«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի Պետական խորհուրդի անդամ, արտաքին գործոց նախարար Վան Ինի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։
Ողջունելով հիւրը` նախարար Մնացականեան շնորհաւորեց իր գործընկերը Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան կազմաւորման 70-ամեայ յոբելեանին առիթով եւ ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ-չինական յարաբերութիւնները խարսխուած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ խոր յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ` կարեւոր նկատելով առեւտրական, տնտեսական կապերու եւ ենթակառուցուածքային ներդրումային ծրագիրներու խթանումը, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութեան ոլորտներու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներու նախաձեռնումն ու իրականացումը: Այս շրջագիծին մէջ կողմերը անդրադարձան «Մետաքսի ճամբայ տնտեսական գօտի» նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ միացեալ օրակարգի հետագայ ձեւաւորման եւ ընդլայնման հարցին:
Նախարար Մնացականեանի համաձայն, Հայաստանը Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը նկատէ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:
Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին միջազգային եւ շրջանային շարք մը հրատապ հարցերու:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց տագնապի հանգուցալուծման առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Այս առնչութեամբ նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց Չինաստանի աջակցութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման եւ բանակցային գործընթացին: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ տագնապը պէտք է ունենայ խաղաղ եւ քաղաքական լուծում առկայ միջազգային միջնորդական ձեւաչափի շրջագիծին մէջ` ի նպաստ շրջանի ժողովուրդներուն:
Զոհրապ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստանը միշտ հանդէս եկած է «Մէկ Չինաստանի» սկզբունքին համապատասխան: Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան առնչութեամբ, քննարկուեցան շրջանային բազմակողմանի կառոյցներու ուղղութեամբ, այդ կարգին` Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Չինաստան ձեւաչափով համագործակցութեան հարցեր:
Հայաստանի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին յաջորդեց «Հայաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի կառավարութեան միջեւ սովորական անձնագիրներ կրող անձերու համար մուտքի արտօնագիրի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին» համաձայնագիրի, «Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յանձնումին մասին» պայմանագիրի եւ «Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Չինաստանի մաքսային գլխաւոր վարչութեան միջեւ Հայաստանէն Չինաստան արտահանուող մեղրի պարենային անվտանգութեան, անասնաբուժական ոլորտին մէջ եւ բոյսերու պահպանութեան մասին» արձանագրութեան ստորագրման արարողութիւնը: