«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 6-7-ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»՝ վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, վարչապետը կը մասնակցի Ս. Փեթերպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովին եւ հանդէս կու գայ ելոյթով:
Այցի ծիրէն ներս վարչապետ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:Կը նախատեսուին վարչապետի այլ հանդիպումներ երկրներու առաջնորդներու, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:
Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Ս. Փեթերպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, հանդէս պիտի գայ մամուլի ասուլիսով: