ԱԻՊԾ Տնօրէնն ու ԿԽՄԿ Ղեկավարը Քննարկած են Արցախի Բնակչութեան Պաշտպանութեան Ուղղուած Շարք Մը Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան (ԱԻՊԾ) տնօրէն զօրավար-հրամանատար Վլատիկ Խաչատրեան, Օգոստոս 21-ին, ընդունած է Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) առաքելութեան ղեկավար Փիեռ-Էմանուէլ Տիւքրուէն: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ ԱԻՊԾ լրատուական ծառայութեանէն։

Կազմակերպութեան տնօրէնը եւ ԿԽՄԿ առաքելութեան ղեկավարը քննարկած են բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղուած ծառայութեան գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Վլատիկ Խաչատրեան՝ կարեւոր համարելով ԱԻՊԾ-ի եւ Արցախի մէջ ԿԽՄԿ-ի միջեւ առկայ համագործակցութիւնը՝ վստահեցուցած է, որ անիկա պիտի կրէ շարունակական բնոյթ՝ ներառելով նոր ուղղութիւններ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ առաքելութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *