Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորութեամբ Տեղի Ունեցած է Անվտանգութեան Խորհուրդի Հերթական Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը:

Ինչպէս կը յայտնէ Արմէնփրես, վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ ողջունելով ներկաները՝ վարչապետը, մասնաւորապէս, նշած է. «Պէտք է արձանագրել, որ մեր նախորդ նիստէն ետք ցաւօք Հայաստանի շուրջ անվտանգ միջավայրը ոչ միայն լիցքաթափուած է, այլեւ հակառակը, որոշակի գործընթացներ տեղի կ՝ունենան մեր միջավայրին մէջ, որոնք կը ստիպեն մեզի աւելի աչալուրջ ըլլալու մեր անվտանգային մարտահրաւէրներուն հարցով:

Այսօրուայ նիստին օրակարգին մէջ ունինք նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակին հետ առնչուող ընթացիկ հարցեր, որոնց քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ մեր որոշումները պիտի ծառայեն անվտանգ մարտահրաւէրներու պատշաճ կառավարման: Բնականաբար, համոզուած եմ, որ մենք պիտի կարենանք անհրաժեշտ գործիքակազմ գտնել, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան համար յաւելեալ վտանգներ չառաջանան կամ անոնք ըլլան կառավարելիութեան ծիրէն ներս:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, բնականաբար, մեր կառավարութեան համար լրջագոյն առաջնահերթութիւն է: Եւ այդ ուղղութեամբ մենք ունինք ոչ միայն ընթացիկ, միջնաժամկէտ, այլեւ՝ ռազմավարական, երկարաժամկէտ խնդիրներ լուծելու եւ քննարկելու խնդիր: Այդ քննարկումները, բնականաբար, տեղի կ՝ունենան ոչ միայն անվտանգութեան խորհուրդի ձեւաչափով, անոնք նաեւ տեղի կ՝ունենան քաղաքական միջավայրի մէջ, կառավարական տարբեր աշխատանքային քննարկումներու եւ խորհրդակցութիւններու ձեւաչափերու մէջ, բայց, անվտանգութեան խորհուրդը այն մարմինն է, ուր այդ բոլոր քննարկումներուն արդիւնքները պէտք է իմի բերուին եւ վերածուին յստակ գործնական արդիւնքներու եւ որոշումներու:

Մեր այսօրուան աշխատանքին յաջողութիւն կը մաղթեմ, որպէսզի այդ որոշումները ոչ միայն կայացուին, այլ նաեւ անոնց իրագործման յստակ ճանապարհային քարտէզ եւ պատկերացում ունենանք»:

ԱԽ նիստին քննարկուած են անվտանգութեան ոլորտին վերաբերող հարցեր: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *