«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի խորհրդարանը Յուլիս 22-ին ընդունած է Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու մասին օրինագիծը` 26 կողմ, 1 դէմ ձայներով, կը հաղորդէ Սիվիլնեթը:
Նոր Ընտրական օրէնսգիրքի՝ Արցախի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգով:
Արցախի մէջ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2020-ի Ապրիլին: