Վարչապետի Գլխաւորութեամբ Կայացած է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Քաղաքականութեան խորհուրդի Առաջին Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  –Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան շէիքէն ներս Յուլիս 12-ին տեղի ունեցած է փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքականութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, բանալով նիստը՝ վարչապետ Փաշինեանը հանդէս է եկաւ ելոյթով, ուր նշած է.

«Այսօր միանշանակ է եւ աներկբայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ունի փտածութեան դէմ սկզբունքային պայքար վարելու քաղաքական կամքի հնարաւորինս ամենամեծ ծաւալը, բայց այսօր նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փտածութեան դէմ պայքարը չ’ընթանար եւ տեղի չ’ունենար այն ծաւալներով եւ արդիւնաւէտութեամբ, որ կը համապատասխանէր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքական կամքին»:

Վարչապետը նաեւ մատնանշեց թէ փտածութիւն ըսելով ինչ նկատի ունի,- «շատ կարեւոր կը համարեմ արձանագրել, որ փտածութիւն ըսելով մենք նկատի չունինք նախկին փտածութիւնը միայն, մենք նկատի ունինք նաեւ ընթացիկ եւ, որ շատ աւելի կարեւոր է,  ապագայ փտածութիւնը: Այսինքն, երբէք կարելի չէ այսպիսի տարբերակում դնել, որովհետեւ, իմ գնահատումովս, փտածութիւնը վտանգաւոր եղած է անցեալին, փտածութիւնը աւելի վտանգաւոր է հիմա, փտածութիւնը աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ ապագային մեր երկրի եւ ժողովուրդի ճակատագրի համար: Ուրեմն մենք պէտք է արագ, բայց անշտապ եւ առանց չմտածուած քայլերու կարենանք երաշխիքներ ստեղծել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փտածութիւն չի կրնար ունենալ այն ծաւալները եւ ազդեցութիւնը, որ երբեւէ ունեցած է»:

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը ներկայացուցած է ՀՀ փտածութեան դէմ ռազմավարութեան եւ անոր իրականացման միջոցառումներու ծրագրի նախագիծը, որ արդէն հրապարակուած է e-draft.am կայքին մէջ: Ան նշած է, որ փաստաթուղթը դեռ կը շրջանառուի պետական մարմիններու շրջանակէն ներս, ինչպէս նաեւ կը շարունակուին քննարկումները քաղաքացիական հասարակութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Օրակարգի երկրորդ հարցով արդարադատութեան նախարարը ներկայացուցած է ՀՀ դատաիրաւական բարեփոխումներու  2019-2023 թուականներու ռազմավարութեան հիմնական հայեցակարգային ուղղութիւնները: Անոր խօսքով՝ բարեփոխումները կը նախատեսուի իրականացնել երկու հանգրուանով՝ կարճաժամկէտ (2019 թ. Հոկտեմբեր-2020 թ. Հոկտեմբեր), եւ երկարաժամկէտ (2020թ. Հոկտեմբեր-2023թ. Դեկտեմբեր): Կարճաժամկէտ բարեփոխումներուն մաս կը կազմեն դատաւորներու բարեվարքութեան գնահատման անհրաժեշտ օրէնսդրական հիմքերու մշակումը եւ նախագիծերու ներկայացումը ԱԺ, փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի անդամներու կարողութիւններու զարգացումը եւ դատաւորներու կարգավիճակէն բխող երաշխիքներու ամրապնդումը, երկարաժամկէտ բարեփոխումներուն մաս կը կազմեն ելեկտրոնային արդարադատութեան (e-justice) համակարգի ստեղծումը եւ ներդրումը 2019-2023 թուականներուն, ներառեալ՝  վիճակագրութեան ինքնաշխատ հաւաքագրումը եւ արխիւի թուայնացումը, ՀՀ քրէական oրենսդրութեան կատարելագործումը եւ այլն:

Վարչապետ Փաշինեան յանձնարարած է արդարադատութեան նախարարին՝ շահագրգիռ պետական կառոյցներուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ շարունակել քննարկումները փտածութեան դէմ ռազմավարութեան վերաբերեալ ներկայացուած առաջարկներուն շուրջ եւ լրամշակուած նախագիծը ներկայացնել Խորհուրդի յաջորդ նիստի քննարկման:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *