վեր փաստուած ու ապացուցուած իրականութիւն մը, ետ լոյսի բերել, այլ ցոյց պիտի տամ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատալիքը բաժնեկցելով այն գեղեցիկ իրականութիւնը, որ նոյնիսկ Յիսուսի ծնած ձեւին մէջ Աստուծոյ սէրը մեծ եւ գեղեցիկ է։
Եթէ Նեստորին հետ համաձայնէինք, եւ ըսէինք, թէ Աստուած եւ մարդ անջատ գործեցին ու ապրեցան Յիսուս անունով անձին մէջ, ուրեմն Աստուած մարդուն հետ չզգաց, մարդուն ճանապարհէն չանցաւ իբրեւ Աստուած եւ եկաւ ցոյց տալու, թէ Աստուա՛ծ ինչ կրնայ ընել։ Սակայն, համաձայն մեր եկեղեցւոյ հայրերուն հաւատալիքին եւ ուսուցումներուն, Աստուած մարդացաւ։ Այս մէկը կը նշանակէ, Աստուած մարդուն հետ, մարդուն պէս եւ իր բնութեամբ ապրեցաւ եւ անցաւ ամէն տեսակի մարդկային զգացումներէ ու ապրումներէ։ Հասկնանք, ի՞նչն է պատգամը Աստուծոյ մարդանալուն ու մարմնանալուն մէջ.
Ա) Աստուած եկաւ մարդուն ըսելու, թէ ես կողքիդ եմ։ Յաճախ կ’ապրինք այնպիսի վերիվայրումներ, անարդարութիւններ, ցաւեր եւ նեղութիւններ, որ կը յուսահատինք եւ Աստուծոյ կը դիմենք, իր օգնութիւնը հայցելու։ Շատ հաւանաբար, Աստուծոյ ալ կը մեղադրենք, որ կը տեսնէ եւ թոյլ կու տայ, որ նման նեղ ճանապարհներէ անցնինք։ Բայց, իսկութեան մէջ, Աստուած եկաւ ու մարդացաւ, որպէսզի ցոյց տայ իր սէրը, որ խոնարհելով երկինքէն, մեզի հետ զգալով, ապրելով եւ նոյն նեղ, անարդար, դաժան ճանապարհէն անցաւ, եւ նոյնիսկ աւելին։ Աստուած, ինքզինք գերադաս նկատելով, իր աստուածութիւնը չանջատեց մարդկայինէն, այլ շաղախեց իր աստուածային բնութիւնը մարդկային բնութեան հետ, ըսելու համար եկած եմ քեզի հետ զգալու, քեզի պէս ապրելու եւ խոնարհաբար ըլլալու աշխարհի վրայ, որպէսզի գիտնաս, թէ որքան քեզ կը սիրեմ եւ որքանով քեզի հետ կը զգամ։ Երբ մենք Աստուծոյ կը դիմենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կը պատմենք ու կը խօսինք, ուրեմն կը դիմենք այնպիսի Աստուծոյ, որ ինք իսկ ապրած է եւ գիտէ մեր զգացածը։ Այս մէկը մեզ կը քաջալերէ մեր աղօթական կեանքին մէջ եւ մեր հաւատքին մէջ Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ Աստուած ողորմած ըլլալուն կողքին, կարեկից, ցաւակից եւ հասկցող Աստուած է։
Բ) Աստուած մարդացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ աստուածային շնորհքով մա՛րդը ինչ կրնայ ընել։ Եթէ աստուածայինը անջատ էր մարդկայինէն, Յիսուսի մէջ, հետեւաբար Աստուած իր ուժն ու կարողութիւնը ցոյց տուաւ մարդուն, թէ ի՛նք ինչ կրնայ ընել։ Սակայն, ճիշդ հակառակն է. Աստուած մարդացաւ, ցոյց տալով աստուածային շնորհքն ու զօրութիւնը, թէ մարդը ով է, երբ Աստուծոյ լիարժէք զաւակը ըլլայ։ Յիսուս եկաւ, իր փրկութեան շնորհքը տալով, մարդուն արդարացնելու, սրբացնելու ու նորոգելու մարդկային ինկած բնութիւնը։ Ան իր աստուածային շնորհքը տուաւ մարդուն, որպէսզի մարդը գիտնայ, թէ իր մարդկային տկար բնութեան մէջ ինչեր կրնայ ընել եւ յաղթահարել չարն ու անարդարութիւնը։ Յիսուս չվարդապետեց եւ չուսուցանեց, այն ինչ որ միայն ինք կրնայ ընել իբրեւ Աստուած, այլ ցոյց տուաւ, ինչպէս այդ վարդապետութիւնները մարդը կրնայ կեանքի վերածել եւ աստուածութիւնը ապրիլ իր կեանքին մէջ։
Գ) Սուրբ Կոյս Մարիամը Աստուածածի՛ն է։ Հասկնալով եւ ընդունելով այն իրականութիւնը, որ Յիսուս իբրեւ Աստուած եւ մարդ ծնաւ, կամ Աստուած մարդացաւ, չի կրնար զինք ծնող մայրը անտեսուի, որովհետեւ Յիսուս մարդանալու համար, առաւ մարդուն մարմինէն եւ արիւնէն, ապրեցաւ մաքրամաքուր մօր մը արգանդին մէջ, որպէսզի իր փրկութիւնը բերէ աշխարհին։ Մարդէն առաւ մարդկային արիւնն ու մարմինը, որպէսզի սրբագործէ նոյն բնութիւնը, իր խաչելութեամբ եւ յարութեամբ։ Պատահական անձէ մը չառաւ մարմինն ու արիւնը, այլ առաւ այն սուրբ մայրէն, որ իր մաքրութեամբ, արդարութեամբ, պատրաստ էր կրելու զԱստուած իր մարմինին մէջ, եւ մայր կոչուիլ երկրաւոր կեանքին մէջ եւ մինչեւ երկինք։ Երբ ամէն մարդ, «աստուածանալու» եւ ինքզինք իւրայատուկ ցոյց տալու համար, կ’անջատէ ինքզինք մարդկային խոնարհութիւններէն, Աստուած ի՛նք խոնարհեցաւ մարդուն մէջ, մարդէն ծնելու, մարդկային ամէնէն խոնարհ խաւին պատկանելուն, որպէսզի իր գերագոյն սէրը ցոյց տայ։ Եթէ Յիսուս մարդածին է եւ կամ միայն՝ Քրիստոսածին, կը նշանակէ զինք կը պարպենք իր այն սէրէն, որ ցուցաբերեց մարդուն եւ կ’անտեսենք այն Սուրբ Կոյսը, որ սրբութեամբ պահեց այդ մեծ շնորհքը։
Հետեւաբար, ամփոփելով եւ եզրակացնելով մարդացեալ Աստուծոյ սիրոյն մասին, հետեւեալը պէտք է գիտնանք եւ արժեւորենք։ Այն Աստուծոյն, որուն կը դիմենք, մեզի հասկցող, մեզի կարեկցող եւ մեզի պէս եւ աւելի վատ փորձառութենէ անցած Աստուածն է։ Ան իր սէրը ցոյց տալու համար, իսկապէս եւ ճշմարտապէս խոնարհեցաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իր սէրը զոհաբերուող ու նուիրական սէր է։ Որքան շնորհակալ պէտք է ըլլանք ու պատուենք այն Սուրբ Մայրը, որ ծնաւ ու մայր դարձաւ, մեր Աստուծոյն։ Եթէ Աստուած հաճեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամին մայրութիւնը վայելել, հետեւաբար մենք ի՞նչպէս անտեսենք ու չվայելենք նոյն Մօրը մայրութիւնը, որ կը շարունակէ բարեխօսել բոլորիս համար։ Ի վերջոյ, հազար օրհնութիւն եւ շնորհակալութիւն այն երկու հարիւր հայրապետներուն, ինչպէս նաեւ իրենց յաջորդներուն, որ հաւատքը պաշտպանելով, Աստուծոյ իսկական բնութիւնը մեզ ճանչցուցին իրենց ուսուցումներով, որուն մենք այսօր կը պաշտենք, կը սիրենք, կը հաւատանք ու կը հետեւինք։
«Սէր, հնազանդութիւն եւ պատկառանք հանդէպ Էջմիածնի եւ անոր հոգեւոր վերին իշխանութեան, տրուած ըլլալով մանաւանդ դժբախտ եւ դժուարին օրերը, որոնք խեղդեր էին ամէն ջանք եւ գործ Մայր Աթոռէն ներս։ Եթէ նոյնիսկ չի խօսիր այսօր մեզի, իր լռութիւնն իսկ պէտք է ընդունինք իբրեւ կենդանի խօսք, իբրեւ պատգամ իր սիրոյն եւ կամքին»
ԹՈՐԳՈՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ
Դոկտոր Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան
Դաս եւ Դաստիարակութիւն
Այսօր Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կապերը թուլցած են եւ Նուիրապետական Աթոռները իրարու նկատմամբ տկար եւ անզգոյշ յարաբերութեան մէջ կը գտնուին։ Հակառակ քաղաքական պայմաններու շատ աւելի թոյլատու եւ ձեռնտու իրավիճակին, Մայր Աթոռը աննախատեսելի դժուարութեանց մատնուած է ու անհանգիստ՝ կատարուած աննախադէպ, ժամանակավրէպ եւ անթոյլատրելի յարձակողական դիրքերէն՝ ուղղակի հայրենիքէն եւ ո՛չ արտասահմանէն։ Կարելի չէր երեւակայել որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանափոխութենէն ետք, բոլորովին ժխտական, շփացած եւ վնասակար դիրքորոշում կրնար ծագիլ Մայր Աթոռի եւ ներկայ Գահակալին դէմ։ Ներկայ գրութեամբ կը փափաքիմ մեր մօտաւոր անցեալէն բարձրագոյն եւ ազնուագոյն օրինակ մը մէջբերել որպէս դաս եւ դաստիարակութիւն ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ պակառանքին ու միասնականութեան։
Երուսաղէմ՝ Արտասահմանի Ձայնը
Տ.Տ. Խորէն Ա. Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վեցամեայ կարճ գահակալու¬ թեան ընթացքին (1932-1938), արտասահմանի Հայ Եկեղեցւոյ տիրական ձայնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ձայնն էր՝ իր «ՍԻՈՆ» ամսագրով։ Այդ շրջանին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը դադրած էր բազկերակը ըլլալէ արտասահմանի հայ կրօնական համայնքին համաշխարհային առաջին պատերազմի արհաւիրքէն ետք, եւ սահմանափակուած եկեղեցիներու, դպրոցներու, եւ Ազգային Հիւանդանոցի անմիջական պահպանումի կարիքներու շրջանակին մէջ, սոսկ Արքեպիս¬ կոպոսական Աթոռի մը դիմագիծով։
Կիլիկիոյ Աթոռն ալ հազիւ ինքզինք վերագտած էր իր Անթիլիասի նորահաստատ կայքին մէջ։ Մայր Աթոռ եւս կը մնար անմխիթար եւ նկուն, առանց Հոգեւոր Ճեմարանի եւ պաշտօնաթերթի, եւ ընդմիշտ հակակշռին տակ անկրօն համայնավար դրութեան։ Այդ պատճառով Երուսաղէմ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքով վերածաղկած, եւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի օրով ճոխացած, եկած էր փոխարինելու թէ՛ Կ.Պոլսոյ ուժն ու հեղինակութիւնը, եւ թէ՛ բերանախօսն ըլլալու Մայր Աթոռին։
Ս. Էջմիածնի հետ եւ Կողքին
Դատելով «ՍԻՈՆ»ի բանիմաց եւ կորովի խմբագրականներու տոկուն եւ տրամաբանական, անկողմնակալ եւ ազդեցիկ վերլուծումներէն, դիւրաւ կարելի կ՛ըլլայ պատկերացնել ճիշդ եւ օգտաշատ յարաբերութիւնը ընդմէջ Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի, եւ վերջնոյս գերազանց յարգանքն ու պաշտելութիւնը Մայր Աթոռի նկատմամբ։ «ՍԻՈՆ»ի զոյգ խմբագիրներն ալ Արմաշական սերունդի ամենէն ընտիր հոգեւորականներն էին, Բաբգէն Կաթողիկոս Կիւլէսէրեան, եւ Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան, մին 1927-1930, եւ միւսը 1931-1938 տարիներուն որոնք բարձր պահեցին վարկը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ իրենց բացառիկ իմացականութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ պատկառանքին վայել բարձրութեամբ, պաշտպան կանգնելով Մայր Աթոռին Խորհրդային Միութեան նոյն դժնդակ տարիներուն, որպէս Միածնաէջ ու անսասան վայրը Մայր Եկեղեցւոյ։ Հոնկէ՛ միայն հեղինակութիւն, ուժ եւ հրահանգ պէտք է հասնէր տարածուած Հայ Եկեղեցիներուն։
Քառասունական թուականներուն սակայն քաղաքական ներքին Արաբ¬Իսրայէլեան տագ¬ նապներ Երուսաղէմի ձայնը տկարացուցին, եւ մինչ այդ ձեռք բերուածը հազիւ կրցան պահել յաջորդող սերունդի միաբանները, գլխաւորութեամբ կարճատեւ գահակալութիւն ունեցող ՄեսրոպՆշանեան (1939-1944) եւ Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեան (1944-1949) երկու Պատրիարքներուն։ Երկարատեւ պատրիարքութիւն վարեցին Եղիշէ Տէրտէրեան (1960-1990) եւ Թորգոմ Մանուկեան (1990-2012) Պատրիարքները, որոնք վերականգնեցին Երուսաղէմի ձայնը յամեցող քաղաքական աննպաստ պայմաններուն ներքեւ։ Ներկայիս կ՛ակնկալենք որ Երուսաղէմի անցեալի ձայնը անաղօտ եւ լսելի դառնայ արտասահմանի հայութեան, գէթ մասամբ, եւ միահունչ ղեկավարէ Մայր Աթոռի հեղինակութեան հետ ինչպէս մօտաւոր անցեալին։
Մայր Աթոռի Վիճակը
1930թուականին, երբ նոր վախճանած էր Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռը յայտնի վտանգի առջեւ կը գտնէր ինքզինք քաղաքական անկրօն եւ հեղցուցիչ պարագա¬ ներու հետեւանքով, երբ նոյնիսկ կարելի չեղաւ յաջորդ Կաթողիկոսի ընտրութեան համար որոշուած առաջին թուականը գործադրել, Ազգային¬Եկեղեցական Ժողով մը գումարելով։ Հայաստանի կառավարութիւնը զայն կարելի դարձուց երկու տարի յետոյ միայն։ Այս ժխտական եւ այլապէս անհակակշռելի դրութիւնը խանգարած էր միտքը արտասահմանեան կարգ մը ազգայնոց որոնք անլուրջ կերպով եւ անհարկի աճապարանքով այպանեցին Մայր Աթոռը, եւ անոր փոխադրութիւնը Հայաստանէն դուրս բարեդէպ նկատեցին ու գրեցին այդ մասին՝ պղտորելով այլոց միտքը։
Նման հիւանդագին առաջարկներու դէմ առաջին գրողը եղաւ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան որ իր հուժկու ձայնը «ՍԻՈՆ»էն բարձրացուց համարձակախօս իր խմբագրական¬ ներով դատապարտելով ախտավարակ եւ կործանարար այդ հոգեբանութիւնը։ Հոն ըսուած էր որ յաջորդ Կաթողիկոսի ընտրութեան հարցը առիթ տուած էր Կ. Պոլսոյ հայ թերթերուն գրելու Մայր Աթոռին Երուսաղէմ փոխադրելու մասին, որուն վրայ «այդպիսի դիտողութիւն մը նոնիսկ մտքէ անցնելու չէր, թող հրապարակաւ արտայայտուիլ», գրած էր Բաբգէն Եպիսկոպոս։ Սրբազանը նոյնիսկ վրդոված էր պահ մը «Արտազու Թադէոս Առաքեալի վանքը մատնանիշ ընողներուն դէմ իբրեւ ապահով տեղ Մայր Աթոռի փոխադրութեան», հաստատ շեշտելով որ «միայն ու միայն 1441¬էն ի վեր Աթոռը մնացած է Էջմիածին իր պատուանդանին վրայ, Պարսիկ, Օսմանեան, եւ վերջապէս Ռուս տիրապետութիւններու ներքեւ»։ Ուրեմն, վճռած է «ՍԻՈՆ»ի խմբագիր Բաբգէն Եպիսկոպոս, «ո՛չ Արտազ, ո՛չ Երուսաղէմ, այլ մի՛այն Էջմիածին, եւ մի՛շտ Էջմիածին»։
Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան
Տարի մը ետք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան յաջորդեց իր ուսուցչին՝ Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքին որպէս Գահակալ Սրբոց Յակոբեանց ուխտին։ Շուտով իր ձեռքն առաւ «ՍԻՈՆ» ամսագրի խմբագրութիւնը երբ արդէն Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուելով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեկնած էր Անթիլիաս։ Որպէս գերազանց խմբագիր, գրագէտ, բանաստեղծ, վերլուծաբան եւ քարոզիչ, Թորգոմ Պատրիարք բացառիկ արդիւնքով ութ փառաւոր տարիներ շնորհեց Պատրիարքութեան, ժառանգաւորաց եւ ընծայարանի վարժարան¬ ներուն։ Յիրաւի իր օրով մեծանուն արմաշականին անմիջական հոգածութեան ներքեւ ամսագիրը իր բարձրակէտին կը հասնէր եւ միաբանութեան շարքերը թիւով եւ որակով կը գերազանցէին։
Ի պատիւ Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքին պէտք է արձանագրել որ ինք եւս, հետեւելով իր նախորդին, իր տիրական եւ ինքնատիպ ձայնը բարձրացուց ի շահ եւ ի պաշտպանութիւն Մայր Աթոռին։ Էջմիածնի մէջ կատարուելիք Կաթողիկոսական Ընտրութեանց նախապատրաստութիւն¬ ներուն ռահվիրան եղաւ Թորգոմ Պատրիարք, զգաստութեան հրաւիրելով արտասահմանը՝ կատարելու համար իր պարտքը հանդէպ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռին։ Ան եւս կրկնեց Բաբգէն Եպիսկոպոսի կոչը, թէ «Մայր Աթոռոյ հոգեւոր իշխանութիւնը գոյ է Էջմիածնի մէջ, եւ կը գտնուի գործի վրայ», թէ հայ ժողովուրդը «կը ճանչնայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իբրեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական իշխանութեան վարիչ վերին մարմին»։ Պատրիարքը «սէր, հնազանդութիւն եւ պատկառանք» կը քարոզէր հանդէպ Էջմիածնի եւ անոր վերին իշխանութեան, տրուած ըլլալով մանաւանդ դժբախտ եւ դժուարին օրերը, որոնք խեղդեր էին ամէն ջանք եւ գործ Մայր Աթոռէն ներս։
Թորգոմ Պատրիարք իր «Լռութեան Պատգամը» խմբագրականին մէջ գրեր էր «Չմտածել Ընդհանրական Հայրապետութիւնը կամ արեւմտեան հայութեան, այսինքն արտաքոյ Խորհրդային Միութեան ապրող գաղթահայութեան, հոգեւոր հովուապետութիւնը փոխանցելու նոյնիսկ փորձի մը վրայ, վասնզի Էջմիածնէն խզում մը մեծագոյն աղէտ մը կը նկատենք Հայ Եկեղեցւոյ համար»։
Կաթողիկոսական Ընտրութիւն
Ազգային¬Եկեղեցական Ժողովի յապաղած համագումարը բացուեցաւ Էջմիածնի մէջ 1932 Նոյեմբերին։ Թորգոմ Պատրիարք յանուն սփիւռքի բովանդակ հայութեան հրճուանք կը յայտնէր որ «ազգովին ընտրութեան ձայնը իբրեւ ձայն Աստուծոյ, Լուսաւորչի Աթոռին վրայ պիտի բազմեցնէր Վշտալի Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի յաջորդը՝ ի Հայրապետութիւն Ամենայն Հայոց»։ Յիրաւի, Պատրիարքը Տ.Տ. Խորէն Ա Մուրատբեկեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութեան վաղոր¬ դայնին որքան հրճուանք եւ հոգեկան բաւարարութիւն զգացեր էր իր գրած «Էջմիածին» խմբագրականին մէջ։ Հոն գովասանքը կը հիւսէր Ընտրեալ Հայրապետին, որ Մայր Աթոռի «պարապութեան երկու եւ կէս տարիներու ընթացքին, լիովին արժեցուցած էր փորձ, կիրթ, գործունեայ, ազգի եւ եկեղեցւոյ սիրով տոգորուն, եւ լաւագոյն ձեռնհասութիւններով օժտուած հոգեւորականի իր առաւելութիւնները»։
Թորգոմ Պատրիարք, փոխանակ այլոց նման իր երեւակայութիւնը անհեռատես եւ անխոհեմ ուղղութեամբ տարածելու, եւ տեսնելու ժխտականը ու մոռնալու իրականը, «ամենէն աւելի մխիթարական» գտած է այն իրողութիւնը որ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ընտրուած էր առաջին անգամն ըլլալով «ազգային օրէնքինհամեմատ, այսինքն ազգին եկեղեցին ներկայացնող պատգամաւորներու տեսութեանն ու կամքին համաձայն», բան մը որ աւելի ուժ պիտի տար յետագայ եկեղեցական բարեկարգական ծրագիրներու մշակման գործին եւ շուտով հանդիսա¬ ւորուելիք համազգային տօնակատարութանց՝ Աստուածաշունչի թարգմանութեան 1500-ամեայ դարադարձին առիթով։
Բարեկարգութիւն Հայ Եկեղեցւոյ
Իր Նոյն խմբագրականով Երուսաղէմի Պատրիարքը բախտաւորութիւն կը նկատէր որ տագնապալից այդ շրջանին «Մայր Աթոռոյ մէջ հոյլ մը պատուական եպիսկոպոսներ որոնք իրենց համալսարանական բարձր պատրաստութեամբ իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դրին Սուրբ Էջմիածնի պահպանութեան»։ Անոնք, նորընտիր Հայրապետին շուրջ եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի համախոհ, պատրաստեցին Հայրապետական «Զեկուցում» կրճատեալ անունին ներքեւ մանրամասն թղթածրար մը Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցին վերաբերեալ, աշխատանք մը որուն անպայման անդրադառնալու են մերօրեայ բարեկարգիչները։ Հայրապետը զայն յանձնեց Երուսաղէմի Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքին առ ի քննութիւն, որ իր կարգին ամենախղճամիտ աշխատանքով վերլուծեց ամէն հարց իր խոհուն տասնեակ մը խմբագրականներով՝ «ՍԻՈՆ» ամսագրին մէջ։ Սա ինքնին արդէն մեծ յաջողութիւն մը եղաւ Խորէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունին հետ կապուած, եւ Երուսաղէմի Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի անխոնջ աշխատանքին որպէս լրացուցիչ եզրայանգում, հակառակ Մայր Աթոռը շրջապատող քաղաքական աննպաստ պայմաններուն։
Հուսկ ուրեմն, Գուշակեան Թորգոմ Պատրիարք իր խօսքը կը կնքէր Էջմիածնի հանդէպ անխառնսիրով եւ պաշտելութեամբ, երբ կը փակէր իր խմբագրականը այսպէս։ «Էջմիածին սուրբ եւ փարելի տեսիլ, զոր հայութեան հոգւոյն մէջ ընդ միշտ եւ խորագոյնս տպաւորեց մեր հոգիներուն լուսատու մեր Հայրը, ազգ ու ժողովուրդ ամէնքս նորէն ոտքի կեցած ենք երգելու համար Միշտ անշարժ պահեա զԱթոռ Հայկազնեայս»։
Քսաներորդ դարու առաջին իննիսուն տարիներուն, առնուազն չորս առիթներով հայութիւնը մարտահրաւիրուեցաւ ինքնակառավարման: Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան անկումէն՝ 1375էն մինչեւ Մեծ Եղեռն հայութիւնը ինքակառավարման փորձ չէր ունեցած բացի խիստ սահմանափակ, շատ տեղայնական, մասնակի, նեղ բնագաւառի հնարաւորութիւններէ, որոնք շատ նախնական տարրեր ունէին պետականութեան առաջնորդող ինքնակառավարման գործընթացէն:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը անկիւնադարձային հանգրուան մըն էր այս առումով, նաեւ հայութեան համար:
Ցեղասպանութիւնը նախորդած հինգհարիւր տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ Վանի մէջ էր որ հայութեան առիթ կը ներկայանար ինքնակառավարման: (Ոմանք կրնան մատնանշել Զէյթունի փորձը, բայց Զէյթունի պարագան շատ տեղայնական ու սահմանափակ էր, բաղդատմամբ՝ Վանի, որ պետութեան մը գոյառումին եւ գոյատեւման առարկայական բաղադրատարրեր ալ ունէր՝ ի տարբերութիւն Զէյթունի): Վանի – հայ հնագոյն մայրաքաղաքի – պարագային, ռուսական զօրքի գրաւման պայմաններուն մէջ, ռուսական հովանիի տակ յառաջացաւ պետականութեան առաջնորդող քաղաքական մարմին մը (political entity), որ գոյատեւեց 1915 Հոկտեմբեր-1916 Սեպտեմբեր շրջանին: Իսկ ռուսական զօրքերու լքումէն ետք, քաղաքական պարապը եւ յառաջացած այդ մարմինը ամբողջութեամբ անցաւ հայ տնօրինումի: Յառաջացաւ ժամանակաւոր իշխանութիւն, որ ջանաց վարել տարածքը մինչեւ նոր, նպաստաւոր պայմաններու ձեւաւորում:
Ինքնակառավարման երկրորդ առիթը Կիլիկիան էր, ուր զինադադարէն ետք, եւ Բրիտանիոյ ու Ֆրանսայի քաջալերանքով եւ աջակցութեամբ, ցեղասպանուած հայութիւնը մէկտեղուիլ սկսաւ հաւատալով յայտարարուած-չյայտարարուած, խոստացուած-չըսուած կիլիկեան հայկական պետութեան գոյառումին:
Երրորդ առիթը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման նախօրեակն էր: Պէտք է ըսել, թէ ինչպէս վանն ու շրջակայքը՝ Արեւելեան Հայաստանն ալ ունեցաւ երկրորդ եւ երրորդ առիթ ինքնակառավարման՝ եւ իրագործեց զայն, յառաջացնելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, ապա՝ Խորհրդային Հայաստանը, հուսկ՝ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը (որ հետեւանքն էր Խորհրդային Միութեան տարանջատման):
Չորրորդ առիթը Խորհրդային Միութեան վերոյիշեալ տարանջատման հետեւանքով յառաջացած էր, այս անգամ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին եւ անոր տեղաբնիկ հայ բնակչութեան:
Հայ քաղաքական պատմագրութեան ճիտին պարտքն է այս չորս առիթներուն բաղդատական ուսումնասիրութիւնը, վերլուծութիւնը եւ հայութեան իրազեկումը՝ յանուն հայութեան քաղաքական մշակոյթի զարգացման, քաղաքական զգօնութեան, քաղաքագիտական գիտակցութեան աճին:
Ի դէպ, նման քաղաքական մշակոյթի մը զարգացումը անհատ պատմագիրին ուժերէն շատ վեր է: Ատոր համար պէտք է քաղաքական մտայնութեամբ մշակուած հայ պատմագիրներու դասակ, որ գործէ նիւթական ապահովութիւն ունեցող գիտական-ազգային հաստատութեան մը մէջ, ապահովուի իր շարունակականութիւնը եւ երաշխաւորուի մնայունութեամբ յատկանշուող էոյթով մը, որ կրնայ միայն Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը ըլլալ ներկայիս: (Այս առումով, նուազագոյնը կը գրեմ, չուզելով ծաւալիլ, սակայն դարձեալ պատկան մարմիններուն ընդգծելու արդէն բազմիցս, բազումներէ բազմաձայնուած think tankերու անհրաժեշտութիւնը):
Վերադառնամ ընձեռուած առիթներուն. եթէ թեթեւ մը քերթենք մակերեսը վերոյիշեալ չորս տարածքներուն ընձեռուած ինքնակառավարման հնարաւորութիւններուն պատմութեան, կրնանք որոշ ընդհանրական ուղղութիւններով երեւոյթներ նկատել.-
Ա.- Յառաջացած առիթները տեսնողներ եղա՞ն: Տեսնողները նախաձեռնեցի՞ն քայլի: Չտեսնողները աջակցեցա՞ն նախաձեռնողներուն. Հայկական Եսը ի՞նչ ըրաւ, կուսակցական հատուածականութիւնը նպաստե՞ց, դեր խաղա՞ց…
Բ.- Տեղական պայմանները թոյլատու էի՞ն. առկայ նպաստող եւ խոչընդոտող գործօնները հաշիւի առնուեցա՞ն, ի՞նչպէս զարգացուեցան փոխկապակցուած հարցերը, հայկական միջոցները վճռական դեր կրնայի՞ն խաղալ…
Գ.- Առիթը ի՞նչպէս օգտագործուեցաւ: Համապատասխան ղեկավարութիւն/գիտակցութիւն/պատրաստակամութիւն/ատակութիւն կա՞ր: Ղեկավարութիւնը կրցա՞ւ համատեղել նպաստող հայկական եւ օտար, հակադիր, առարկայական եւ այլ գործօնները. այս գործօնները որքա՞ն աշխուժ միջամտեցին-հակադարձեցին-ընդառաջեցին…
Դ.- Ի՞նչու յաջողեցաւ տեղ մը, ձախողեցաւ ուրիշ տեղ:
Յետադարձ հայեացքով երբ կը նայիմ անցեալի այս չորս իրադարձութիւններուն, միքանի հիմնական հարցումներ կը ձեւաւորուին մտքիս մէջ, որոնց պիտի ջանամ տալ իմ պատասխաններս:
Հ1.- Հիմա որ գիտենք Վանի ինքնակառավարման ձախողանքը, գիտելիքէ բացի ան ի՞նչ կու տայ մեզի:
Պ1.- Առաջին հերթին՝ դասեր եւ փորձառութիւն՝ թէ նման պարագայի ի՛նչեր են էականագոյն գործօնները: Ի՛նչպէս աւելի արդիւնաւէտ կրնայինք գործել:
2.- Հիմա որ կը վերյիշենք Միհրան Տամատեանի Օգոստոս չորսի Կիլիկեան Անկախութեան Աքթը, ի՞նչ կ’աւելնայ կամ կը փոխուի մեր մէջ:
Պ2.- Թէ՝ ինչու՛ կարելի չեղաւ մասնակի խմբաւորումները մէկտեղել, հակառակ որ բոլոր խմբաւորումներուն ալ նպատակը պետութիւն ունենալ էր: Անմիասնականութեա՞ն, ուշացա՞ծ նախաձեռնութեան, անյաջո՞ղ դիւանագիտութեան, ֆրանսացիին շա՞տ/անհի՞մն/անտրամաբանակա՞ն աստիճանի վստահելնուս, անվճռականութեա՞ն, ջարդի թրոմայի յաճախանքն ու վա՞խը, միջոցներու անբաւարարութիւ՞նը, արտասահմանի հայութեան դանդաղկո՞տ աջակցութիւնը, մեր անորոշութիւ՞նը, տարբեր մրցակից երազներու հակասութիւ՞նը (ծովէ ծով Հայաստան, Հայկական Վեց Վիլայէթներ, Կիլիկիոյ անկախութիւն), կիլիկեան տեղական քաղաքականութեան տկարութիւ՞նը, հայկական քաղաքական-ընկերային-տնտեսական համապատկերը չտեսնելու՞, միջազգային-շրջանային ուժերու յարաբերակցութիւնը չճանչնալու՞, մեր երազնե՞րը, իրատեսութեան պակա՞սը..:
Հ3.- Յետադարձ հայեացքով երբ նայինք 1918ին գոյառած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, ապա եւ անոր հիմամբ վերաձեւուած միւս երկու հանրապետութիւններուն՝ այս երեքը միասնաբար ի՞նչ կը պատգամեն մեզի:
Պ3.- Թէ՝ առաջին հերթին, պետականակերտումը անընդհատ ընթացք է իր վերիվայրումներով: Կարեւոր է որ այդ ընթացքը տեսլականներ ունենայ, ղեկավարուի տեսիլքի տէր հայրենասէր, իմաստնագոյն, պատմութեան խորամուխ, քաղաքագէտ, անքինախնդիր անձերով որոնք շրջապատուած ըլլան think tankերու սեռուցքին քաջատեղեակ տնօրէն-խորհրդականներով: Կարեւոր է որ պետականակերտումի գործընթացը ըլլայ պարտականութիւնը քաղաքական մշակոյթ ունեցող եւ ուղղորդող մտաւորականութեան, որ հանդուրժող է, ժողովրդավար է, անձնակեդրոն չէ, չի տեսներ ինքզինք իբրեւ հայութեան միակ փրկիչը, կը յարգէ ուրիշին կարծիքը եւ կ’որդեգրէ ուրիշի աւելի արդիւնաւէտ տեսակէտը (ես քիչը ըսեմ…): Կարեւոր է նաեւ որ պետականակերտումի գործընթացը գիտակցուի թէ՛ հայրենաբնակ եւ թէ՛ սփիւռքացեալ հայութեան կողմէ եւ բոլորը – ըստ իրենց առարկայական եւ ենթակայական պայմաններուն ու գործօններուն – լծուին այդ գործընթացին, Հայաստանը չսեփականացնեն, չնկատեն միայն իրենցը այլ՝ բոլորինը…:
Հ4.- Երբ կը նայիմ Ղարաբաղեան Շարժումին, ինքնորոշման պայքարին, առաջին հայեացքով կը թուի թէ, հայութիւնը լաւապէս օգտուած է վերոյիշեալ պատմական երեք իրադարձութիւններուն փորձառութենէն եւ գուցէ լաւապէս պատրաստուած էր ընձեռուած որեւէ առիթ, ինքնակառավարման մարտահրաւէր, նետուած ձեռնոց՝ վերցնելու: Յիրաւի, ղարաբաղեան ինքնակառավարման մերօրեայ պատմութիւնը ատիկա կը փաստէ:
Ընդունելով հանդերձ այս ըսուածին ճշմարտացիութիւնը, հարց կը բարձրացնեմ թէ եթէ հայութիւնը իրապէ՛ս լաւ դաս քաղած էր վերոյիշեալ պատմական երեք իրադարձութիւններու փորձառութիւններէն, ապա ինչու՛ այսօր Ղարաբաղը դանդաղ կը վերականգնի, իսկ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը շատ մը բնագաւառներու մէջ կը խարխափէ, մինչ այլ բնագաւառներու մէջ՝ փայլուն եւ նախանձելի վիճակ մը կը դրսեւորէ…:
Վերադառնամ, սակայն Կիլիկիոյ: Ինծի համար հայութեան վերադարձը Կիլիկիա, վերաշինութեան ճիգը, հաւատքն ու երազը կիլիկեան պետութեան գոյառումին՝ կիլիկեան երկամեայ այդ փուլը վկայութիւնն են հայութեան՝ իր հայրենիքին հանդէպ ունեցած սէրին, հայութեան – այդ օրերուն տասանորդուած հայութեան – ներծին հսկայ ուժի գոյութեան, որ խլեակներէ պետութիւն ունենալու անհաւատալի, անհաւասար գուպարին իսկ մտնելու պատրաստակամ եղաւ:
Յարգա՛նք՝ այդ գուպարին իրենց ճիգը, միջոցները, կեանքը նուիրաբերած հայերուն, եւ յարգանք անոնց որոնք վերոյիշեալ յաջող ու անյաջող իրադարձութիւններէն իրենց փորձառութիւնը քաղած, այսօր համապատասխան իմաստունութեամբ հայութիւնը կը կերտեն…:
Հայոց լեզուի մեր նոր դասագիրքը Բենիամին Թաշեանի «Հայկարան»-ն էր, որ այդ նոյն տարին մուտք գործած էր Լիբանան ու յատկապէս Ազգային վարժարանները` փոխարինելով մինչ այդ օգտագործուող «Արագած»-ի հոյակապ շարքը, որուն հեղինակներն էին Օննիկ Սարգիսեանը եւ Սիմոն Սիմոնեանը:
Մեր լաւ օրերն էին, եւ Հայոց լեզուի դասագիրքերը կը վխտային. գրեթէ ամէն համայնք ու գաղութ ունէր իր դասագիրքը: Ընթերցարանին կողքին սովորաբար քերականութեան գիրք մըն ալ կ’ունենայինք, բայց ահա նոր դասագիրքին հետ չունեցանք զայն:
– Պարո՛ն, քերականութեան ի՞նչ գիրք պիտի առնենք,– հարցուց օր մը Դանիէլ Մածունեան, որուն հոգերուն վերջինն էր քերականութիւնը:
– Պարապ բաներու ժամանակ չունիմ,– յայտարարեց նոր տնօրէնը:
Ի՜նչ լաւ, մեր ուզածն ալ ճիշդ ա՛յդ էր, որ քերականութիւն չընէինք: Եւ այդպէս ալ Աբգարեանը աւարտեցինք…առանց քերականութեան գիրքի եւ կանոնները սորվելու պարտաւորութեան: Ինչպէ՜ս չես սիրեր այդպիսի ուսուցիչ մը:
Միւս կողմէ՝
Ծառուկեան թէեւ չէր կտրուած ընթերցարանէն, սակայն անկէ դուրս հատուածներ եւս սովորաբար կը մտնէին դասարան: Կը յիշեմ, որ երբեմն չկազմուած պրակներ հետը կը բերէր՝ տպարանի մելանին թարմ հոտը վրան ու անոնցմէ էջեր կը կարդար մեզի. ասոնք պէտք է ըլլային «Նայիրի»-ի հերթական թիւերէն մէկը կամ հատուած մը «Թուղթ առ Երեւան»-էն, որ շարունակ կը վերահրատարակուէր, բայց նաեւ այլ գիրքերէ, ինչպէս «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ»-ն էր, որ հեղինակը ճամբուն վրայ տպարանէն առած ու հետը բերած կ’ըլլար: Այնքան լաւ կը կարդար ու կը վերլուծէր այդ հատուածները, որ մենք դժուար կը սպասէինք ամբողջական բնագրերու լոյսընծայումը, որպէսզի լման կարդայինք զանոնք:
Յատուկ թովչանք մը ունեցաւ մեզի համար մասնաւորաբար «Թուղթ առ Երեւան»-ը, ոչ այնքան իր ազգային-գաղափարական բովանդակութեան թռիչքներով ու թելադրանքներով,– որոնք տակաւին անմատչելի էին մեզի,– որքան իր գրողական առինքնող ու կախարդիչ ոճով ու հնարքներով, եւ այս՝ իր առաջին տողերէն.
«Այս ուշ գիշերին,
«Աշնան տխրամած հողմերի միջով
«Ու բարակ մաղուող անձրեւների տակ
«Գնում է ահա մի մտամոլար
«Ու հիւանդ տղայ…»:
եւ անոր մինչեւ վերջին տողերը՝
«Հէ՜յ ջան Երեւան,
«Մշուշներու մէջ կորսուած իմ եար»…
Ուղղակի ելետրականացած էինք: Կարծես մոգական գաւազան մը մեր էութեան ծալքերուն վրայ տառ առ տառ դրոշմած էր այս տողերը, եւ կը կրէինք զանոնք իբրեւ երկրորդ բնութիւն: Այդ մտամոլար ու հիւանդ տղան, տղանե՛րը՝ մե՛նք էինք կամ մանաւանդ յամառ ջանադրութեամբ կը փորձէինք…ըլլա՛լ: Կաղութեան հմայքը ի՛ր կարգին, հիմա ալ կը փորձէինք… մոլորիլ ու հիւանդանալ, որպէսզի ուշ գիշերներուն անցնէինք «աշնան տխրամած հողմերուն» մէջէն՝ արհամարհելով «բարակ մաղուող անձրեւները», հասնելու համար «մշուշներուն մէջ կորսուած մեր եարին…», որուն ո՛վ ըլլալը եւ ո՛ւր գտնուիլը առեղծուած մըն էր տակաւին:
Բայց ահա մեր չար բախտէն չէինք հիւանդանար, եւ այնպէս ալ այդ խոստմնալից հողմերն ու մշուշները կը մնային մեզմէ հեռու՝ անհասանելի երազ մը:
Պատանի էինք:
* * *
«Թուղթ առ Երեւան»-ը շուտով դարձաւ բարձի գիրքս, ճշմարիտ դասագիրք մը, որմէ երկար հատուածներ կրնայի գոց արտասանել, ինչպէս կ’արտասանեմ մինչեւ հիմա ալ: Այս սէրով վարակուեցաւ հայրս ալ, որ միշտ ընթերցասէր եղած է եւ որուն համար յայտնութիւն մը եղաւ այդ գրքոյկը, եւ յափշտակութեամբ կը կարդար ու կը վերակարդար զայն: Ինք եւս կարգ մը հատուածներ գոց սորված էր անկէ:
Առաւօտները մեր տան մէջ առաջին արթնցողը միշտ հայրս էր, որ կ’ածիլուէր, կը լուացուէր եւ նախաճաշ կը պատրաստէր: Եւ մինչեւ թեյին ջուրը եռար, կը սիրէր երգել, իսկ ես, որ ընդհանրապէս երկրորդ արթնցողը կ’ըլլայի, անկողինիս ջերմութեան մէջ յուլօրէն ծուարած ու աչքերս փակ, հեշտանքով մտիկ կ’ընէի, կը վերլուծէի, այլեւ կ’ըմբոշխնէի անոր երգերուն իւրաքանչիւր բառը: Քանի՜-քանի՜ երգեր սորված եմ այս ճամբով ու մանաւանդ սորված եմ սիրել երգը:
Խորհրդապահաբար խոստովանիմ նաեւ,– ու մեր մէջ մնայ,– որ մինչեւ հիմա ալ կ’երգեմ…երբ հաստատեմ, որ ինքնամեկուսացած եմ եւ զիս մտիկ ընող չկայ:
Հօրս բազմաթիւ երգերէն ամէնէն աւելի տպաւորած է զիս «Անուշ»-ի վիրաւոր Սարոյի վերջին հատուածը, որուն աւարտին՝ ան անմտօրէն զոհ պիտի երթար անխոհեմ Մոսիի վրիժառու գնդակին.
«Ա՜խ, կը մեռնեմ, աման, ա՜հ,
«Վա՜յ թէ յանկարծ իմանայ»…
Հասնելով այս կէտին՝ հօրս ձայնը կ’երկարէր, կը ստանար զարմանալի թրթիռ մը ու բոլորովին նոր երանգ մը, որ խորապէս վարակիչ էր. կը զգայի, թէ որքա՜ն կը յուզուէր ան ու կը յուզէր զիս եւս: Եւ անկէ ետք այլեւս չէի կրնար մնալ անկողինիս մէջ, որ նեղ կու գար ինծի, ու կը թուէր, թէ պիտի խեղդուէի: Մեքենաբար կ’ուղղուէի խոհանոց, ուր կ’ուզէի յականէ ստուգել հօրս ներկայութիւնը եւ անկէ ետք էր միայն, որ կը հանգստանայի:
* * *
Եւ ահա օր մըն ալ նկատեցի, որ հայրս ա՛լ չէր երգեր, այլ բարձրաձայն ու արտայայտիչ կ’արտասանէր «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուածներ: Եւ միայն չէր արտասաներ, այլեւ տեղին համեմատ «կը սրբագրէր» կամ «կը վերաշարադրէր» չհաւնած տողերը. կը յիշեմ ասոնցմէ մէկը, որ հետեւեալն էր.
«Օ՜, Գէո՛րգ Աբով, ամէն բան չափով»…
Բնագիրին մէջ բազմիցս կրկնուած էր «՜Օ Գէորգ Աբով» կոչականը, այդ մէկը լա՛ւ գիտէի, սակայն «ամէն բան չափով» չկա՜ր, բայց հայրենի բանաստեղծը իր յարձակումներուն մէջ այնքան առաջ գացած էր, որ հայրս,– կուսակցական մասնաւոր հակում չունենալով հանդերձ,– անտեղի չափազանցութիւններ կը գտնէր Գէորգ Աբովի քերթուածին մէջ եւ հարկ կը տեսնէր սաստելու զայն, որ քիչ մը զսպէր իր լեզուն, չափ ու սահման մը դնէր իր մտքի ու երեւակայութեան թռիչքներուն, բայց նաեւ՝ ճնշիչ ամբաստանութիւններուն:
Այլ խօսքով՝ «ամէն բան չափով…»:
Հապա՞…
Յ. Գ.
1980-ի ամառը ս. Ղազար այցելեցի:
ս. Ղազար կղզին
Հիւրերը քարափին վրայ ընդունեց օրուան աբբահայրը՝ հոյակապ մխիթարեան մը, որ հայր Ներսէս տէր Ներսէսեանն էր:
Երբ բաւական մտերմացանք, ան յայտնեց, թէ քանի մը օր առաջ իրենց մէջ կը գտնուէր Գէորգ Աբովը.
–Երեք օր առաջ գայիք՝ կը տեսնէիք զինք,– ըսաւ ազնիւ ափսոսանքով մը:
ս. Ղազար կղզին
Անշուշտ ես անձամբ մասնաւոր հետաքրքրուած չէի Աբովով, այսուհանդերձ շահեկան պիտի ըլլար տեսնել այն մարդը, որուն մէկ բանաստեղծութիւնը գրգիռ հանդիսացած էր, որ Ծառուկեան գրէր «Թուղթ առ Երեւան»-ը:
Հայր Ներսէս պատմեց ուրիշ բան մըն ալ:
Ուրեմն իր կեցութեան երկրորդ օրը՝ «կէս գիշերին»,– ինչպէս շեշտեց հայր սուրբը,– Աբով կը ծեծէ իր դուռը եւ կը խնդրէ «Թուղթ առ Երեւանը»:
–Տարաւ եւ առտուան լոյսը չբացուած վերադարձուց զայն:
Ինչո՞ւ կէսգիշերին եւ ինչո՞ւ լոյսը չբացուած…
Ինչո՞ւ այս աստիճան գաղտնապահութիւն ու թաքնամտութիւն ցուցաբերած է Աբով,– անըմբռնելի մնաց օրին ու կը մնայ այսօր ալ:
Արդեօք կարելի՞ է մտածել, թէ ամէն խորհրդային քաղաքացի իր մէջ ունեցած է անբաժան հալածախտ մը, որ հիւանդագին զգուշութիւն կը թելադրէր իրեն:
* * *
Ներսէս արք. տէր Ներսէսեան
Հիմա թոյլ տուէք, որ քիչ մը խախտելով գրողական արուեստի կանոնները, քիչ մըն ալ չարաշահելով ձեր համբերութիւնը, երկու խօսք ըսեմ հայր Ներսէսի մասին՝ չդիմանալով նման հաճոյքի մը փորձութեան, մանաւանդ որ ան «արժանի է գրոց յիշատակութեան»:
Ուրեմն ես զինքը ճանչցած եմ լեզուական այն երկար բանավէճերուն ընդմէջէն, որ ան մղեց 1960-ական թուականներուն «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ «Թիւրն ու թերին»-ի հեղինակ Բենիամին Թաշեանի հետ: Անոնք բզկտեցին զիրար: Բայց եւ այնպէս իրենց ետին ձգեցին գերազանցապէս յանձնարարելի ու փայլուն էջեր:
Ուրեմն ս. Ղազարի մեր էջքին՝ դիմաւորելով մեզ, ան առաջնորդեց դէպի գլխաւոր շէնքը: Մինչ այդ յայտնեց, որ կղզին ներկայիս չորս անգամ աւելի ընդարձակ է, քան 1717-ին, երբ Մխիթար աբբահայրը ստանձնած էր զայն:
Ներսէս արք. տէր Ներսէսեան
Ապա հասանք վեց-եօթը աստիճան ունեցող սանդուղի մը.
–Կը նկատէ՞ք որքան հանգստաւէտ է այս սանդուղը՝ իր համաչափ ու ներդաշնակ հատուածներով ,– դիտել տուաւ ան,– Մխիթար աբբահօր յղացումն է: Քանի-քանի օտար հիւրեր, երբեմն ճարտարապետներ, հիացումով արտայայտուած են անոր մասին:
Այս բոլորէն ետք մենք ալ անդրադարձանք, որ իրապէս շատ հանգիստ ու թեթեւոտն կը բարձրանայինք անոր աստիճանները:
Յետոյ պտտցուց թանգարանը, ուր դրուած էր եգիպտական մոմիա մը,– որմէ մեծ ճիգերով շեղեցի անչափահաս զաւակներուս ուշադրութիւնը,– ցոյց տուաւ մատենադարան մը կամ թերեւս անոր մէկ փոքրիկ թեւը միայն, ուր բոլորովին նոր կառուցուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէին տախտակեայ դարանները: Ապակիին ետեւէն կը տեսնուէր Լորտ Պայրընի մէկ հայերէն ձեռագիրը՝ ստորագրութեամբ հանդերձ: Ի դէպ, Պայրըն աւելի քան տարի մը հայերէն սորված է ս. Ղազարի մէջ:
–Երկու տարի առաջ հրդեհ ծագեցաւ այստեղ,– բացատրեց,– բարեբախտաբար ձեռագրերը կարելի եղաւ փրկել թեթեւ մշակումով մը: Այս նոր դարանները հակահրդեհային են եւ նուէրն են ազգայինի մը:
Ապա ուղղուեցանք այն սրահակը, ուր միաբանները ճաշէն ետք կը հաւաքուէին, սուրճ կը խմէին ու կը զրուցէին: Եւ այսպէս կը շարունակէր…
Չեմ գիտեր ինչի՞ մասին կը խօսէր, երբ յանկարծ ընդհատեց խօսքը, նաեւ՝ քայլերը եւ աջ ձեռքին բաց ափը գլխէն վեր ճօճելով՝ ի խորոց սրտի ըսաւ.
–Ա՜՜՜խ այս կաթոլիկները…
Ես քիթիս տակէն կը ծիծաղէի. «Ասի ըսողը կաթոլիկ վարդապետ մը չէ՞ր…»:
* * *
1990-ականներու սկիզբն էր, անկախութեան առաջին տարիները, երբ հայ կաթողիկէները կ’որոշեն հովուել հիւսիսային Հայաստանի կամ հարաւային Կովկասի հայ կաթողիկէները, որոնք բաւական շօշափելի թիւ մը ունէին:
Առ այս՝ Յովհաննէս Զ. պապը երեք հայ միաբաններու անուանացանկ մը կը ներկայացնէ Վազգէն Ա-ին՝ խնդրելով, որ ընտրէ անոնցմէ մէկը՝ իբրեւ առաջնորդ:
Եւ Վազգէն վեհափառին ընտրութիւնը կը կեդրոնանայ հայր Ներսէս տէր Ներսէսեանի վրայ, որ այն օրերուն արդէն արքութեան աստիճան ունէր:
Այսպէս է, որ ան կը ձգէ ս. Ղազարը ու կը հաստատուի Հայաստան՝ Գիւմրի, ուր եւ մահացաւ 2006-ին:
Նախաձեռնութեամբ լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, Հինգշաբթի 30 Յուլիսին Երեւանի ժամով 19:00-ին տեղի ունեցաւ միջին արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը։
Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անդամները , Հայաստանի վարչապետի մամլոյ խօսնակը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները։
Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ լրատուամիջոցներու որդեգրած աշխատակարգերու հետ առնչուած խնդիրներուն, տեղեկագիտութեան նորարարութեան ընձեռած ներկայ կարելիութիւնները արդիւնաւէտ օգտագործելու, Ազրպէյճանի յարձակողապշատութեան վերջին գործողութիւննեուն մասին լրատուութիւնները ներկայացնելու եւ տարածելու ճիշդ եղանակներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համահայկական լրագրողական ցանցերը մնայուն կերպով աշխատցնելու հրամայականներուն։
Տիկ. Մանէ Գէորգեան ՀՀ վարչապետի մամլոյ խօսնակՊրն. Վահագն Աթաբեկեան Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան
Տարածաշրջանային առցանց նիստերը պիտի շարունակուին․ յաջորդ նիստը պիտի ներառնէ եւրոպական տարածաշրջանը։ Թուականի եւ օրակարգի մասին լրատուադաշտը վերահասու կ՛ըլլայ շուտով։
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ