Երեւանցիները Ազգային Ժողովի Այգիին եւ Բաղրամեան Պողոտայի մէջ Գորգ Լուալով Նշած են Վարդավառի Տօնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ Ազգային ժողովի այգիին եւ Բաղրամեան պողոտայի մէջ Յուլիս 28-ին կազմակերպուած էր Վարդավառի տօնի առիթով ձեռնարկ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Հռիփսիմէ Գրիգորեանը, նշելով, որ Վարդավառը կը տօնուի Հայաստանի շրջաններու, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական գաղթօջախներէն ներս, տեղեկացուցած է, որ այս անգամ տօնին համադրուած է հայկական մշակոյթի այլ բաղադրիչ մը գորգը: Պատգամաւորի խօսքով՝ միջոցառման նպատակներէն է հանրայնացնել հայկական գորգը, որ մեր կենդանի մշակոյթն է: Հայերը գորգագործութեամբ զբաղած են դարեր առաջ, եւ անիկա կը շարունակէ մնալ որպէս կենցաղի եւ մշակութային ժառանգութեան անբաժան մասնիկ:

Ըստ պատգամաւորի՝ միջոցառումը ունի նաեւ խորհուրդ՝ օրակարգային դարձնել Հայաստանի մէջ հայկական գորգի ժամանակակից, տարբեր բաժիններ ներառող թանգարան ունենալու հարցը: «Մենք ունինք հարուստ մշակոյթ, ցաւօք, աշխարհին բաւականաչափ չենք ծանօթացուցած մեր մշակոյթին եւ անհրաժեշտ չափով չենք հանրայնացուցած զայն, որ շատ կարեւոր է»,- ըսած է Հռիփսիմէ Գրիգորեան:

Միջոցառման մասնակիցները Բաղրամեան պողոտայի մէջ նախ գորգեր լուացած են, ապա իրար վրայ ջուր թափելով՝ նշած Վարդավառը: Օրուայ ընթացքին Ազգային ժողովի այգիին մէջ ցուցադրուած են «Թուֆենկեան գորգ», «Մէգերեան կարպետ» եւ Հայկական գորգի ազգային կեդրոնի ներկայացուցած ձեռագործ գորգեր: Իրականացուած են վարպետաց դասեր:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *