«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարը Ուրբաթ օր վրդովմունք յայտնեց, որ Լիբանանը չկրցաւ համաձայնիլ ԱՄՆ-ի միջնորդաւորուած բանակցութիւններուն՝ երկու երկիրներուն միջեւ ծովային սահմանը ճշդելու վերաբերեալ` նշելով, որ Հըզպալլան ճնշում կը գործադրէ Պէյրութի վրայ:
ԱՄՆ պետական քարտուղար Տէյվիտ Սաթթըրֆիլտ՝ բանակցութիւններ սկսելու համար միջնորդի դեռ կը խաղար Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, որոնք 1948-էն ի վեր պաշտօնապէս մնացած են պատերազմական վիճակի մէջ:
Անոնք անհամաձայնութիւն դրսեւորած են արեւելեան Միջերկրական ծովու սահմանազատման հարցով, որ վերջին տասնամեակին արձանագրած է մեծ յառաջընթաց, երբ այնտեղ յայտնաբերուած են բնական կազի խոշոր հանքավայրեր:
Երեսփոխան Ալի Պազի, ելոյթ ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի անունով, Չորեքշաբթի օր ընդգծած էր, որ գրաւոր համաձայնութիւններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, ի տարբերութիւն բանաւոր համաձայնութիւններու առաջարկին, որ ԱՄՆ-ի ներկայացուցած գաղափարն էր:
«Մենք չենք վստահիր Իսրայէլի նոյնիսկ գրաւոր համաձայնութիւններուն, ուր մնաց բանաւորին»,- լրագրողներուն ըսած է Պազզի։
Սակայն Սթէյնէցի խօսքով՝ Լիբանանը կրնայ դիմակայել «ներքին ճնշում, որովհետեւ ան կը գտնուի Հըզպալլայի վախի ազդեցութեան տակ», որ կը հանդիսանայ Լիբանանի համախառն կառավարութեան մէկ մասը:
Սթէյնէց յայտնեց, որ Լիբանանը դեռ պաշտօնապէս կը հրաժարի միջնորդութեան վերապահումէն: Ան ըսաւ, որ «մէկ շաբթուան կամ 10 օրուան ընթացքին, վերջապէս մենք պիտի գիտնանք, եթէ մենք բանակցութիւններու ճանապարհին ենք, կամ եթէ այս հարցը դարձեալ պիտի յետաձգուի մէկ, երկու կամ երեք տարի եւս»: