Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Գործարար Միջավայրի Բարելաւման Ուղղուած Քայլերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը յայտնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, օրակարգային հարցերու քննարկումէն առաջ վարչապետը անդրադարձած է կառավարութեան՝ Յուլիս 10-ին տեղի ունեցած արտահերթ նիստին պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրով նախատեսուող միջոցառումներուն, ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման խնդրին եւ այլ հարցերու։

Անցնելով օրակարգի քննարկման՝ կառավարութիւնը  որոշում ընդունած է 2019 թուականի Մայիս 26-ին ստորագրուած ՀՀ կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ սովորական անձնագրեր կրող անձերու համար մուտքի արտօնագրի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին»: Համաձայնագրի վաւերացումով՝ կ’ակնկալուի կողմերու միջեւ առեւտրային, գործարար, զբօսաշրջային փոխանակումներու աշխուժացում: Համաձայնագրով Հայաստանի Հանրապետութեան վաւեր սովորական անձնագրեր կրող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան վաւեր սովորական անձնագրեր կրող Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիները մուտքի արտօնագրի կարիք չեն ունենար՝ երկիր մտնելու օրէն մինչեւ 90 օր ժամկէտով՝ վիզան ստանալէն ետք 180 օր ժամանակահատուածի ընթացքին: Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Արտակ Ապիտոնեան նշած է, որ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը արդէն սկսած է համաձայնագրի վաւերացման գործընթացը եւ կը նախատեսուի մօտ մէկ ամսուայ ընթացքին զայն աւարտել: Համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ կողմերու միջեւ այդ մասին տեղեկացնելու՝ վերջին փոխանակման օրէն ետք:

Կառավարութիւնը նաեւ ֆինանսական միջոցներ յատկացուցած է գիտական եւ մշակութային ենթակառուցուածքներու արդիականացման ու զարգացման համար։

 Որոշուած է նաեւ ՀՀ զինուած ուժերը համալրել մասնագիտական պատշաճ գիտելիքներ ունեցող սպաներով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *