«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դիլիջանի մէջ իրականացուող «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի երկու օրերու ընթացքին կազմակերպուած են թեմատիկ քննարկումներ՝ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, բարձր գիտարուեստներու, արհեստական բանականութեան, 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան, ձեռնարկատիրութեան ու նորարարութիւններու, 21-րդ դարու առաջնորդութեան ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան, արժութային ու ներդրումային քաղաքականութեան, աշխարհի առջեւ ծառացած ռիսքերու եւ մարտահրաւէրներու վերաբերեալ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», վկայակոչելով ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հայաստանէն եւ աշխարհի տարբեր երկրներէն Դիլիջան ժամանած նախկին ու ներկայ պետական եւ քաղաքական գործիչները, յայտնի վերլուծական կեդրոններու, բարձր գիտարուեստներու ոլորտի աշխարհահռչակ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, գիտնականները, գործարարներն ու ձեռնարկատէրերը ներկայացուցած են իրենց փորձառութիւնն ու գաղափարները, անդրադարձած աշխարհի մէջ կատարուող գործընթացներուն եւ նշուած ոլորտներէն ներս զարգացման միտումներուն։
Գագաթնաժողովի ծիրէն ներս նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխարհի տարբեր երկրներէն ժամանած հիւրերուն հետ ունեցած է երկկողմ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուած են ինչպէս գագաթնաժողովին, այնպէս ալ տարբեր ոլորտներէն ներս Հայաստանի հետ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս հանդիպումներ ունեցած է ՄԱԿ-ի առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի ներդրումներու եւ ձեռնարկատիրութեան բաժնի տնօրէն Ճէյմս Ժանի, Netflix ընկերութեան բաժնետիրական զարգացման տնօրէն Մայքլ Փորթըրի, Thales Electronic Systems ընկերութեան փոխնախագահ եւ տնօրէն Ռեմի Փոլի, IBM ընկերութեան նորարութիւններու եւ գիտարուեստներու հարցերով տնօրէն Ֆապրիցիօ Ռէնզիի , CNN-ի նախկին գլխաւոր մեկնաբան Ռիթս Խանի հետ։