«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յուլիս 23-լոյս 24-ին, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ, Վոլոտիա Համլեթի Գալոյեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: