Յուլիս 21ին, կեանքի 76 տարեկան հասակին, Երեւանի մէջ մահացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական հիմնարկիի Հայոց Լեզուի Ամբիոնի Փրոֆ., Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր. Ռուբէն Սաքապետոյեան:
Ռուբէն Սաքապետոյեան աւելի քան 50 տարի եղած է Երեւանի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի սիրուած դասախօսներէն: Արեւմտահայերէնի ջերմ պաշտպան եւ հմուտ մասնագէտ, ան հեղինակած է Արեւմտահայերէնի դպրոցական թէ համալսարանական դասագիրքեր, բառարաններ, ինչպէս նաեւ գիտական մենագրութիւններ: Ռուբէն Սաքապետոյեան շրջան մը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Կեդրոնի Վարիչը:
Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ ողբացեալին ընտանեկան պարագաներուն, ազգականներուն, Երեւանի թէ Պէյրութի մէջ, ինչպէս նաեւ մտերիմներուն եւ գործակիցներուն:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը