Երեւանի մէջ դժբախտ պատահար մը եղած է: Երեւան հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդ մը ինքնասպան եղած է։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Շամշեան» կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երիտասարդը ինքզինք վար նետած է Երեւանի Քիեւեան կամուրջէն։
Աւելի ուշ դէպքի վայր հասած են ոստիկանութեան աշխատակիցներ եւ պարզած, որ անձնասպանութիւն գործողը 35-ամեայ լիբանանահայ մըն է Գրիգոր Յ. անունով։