ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան այսօր կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի համար յատկացուած հիւանդանոցային մահճակալները այս պահուն ծանրաբեռնուած է կիսով չափ:
«Եթէ կարենանք այս ընթացքը պահել, այսինքն` հանրութիւնը բոլոր խորհուրդներուն հետեւի, գործատուները պահպանեն մաքրութեան եւ ախտահանման համաճարակային կանոնները, կրնանք յոյս ունենալ, որ այս իրավիճակը կը մնայ կառավարելի դեռ երկար ժամանակ»,- ըսած է նախարարը:
«Այս ողջ ընթացքին 1 500-էն աւել քաղաքացի դուրս եկած է մեկուսացումէն: Մեկուսացման մէջ գտնուող մօտաւորապէս 300 հոգիի մօտ հաստատուած է դրական արդիւնք: Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ մեկուսացման միջոցառումները շատ արդիւնաւէտ են»,- ըսած է ան:
Վարչապետ Փաշինեան իր հերթին աւելցուցած է, որ համաճարակի կորը հիմա կը գտնուի կառավարելիութեան տիրոյթին մէջ, սակայն չէ բացառած, որ մարդոց ոչ լուրջ վերաբերմունքի պատճառով իրավիճակը կրնայ վերահսկողութենէն դուրս գալ:
Ան նաեւ յայտնած է, որ համավարակի տարածումը կանխելու նպատակով պարէտատունը որոշած է Արարատի մարզի Նորաշէն գիւղը ամբողջովին մեկուսացնել: