«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան մէջ, ամփոփուած է ՆԱԹՕ-ի ուսումնական խումբին կողմէ իրականացուած «Խաղաղապահ գործողութիւններու իրաւական երեւոյթները» թեմայով դասընթացը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Քառօրեայ դասընթացին ծիրէն ներս՝ ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան խաղաղապահ դասակի զինծառայողներուն ներկայացուած են խաղաղապահ առաքելութիւններու իրաւական երեւոյթները, գործիքակազմը, կիրառուող կանոնակարգերը, քաղաքացիական կառոյցներու եւ անձերու հետ հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան առանձնայատկութիւնները: Դասընթացի մասնակիցները այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին: