Վարչապետ Փաշինեան Անդրադարձաւ Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Կողմէ Տարածուող Սուտ Տեղեկատւութիւնը

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ անդրադարձած է ազրպէյճանական կայքերու տարածած ապատեղեկատւութեան:

«1.Հայալեզու կեղծ (ֆեյք) էջը կեղծ լուր կը տարածէ, թէ ես ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը շնորհաւորած եմ հակաիրանական «յաջող» գործողութիւն կազմակերպելու համար:

  1. Այս լուրը արագ կը յայտնուի ազրպէյճանական մամուլի մէջ եւ կը դառնայ օրուայ թրենտ:
  2. Ազրպէյճանական մամուլէն լուրը կը յայտնուի իրանական մամուլի մէջ եւ կը դառնայ որոշ ուժերու հակահայկական ներշնչանքի աղբիւր:

Սա այն դէպքն է, երբ խօսքի կեղծ «ազատութիւնը» սպառնալիք ստեղծած է մեր ազգային անվտանգութեան համար: Լուրի հեղինակները եւ անոնց շարժառիթները պէտք է պարզուին»:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *