«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մինսկի մէջ, 2 Յուլիսին, կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հանդիպումը։
Ինչպէս «Արմէնպրես»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Ալեքսանտր Լուքաշենքոն ողջունած է նախագահ Սարգսեանի այցը Պելառուսիա եւ նշած, որ դեռ նախկին հանդիպման ժամանակ համաձայնած էին, որ նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ Պելառուսիա եւ մօտէն ծանօթանայ երկրի հնարաւորութիւններուն։ «Ես հեռուստատեսութեամբ կը հետեւէի Ձեր այցին, եւ նկատեցի, որ չէք մոռցած այն ամէնը, ինչի մասին խօսած էինք, եւ կ՝ուզէք ըլլալ Պելառուսիոյ տնտեսութեան զարգացման տեսանկիւնէն աւելի նշանակալի վայրերու մէջ։ Կը հետեւէի Ձեր հանդիպումներուն մեր տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ եւ հասկցայ, որ Դուք ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէք այն հարցերը, որոնք կարեւոր են Հայաստանի զարգացման համար։
Այս կապակցութեամբ կը փափաքիմ Ձեզի հաւաստիացնել, ինչպէս եւ նախորդ անգամ, որ Հայաստանի հետ բացարձակապէս փակ թեմաներ չկան։ Մենք միշտ պատրաստ ենք ձեր առջեւ բանալու դռները։ Կը կարծեմ, Դուք ատոր համոզուեցաք այցին ընթացքին»,- նշած է Լուքաշենքօ։
Խօսելով երկու երկիրներու համագործակցութեան մասին՝ նախագահ Լուքաշենքօ ըսած է. «Այսօր մենք թէեւ մեծ ապրանքաշրջանառութիւն չունինք, սակայն տարեկան 50 միլիոն ԱՄՆ տոլարը վատ ընթացք չէ, եթէ անիկա համեմատենք նախկին ցուցանիշներուն հետ: Մենք շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի շատ ներկայացուցիչներու հետ: Մենք կազմակերպած ենք հայ-պելառուսական առեւտուրի տան աշխատանքը, Պելառուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան 30-40 տոկոսը կ՝իրականացուի ատոր միջոցով: Այսինքն, մենք արդէն ստեղծած ենք համատեղ ձեռնարկութիւններ ու պատրաստ ենք շարունակելու այս ճանապարհով ընթանալ »։
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նշանակալի իրադարձութեան՝ Եւրոպական երկրորդ խաղերու փակման արարողութեան մասնակցելու հրաւէրին համար եւ նշած. «Մեծապէս տպաւորուած եմ թէ՛ նշեալ արարողութեամբ, թէ՛ կազմակերպուածութեամբ ու կարգապահութեամբ:
Նախկին խորհրդային տարածքին մէջ Պելառուսիան կը շարունակէ յստակ ուղղութիւններով համարուիլ ախոյեան: Ուրախ էի նաեւ այն փաստին առնչութեամբ, որ հայ մարզիկները պատուով ելոյթ ունեցան: Կ՝ուզեմ շնորհաւորել բոլոր մասնակիցները, Պելառուսիոյ խումբը, որ հիասքանչ ելոյթ ունեցաւ, մեր մարզիկները, որոնք լաւ ելոյթներ ունեցան: Կը կարծեմ՝ Պելառուսիան պատրաստ է աւելի ծաւալուն ձեռնարկներ կազմակերպելու: Դուք ունիք տեսլական ու իմաստութիւն՝ նայելու դէպի ապագան: Առանց ապագայի տեսլականի դժուար է ներկան կառուցել»։
Հանդիպման աւարտին նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է Ալեքսանտր Լուքաշենքոն եւ Պելառուսիոյ ողջ ժողովուրդը, 3 Յուլիսին նշուող Ազգային տօնի՝ Պելառուսիոյ Անկախութեան օրուան առիթով եւ ֆաշիզմէն ազատագրման 75-ամեակին առիթով։