113 Հաստատուած Նոր Դեպք․ «Քորոնա» Ժահրով Հիւանդներու Թիւը Հասաւ 2386-ի

Հայաստանի մէջ, 3 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2386 դէպք, որոնցմէ 1035-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1312 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 24 177 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 113 նոր դէպք եւ 25 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 35 (աւելցած է եւս 2-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած է 79 (կին) եւ 58 (տղամարդ) տարեկան հիւանդներ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *