Այցելութիւն՝ Սիլվա Կապուտիկեանի Տուն­Թանգարան

ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից 

            Հինգշաբթի, 15 Օգոստոս 2019ի յետմիջօրէին տիկնոջս եւ դուստրերուս, ինչպէս նաեւ Թալին եւ Կրէկ Յակոբեաններու ընկերակցութեամբ, այցելեցինք բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի Երեւանի մէջ գտնուող Տուն-Թանգարանը, որ նորոգութեան մէջ էր եւ բոլոր սենեակները կարելի չեղաւ տեսնել:

            Կարելի չէ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն չյայտնել հայրենի պետութեան, որ գիտէ պատուել իր արժանի զաւակները եւ թանգարան յատկացնել անոնց: Բացառութիւն չէր կազմեր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը: Թանգարանի պատասխանատու Տիկին Արմինէ Տեմիրճեանը, հակառակ թանգարանին մէջ ընթացող եւ տակաւին չաւարտած նորոգութեան աշխատանքներուն, մեզի սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Սիլվա Կապուտիկեանի կեանքին մասին, սկսած անոր ծնողքէն, հասնելով մինչեւ բանաստեղծուհիի կեանքի առաջին օրերը եւ անոր կեանքի վերջալոյսը, 25 Օգոստոս 2006 թուականը: Յիշուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանի արարքը, երբ ան Հայաստանի օրուան նախագահին վերադարձուց իրեն շնորհուած պարգեւը:

            Մեզի համար յատուկ տեղ ունի Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանը: Նախ այն, որ երկու անգամ սեփական աչքերով տեսած ենք Սիլվա Կապուտիկեանը, երբ ան այցելեց Լիբանան եւ Սուրիա: Երկրորդ, որ անգիր գիտենք անոր մասունքի վերածուած չորս տողերը

Ու տես որդիս, ուր էլ լինես,

Այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս,

Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,

Քո մայր լեզուն չմոռանաս

 

            Այս առիթով անգամ մը եւս կ’ուխտենք մեծ բանաստեղծուհիի Տուն-Թանգարանին մէջ, որ ո՛չ մեր մայրը կրնանք մոռնալ, եւ ոչ ալ մեր մայր լեզուն կրնանք անտեսել ու մոռնալ: Փաստ՝ այսօր, մեր կեանքի 72րդ տարուան ընթացքին, տակաւին կը խօսինք ու կը գրենք մեր մայր լեզուով, հակառակ անոր որ լաւապէս տիրապետած ենք արաբերէն լեզուին, գիտենք անգլերէն եւ թրքերէն: Այս խառնաշփոթ աշխարհին մէջ, երբ մեծ են հրապոյրները մեր չորսդին, հաւատարիմ մնալով մեր մեծ բանաստեղծուհիին պատուէրին ու յորդորին, կառչած կը մնանք մեր մայրենի լեզուին, ամէն օր կը խօսինք անով եւ կ’աշխատինք հայերէն լեզուն կենդանի պահել թէ՛ մեր զաւակներուն եւ թէ մեր հայրենակից հայորդիներուն մօտ:

            Սիլվա Կապուտիկեանի յիշատակը միշտ անմահ պիտի մնայ մեր սիրտերուն, ուղեղներուն եւ հոգիներուն մէջ: Կրնանք անվարան ըսել, որ մեր հայրենասիրութեան մէկ մասը կը պարտինք իրեն, այն բանաստեղծուհիին, որ հակառակ աւելի քան 10 տարուան իր բացակայութեան այս աշխարհէն եւ մարմնով բաժնուելուն մեզմէ, կը մնայ մեր սիրելի բանաստեղծուհին, ու կը մնայ հայկական աշխարհի ամենանշանաւոր եւ անուանի բանաստեղծուհին եւ, համոզուած եմ, որ անոր անունը միշտ պիտի յիշուի հայ սերունդներուն կողմէ այսօր եւ միշտ:

            Բիւր յարգանք եւ պատիւ Սիլվա Կապուտիկեանի անմար յիշատակին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *