Անհեթեթ Յայտարարութիւն մը Որ Յորդեցուց Բաժակը Կամ «Բա՛ւ է Անամօթներ»

Կ՛ապրինք անհեթեթ յայտարարութիւններով ու զաւեշտական հակասութիւններով լեցուն երկրի մը մէջ, ուր հեռախօսային կապերու նախարարը առանց իսկ գաղափար մը ունենալու իր իսկ ըրած յայտարարութեան իրաւական արժէքէն կամ անոր կիրառելիութեան կարողութենէն, անհեթեթ շուտիկութեամբ մը յայտնեց, որ կառավարութիւնը լրիւ կազմով համաձայն գտնուած է whatsappը կամ նոյնանման դեր ունեցող ծառայութիւնները յառաջիկայ ամսուընէ սկսեալ վերածել վճառովի ծառայութիւններու: Ըստ երեւոյթին նախարարն ու իր գործընկերները գաղափար իսկ չունին, որ միլիառաւոր տոլարներ արժող whatsappին ոչ տէրն են, ոչ ալ տնօրինողները, որոնք կրնան անոր «առաքելութեան» կամ փրոթոքոլին մէջ գիր մը փոխել: Ալա-լիբանանեան տրամաբանութեամբ նախարարին կամ նախարարներուն թուացած է, որ միջազգային հզօր անուան մը տրամադրած առցանց ծառայութեան վրայ կարելի է տուրք կամ սակագին դնել կամ քոմիսիոն սահմանել եւ օգտուիլ ուրիշին հնարած գիւտէն կամ տուած ծառայութենէն` խախտելով կամ անտեսելով անոր գոյութեան նպատակակէտը:

Ընթերցողին աւելի եւս յստակացնելու համար, շուտով հաստատեմ, որ whatsappն ու իր նմանները ստեղծուած են ձրի ծառայութիւն տալու իսկ տուեալ երկրի մը կամ կառավարութեան մը իր երկրին տարածքին վրայ գերիշխանութիւն ունենալու սահմանումով, առաւելագոյն իրաւասութիւնը կրնայ ըլլալ տուեալ ծառայութիւնը իր երկրին մէջ ընդհանրապէս արգիլել եւ ոչ թէ «խուուէանման» գիներ պարտադրել ձրիաբար բաժին մը հանել փորձելով ուրիշին հնարած մէկ արտադրանքէն՝ սմսարի յատուկ «ճարպիկութեամբ»:

Կայ աւելի վատը: Կ՛ապրինք երկրի մը մէջ, որուն իշխանութեան մաս կազմող անձիք եւ կողմեր բողոք կ՛ընեն նոյն ինքն այդ իշխանութեան գործելաձեւին կամ սխալներուն դէմ: Անոնք առանց խպնելու ժողովրդականական լոզունգներ ալ կ՛արձակեն ամէն առիթով:

Իսկ վատագոյնն ու պատեհապաշտութեան մարմնացումը այն է, երբ իբրեւ կողմ մաս կազմելով հանդերձ կառավարութեան մը, անոր դէմ բողոքները իր բարձրագոյն աստիճանին հասնելէն ու անոր գոյութիւնը վտանգուելէն ետք է միայն ու կէս գիշերային «էճէլէ», չնաշխարհիկ ու «ամենագէտի»  յայտարարութեամբ մը կը համարձակի գրառել ու ապա իր պատկանած կողմին թերթին միջոցներով առցանց ցրուել, թէ իրենք արդէն իսկ զգուշացուցած էին կառավարութեան:

Մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ ժողովուրդին քիթին խնթալու այս հանապազօրեայ մեծամիտ վարուելակերպը:

Կը մնայ, որ ժողովուրդը միակամ կեցուածքով մը եւ միանգամ ընդմիշտ կոչէ. «բա՛ւ է անամօթներ» ու մնայ հետեւողական իր գործադրած բողոքի ցոյցերուն մէջ, միշտ մնալով քաղաքակիրթ արտայայտութեան ձեւի սահմաններուն մէջ, որպէսզի արդար ցոյց մը չվերածուի աննպատակ քաոսի:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *